Համազգայինի «Սիփան» պարախումբի տարեկան ելոյթը
Շաբաթ 10 Ապրիլ 2010-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ Համազգայինի Կիպրոսի «Օշական» մասնաճիւղի «Սիփան» պարախումբին տարեկան ելոյթը, որ այս տարի կը նշէ նաեւ իր տասնամեակը։
Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ մեծ յաջողութեամբ՝ կրթութեան եւ մշակոյթի նախարար Անտրէաս Տիմիթրիուի եւ հայ համայքնի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի հավանաւորութեամբ։
«Սիփան»ի 45 պատանիներն ու երիտասարդները հայրենի պարուսոյց եւ բեմադրիչ Ժաննա Թահմիզեանի ղեկավարութեամբ հանրութեան ներկայացան 22 հայկական պարերով, հմայելով, խանդավառելով եւ յուզելով ներկայ բազմութիւնը։
Վաստակաւոր պարուսոյց Ժաննա Թահմիզեան տասի տարիներու վրայ երկարող իր տքնաջան աշխատանքով «Սիփան» պարախումբը հասցուցած է բաւական բարձր մակարդակի եւ արժանի է կիպրահայ համայնքի երախտագիտութեան։
Յայտագրի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ նաեւ հանրածանօթ երգչուհի Եւա Ռիվաս, երգելով իր Եւրոտեսիլի երգը՝ «Apricot stone» եւ Սայաթ Նովայի «Թամամ Աշխարհ» երգերը ու արժանանալով ներկաներու խելայեղ ծափահարութիւններուն։
«« վերադարձ ««



