Հանդիսաւոր Պատարագ եւ Մատաղօրհնութիւն Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Անուանոկոչութեան Տօնին Առթիւ

Կիրակի, 21 Նոյեմբերին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին տօնեց Ս. Աստուածածնի տաճար ընծայման տօնը, որ Նիկոսիոյ Ս. Աետուածածին եկեղեցիին մէջ նշուեցաւ հանդիսաւոր Ս. Պատարագով եւ մատաղօրհնութեամբ, հանդիսապետութեամբ Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ Վարուժան Արքեպիսկոպոսի։
Օրուայ պատարագիչն էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ երիտասարդ միաբան՝ Տ. Ղեւոնդ աբեղայ Բէնդէզեան։
Ներկայ գտնուող պաշտօնական հիւրերը կը գլխաւորէր Հանրապետութեան Նախագահի ներկայացուցիչ՝ նախագահութեան փոխնախարար Տիտոս Խրիսթոֆիտիս, խորհրդարանի նախագահ Մարիոս Կարոյեան, Կիպրոսի Արքեպիսկոպոս Խրիսոսթոմոսի ներկայացուցիչ Երոնիմոս վարդապետ, Դամասոսի Միտրոպոլիտ Իսայիաս, Նիկոսիոյ քաղաքապետ Տկն. Էլէնի Մաւրու, Սթրովոլոսի քաղաքապետ Սաւաս Իլիոֆոտու, եւ քոյր համայնք-ներու հոգեւոր պետերը։
Ազգային Իշխանութեան կողմէ յունարէն ողջոյնի խօսք ներկայացուց Վարչական Ժողովի ատենապետ Տոքթ. Անդրանիկ Աշճեան, որուն յաջորդեց Հանրապետութեան նախագահի ուղերցի ընթերցումը, Խրիսոսթոմոս Արքեպիսկոպոսի սրբատառ ուղերձի ընթերցումը եւ խորհրդարանի նախագահ Մարիոս Կարոյեանի սրտի խօսքը։
Եկեղեցական արարողութենէն ետք տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ։


