Add to Google
Օգոստոս 2010
Share
Յունուար 28, 2010 Տպագրում

Յայտնի արուեստագէտ Վարդան Պետրոսեան Կիպրոսի մէջ

Յայտնի արուեստագէտ Վարդան Պետրոսեան Կիպրոսի մէջ

Յայտնի արուեստագէտ, զուարճաբան Վարդան Պետրոսեան այս Կիրակի ելոյթ պիտի ունենայ Նիկոսիոյ մէջ։

Ձեռնարկը, կազմակերպուած՝ Համազգայինի Կիպրոսի «Օշական» Մասնաճիւղին կողմէ, տեղի պիտի ունենայ Առաջնորդարանի «Իւթիւճեան» սրահին մէջ, Կիրակի, Յունուար 31, երեկոյեան ժամը 19։00-ին, յայտագրին վրայ ունենալով քաղաքական վերջին անցուդարձերուն կատակախառն ներկայացումը։

Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար կարելի է դիմել Արմէն Այվազեանին, հեռ. 99814564։

«« վերադարձ ««
Powered by Webnaz Pagemaker