Ապրիլ 29, 2010
Տ. ՆՇԱՆ Ս. ԵՊՍ. ԹՕՓՈՒԶԵԱՆԻ
Հ Ա Ն Գ Ի Ս Տ
Տ. ՆՇԱՆ Ս. ԵՊՍ. ԹՕՓՈՒԶԵԱՆԻ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԱՏՐՊԱՏԱԿԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻՆ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ,
եւ Կիլիկեան Ուխտի Միաբանութիւնը խոր վիշտով կը գուժեն
Միաբանութեան երիտասարդ անդամներէն,
Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդին՝
Տ. ՆՇԱՆ Ս. ԵՊՍ. ԹՕՓՈՒԶԵԱՆԻ
(1966-2010)
վաղաժամ վախճանումը, որ պատահեցաւ Երեքշաբթի 27 Ապրիլ, 2010-ին,
յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Հոգելոյս Սրբազանին Վերջին Օծման եւ Թաղման արարողութեան մանրամասնութիւնները պիտի հաղորդուին մամուլով:
Կիրակի, 2 Մայիս 2010ին, Ս. Աստուածածին մայր եկեղեցւոյ մէջ Ս. Մակարայ Վանքի «Ուխտի Օր»ուայ առիթով մատուցուած Ս. Պատարագի ընթացքին պիտի կատարուի նաեւ Հոգեհանգստեան Պաշտօն Հոգելոյս Սրբազանի յիշատակին։
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ
ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ




