Հայ Դատի Աշխատանքներ Կիպրոսի Մէջ
ՀՅԴ Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբի հրաւէրով, Հինգշաբթի 22 Յուլիսին Կիպրոս ժամանեց Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ եւ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամ ընկ. Գասպար Կարապետեան։
Յաջորդ օր, 23 Յուլիսի առաւօտեան ժամը 11-ին ընկ. Գասպար Կարապետեան, ընկերակցութեամբ Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ ընկ. Բիւզանդ Նաճարեանի եւ ընկ. Արթօ Դաւիթեանի, բարեմաղթութեան այցելութիւն մը տուաւ Ներկայացուցիչներու Տան նախագահ Մարիոս Կարոյեանին, որուն հետ 45 վայրկեան տեւած հանդիպումին տեսակէտներու փոխանակութիւն տեղի ունեցաւ տարածաշրջանային զարգացումներուն մասին։
Հանդիպումէն անմիջապէս ետք, ժամը 12։00-ին, ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս՝ կազմակերպուած Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբին կողմէ, որուն ներկայ գտնուեցան կղզիի մեծագոյն երեք հեռատեսիլի կայաններու, ինչպէս նաեւ մի քանի թերթերու ներկայացուցիչներ։ Յանձնախումբի ատենապետի բացման խօսքէն ետք ընկ. Գասպար սպառիչ կերպով անդրադարձաւ հայ-յոյն-թուրք յարաբերութիւններու ներկայ վիճակին ու պատասխանեց հարցումներուն։
Կէսօրէ ետք ժամը 2։00-ին Ընկ. Գասպար Կարապետեան հիւրընկալուեցաւ Կիպրոսի Ռատիոկայանի Հեռատեսիլի ՌԻԿ-1 ալիքի «Օրէ օր» («Ափօ մերա սէ մերա») յայտագրին կողմէ, որ Կիպրոսի ամենալայն տարածում ունեցող յայտագիրներէն մէկն է, ուր պատասխանելով զրուցավար Ակիս Պոտամիտիսի հարցումներուն, ան դարձեալ հանգամանօրէն անդրադարձաւ վեորոյիշեալ հարցերուն։
Յուլիս 23-ի երեկոյեան, դարձեալ ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ի սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ զեկուցական հաւաք, այս անգամ համայնքի անդամներուն համար։ Ընկ. Արթօ Դաւիթեանի բացման խօսքէն ետք, ընկ. Գասպար Կարապետեան ներկաներուն փոխանցեց հայ-թուրք յարաբերութիւններու եւ արցախեան բանակցութիւններու ներկայ փուլին վերաբերեալ ՀՅԴ դիրքորոշումները։ Հաւաքին երկայ էին Կաթ. Փոխանորդ Վարուժան Արքեպիսկոպոս, հիւրաբար շրջանս գտնուող Նոր Ջուղայի թեմի առաջնորդ Բաբկէն Եպիսկոպոս, ընկերներ ու գործակից միութիւններու անդամներ։
Իր բոլոր ելոյթներուն մէջ, ընկ. Գասպար Կարապետեան կեդրոնացաւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու գծով ստորագրուած (Թէեւ ներկայիս Հայաստանի կողմէ «սառեցուած») փրոթոքոլներու վտանգներուն, Արցախի բանակցութիւններու այսպէս կոչուած «Մատրիտեան» սկզբունքներուն եւ հայ-յոյն բախտակից ժողովուրդներու գործակցութեան անհրաժեշտութեան վրայ։
Ան ամենուն ու ամէն տեղ յատկապէս շեշտեց ու բացատրեց, թէ «Հիւսիսային Կիպրոսի» եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պարագաները իրար հետ կը բաղդատուին ու յաճախ կը նոյնացուին, բան մը որ բոլորովին սխալ է։ Երկու պարագաներուն ալ կայ նախայարձակը, որ Կիպրոսի պարագային Թուրքիան է իսկ Ղարաբաղի պարագային՝ Ազրպէյճանը։ Դաւադրութեան պատճառաւ Կիպրոսի մէջ Թուրքիա յաղթանակեց ու ներկայիս կը յոխորտայ ու ամէն տեսակ դժուարութիւններ կը ստեղծէ հարցի խաղաղ լուծման բանակցութիւններու գործընթացին մէջ։ Ղարաբաղի մէջ սակայն, Ազրպէյճան չարաչար պարտուեցաւ եւ դուրս շպրտուեցաւ Արցախի հայրենի տարածքներէն եւ այսօր կը ներկայանայ որպէս զոհ ու անիրաւուած կողմ, փորձելով համոզել, թէ Հայաստան յարձակած ու գրաւած է Ազրպէյճանի մէկ հինգերրորդը։ Այս լուսաբանութիւնները ներկայացնելով, ընկ Գասպար մեծապէս օգտակար եղաւ կիպրայոյն հասարակութիւնը լուսաբանելու կարեւոր աշխատանքին մէջ։
Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբին համար բեղուն աշխատանքի օր մը եղաւ Յուլիսի 23-ը։




