Յիշատակի Երեկոյ՝ Հրանդ Տինքի Մահուան 4-րդ Տարելիցին Առթիւ

Կիրակի, 23 Յունուարին տեղի ունեցաւ Հրանդ Տինքի սպանութեան 4-րդ տարելիցին առթիւ յիշատակի երեկոյ մը, կազմակերպուած «Հրանդ Տինքի Բարեկամներ» շրջանակին կողմէ։ Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Նիկոսիոյ չեզոք գօտիին մէջ գտնուող գերմանական «Կէօթէ» հաստատութեան մէջ, որով ներկայ գտնուեցան թուրք, յոյն եւ հայ կիպրացիներ եւ մամուլի տասնեակ մը ներկայացուցիչներ։
Պէտք է նշել, թէ նման հանդիսութիւն երկու տարի առաջ կազմակերպուած էր կիպրաթուրք լրագրողներու Միութեան կողմէ, հին հայկական թաղի նախկին «Հայկական Ակումբի» սրահին մէջ, որ ներկայիս «Արաբ Ահմէտ Մշակութային Կեդրոն»ի վերածուած է։ Ահա այդ հանդիսութիւնը նախաձեռնողներուն եւ Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբի ջանքերով կազմուեցաւ «Հրանդ Տինքի Բարեկամներ» շրջանակը։
Հանդիսութեան բացաւ կիպրաթուրք լրագրողներու միութեան վարչութեան անդամ եւ «Եէնի Քըպրըս» կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Մուրատ Քանաթլը։
Առաջին խօսողն էր Պոլսոյ «Ակօս» թերթի հայկական բաժնի խմբագիր Սարգիս Սերոբեան, որ թրքերէն եւ հայերէն լեզուներով անդրադարձաւ Հրանդ Տինքի կեանքին ու գործին եւ որպէս անոր երկար տարիներու մտերիմը իր յուշերը պատմեց հասարակական մեծ գործիչին մասին։
Երկրորդ խօսողն էր Կիպրոսի Համալսարանի թրքագիտական բաժնի Տնօրէն Եսին Քըզըլեուրէք, որ թրքերէն եւ յունարէն լեզուներով անդրադարձաւ Տինքի դերակատարութեան՝ թուրք հանրային ենթագիտակցութեան մէջ պատմութիւնը հարցապնդելու եւ անցեալը դիմակայելու շարժումը սկսելու յանդուգն աշխատանքին մէջ։
Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան, որ իր գոհունակութիւնը յայտնեց ձեռնարկի կազմակերպման համար։


