ՀՅԴ 120-անեակի Հանդիսութիւնը Կիպրոսի Մէջ

Կիպրոսի մէջ ՀՅԴ 120-ամեակի հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ՝ 28 Յունուար 2011-ի երեկոյեան, Նիւկոսիոյ «Փասիտի» սրահին մէջ կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէին։
Հանդիսութիւնը սկսաւ «Մշակ Բանուոր»ով, որմէ ետք ընկ. Արթօ Դաւիթեանի արտասանած խօսքով սկսաւ յայտագրի գործադրութիւնը։
Ցուցադրուեցաւ 120-ին մասին «Երկիր Մեդիա»ի պատրաստած տեսաերիզը։ Ապա Կիպրոսի Կոմիտէի խօսքը արտասանեց ընկ. Յակոբ Գազանճեան, որ անդրադարձաւ Դաշնակցութեան 120 տարիներու գործունէութեան զուգահեռ՝ 1896-էն սկսեալ Կիպրոսի մէջ կուսակցական աշխատանքներուն, որոնք կը շարունակուին մինչեւ օրս։
Ապա ներկաները դիտեցին երեկոյի երկրորդ տեսաերիզը, որուն մէջ կիպրացի եւ յունաստանցի քաղաքական անձնաւորութիւններ կ'արտայայտուէին Դաշնակցութեան մասին, շնորհաւորելով անոր 120-ամեակը։ Պաստառին վրայ երեւցան Կիպրոսի ընկերվարական կուսակցութեան պատուով նախագահ Տոքթ. Վասոս Լիսարիտիս, Կիպրոսի խորհրդարանի նախագահ Մարիոս Կարոյեան, Յունաստանի խորհրդարանի նախկին նախագահ Ափոսթոլոս Կակլամանիս, Յունաստանի խորհրդարանի Հայաստան-Յունաստան բարեկանութեան յանձնախումբի նախագահ Ֆոտիս Քուվելիս, եւրոերեսփոխան Եոաննիս Քասուլիտիս, Յունաստանի «Նոր Ժողովրդավարութիւն» կուսակցութեան նախագահ Անտոնիս Սամարաս եւ Կիպրոսի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Ղլաֆկոս Քլիրիտիս։
Օրուան բանախօսն էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ ընկ. Մկրտիչ Մկրտիչեան, որ նախ անդրադարձաւ ամբողջ աշխարհի կացութեան, ուր վերջին տասնամեակներուն ընկերային-քաղաքական հաւաքական վերաբերումը աստիճանաբար փոփոխութեան ենթարկուած է եւ ուր մարդկային միտքը համակերպութեամբ կ'ընդունի երեւոյթներ, որոնք դեռ քսանամեակ մը առաջ ընդվզումի համատարած բողոքի ճիչ պիտի յառաջացնէին։ «Այնքան գովաբանուող ու շահագործուող ժողովրդավարութիւնը դարձած է ծաղրանկարային. իսկ ուժեղ պետութիւններու կողմէ յաճախ ուրիշներուն վրայ դրուող ժողովրդավարութեան պահանջը վերածուած է քաղաքական ճնշումի միջոցի», ըսաւ ան։
Անդրադառնալով հայութեան տեղին ու դերին բանախօսը նշեց, թէ Հայաստան տակաւին կը պահէ խորհրդային վարչակարգի հասարակական տկարութիւնները, երբ անդին նոյն վարչակարգի թողած դրական ժառանգը մսխուած է արդէն առաջին օրերու խանդավառութեան, աճապարանքին եւ օրուայ իշխանութիւններու եսակեդրոն եւ ամբոխային մօտեցումներուն պատճառով։ «Բնական է, այս պայմաններուն մէջ քաղաքացիական բնականոն հասարակութեան մը կազմութիւնը կը դանդաղի, քանի հասարակութեան եւ իշխանութեան միջեւ անվստահութեն վիհը կը յամենայ։ Հայաստանի զարգացումը բոլոր մարզերէն ներս այլազան պատճառներով ժամանակի կը կարօտի։ Իմաստուն քաղաքակնութիւն մը այդ ժամանակը կրճատելու կրնայ ծառայել միայն» ըսաւ ընկ. Մկրտիչեան։
Բանախօսը իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Ժամանակակից քաղաքական վիճակը՝ մասնաւորաբար Կովկասի եւ Միջին Արեւելքի մէջ կը պահանջէ, որ հայկական ուժերը աւելի զգաստ ըլլան եւ աւելի միակամ։ Միակ իրական օրակարգը հայութեան հզօրացման օրակարգն է։ Այդ օրակարգի լուծման մէջ կը գտնուի յաջողութեան ու բարգաւաճման, հետեւաբար՝ ապագայ արժանապատիւ գոյատեւման երաշխիքը»։
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ Վարուժան Արքեպիսկոպոսը, որ անդրադառնալէ ետք Դաշնակցութեան կատարած փրկարար դերակատարութեան ըսաւ. «Պատիւ է ծառայել հայ ժողովուրդին։ Պատիւ է, պատի՛ւ ընծայել հայ ժողովուրդի ծառայութեան համար ծնած կառոյցներուն, մեծերուն, այս պարագային յոբելեար կուսակցութեան՝ Հ.Յ. Դաշնակցութեան։ Կը մաղթեմ, որ պատմական կուսակցութիւնը առաւել իմաստութեամբ եւ ժողովրդական սկզբունքներով նոր նուաճումներ արձանագրե, պահելով մեր ժողովուրդը, իր ցեղային մաքուր ակունքներուն մէջ եւ ամրապնդելով անոր գերիշխան կամքը՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի տարածքին։ Պատիւս Արժանաւորաց…»
Հանդիսութեան փակումէն ետք ներկաները ուղղուեցան դէպի ՀՄԸՄ-ի ակումբը, ուր խանդավառ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային խրախճանք, ընկ. Յովիկ Մանուշեանի եւ իր նուգախումբի հնչեցուցած ազգային-յեղափոխական երգերու ընկերակցութեամբ։


