ARMENIAN ENGLISH
A- A A+

ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

Ապրիլ 2012

Ապրիլ 2012

Մայիս 28, 2011 Տպագրում

Կիպրահայութիւնը Մեծ Շուքով Նշեց «Մայիս 28»ի Տօնը

Կիպրահայութիւնը Մեծ Շուքով Նշեց «Մայիս 28»ի Տօնը

Երէկ իրիկուն կիպրահայ համայնքը մեծ շուքով նշեց Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 93-րդ տարեդարձը, ՀՅԴ-ի եւ գործակից միութիւններու կազմակերպած հանդիսութեամբ, որ տեղի ունեցաւ Փասիտի հանդիսասրահին մէջ։
Հանդիսութիւնը բացաւ շրջանի ՀՅԴ կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Գազանճեան, որ այս ուրախ առիթով հաւաքուած հոծ բազմութեան յայտարարեց, թէ ՀՅԴ պիտի շարունակէ պայքարիլ Մայիս 28-ի սարդարապատեան ոգիով։
Օրուան բանախօսն էր Լիբանանէն հրաւիրուած Տոքթ. Յովհաննէս Թասլաքեան, որ խորիմաստ վերլուծութեամբ բացատրեց Մայիս 28-ի յաղթանակի իմաստն ու անոր նշանակութիւնը հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ։
Յայտագրին մաս առին Համազգայինի «Սիփան» պարախումբը, Գ. Էմինի «Մենք» քերթուածի ասմունքով՝ Մարինէ Մանուշեան, «Մեր Հայրենիք» ի ներկայացումով՝ Յովիկ Մանուշեան ընկերակցութեամբ Զարա Բարխուդարեանի, եւ «Հայաստան», «գետաշէն», «Սարդարապատ» երգերու մեկնաբանութեամբ՝ Գոռ Մելեան ընկերակցութեամբ Դաւիթ Սիմոնեանի եւ Հայկ Մահտեսեանի։
Հանդիսութենէն ետք, մեծ խանդավառութեամբ եւ ազգային-յեղափոխական երգերու մթնոլորտին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային խրախճանք-ճաշկերոյթ կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ի, որու ընթացքին խօսք առին Կաթողիկոսական փոխանորդ Վարուժան Արքեպիսկոպոս եւ Հայ Համայնքի նորընտիր ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան։
Վարուժան սրբազան իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ հայ ժողովուրդը իր պատմութեան մէջ երեք յաղթանակներ ունեցած է. վարդանանց հաւատքի յաղթանակը, սարդարապատեան գոյութեան յաղթանակը եւ արցախեան իրաւունքի յաղթանակը։ Ան յորդորեց ներկաներուն, որ ամենօրեայ պայքարով տէր կանգնին այս մեծ յաղթանակներուն։

«« վերադարձ ««