ARMENIAN ENGLISH
A- A A+

ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

Ապրիլ 2012

Ապրիլ 2012

Մայիս 23, 2011 Տպագրում

ԿԻՊՐԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՎԵՐԸՆՏՐԷ ՎԱՐԴԳԷՍ ՄԱՀՏԵՍԵԱՆԸ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՄԵԾԱՄԱՍՆՈՒԹԵԱՄԲ

ԿԻՊՐԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՎԵՐԸՆՏՐԷ ՎԱՐԴԳԷՍ ՄԱՀՏԵՍԵԱՆԸ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՄԵԾԱՄԱՍՆՈՒԹԵԱՄԲ

Այսօր Կիպրոսի մէջ տեղի ունեցան խորհրդարանական ընտրութիւններ, որոնց առընթեր՝ նաեւ փոքրամասնութիւններու պետական ներկայացուցիչներու ընտրութիւնները։
Հայ Համայնքի պետական ներկայացուցիչի պաշտօնին թեկնածուներն էին ՀՅԴ-ի զօրակցութիւնը վայելող Վարդգէս Մահտեսեան եւ ՍԴՀԿ-ի ու «Յառաջդիմական»ներու զօրակցութիւնը վայելող Անդրանիկ Աշճեան։
Քուէարկութիւնը վերջ գտաւ Վարդգէս Մահտեսեանի եւ ՀՅԴ-ի ջախջախիչ յաղթանակով, 68-32 համեմատութեամբ։
«Այս փառաւոր յաղթանակը կը պատկանի կիպրահայութեան» յայտարարեց Վարդգէս Մահտեսեան աւելցնելով, «վստահութեան այսքան մեծ արտայայտութիւն՝ ուսերուս շատ մեծ պարտաւորութիւն կը դնէ, յաւելեալ ճիգերով ծառայելու մեր գաղութին, աւելի լաւ ապագայի մը տեսլականով»։

«« վերադարձ ««