Սրբազան Համերգ, բարձր հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետ, Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Արամ Ա. Կաթողիկոսի

Երէկ երեկոյեան, Նիկոսիոյ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, եկեղեցւոյ 30-ամեակին առթիւ տեղի ունեցաւ Սրբազան Համերգ, բարձր հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետ, Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Արամ Ա. Կաթողիկոսի, եւ կազմակերպութեամբ՝ Ազգային Իշխանութեան։
Համերգին ելոյթ ունեցաւ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ երգչախումբը, Տիկ. Նառա Սարտարեանի խմբավարութեամբ եւ Երեցկին Թամար Հապէշեանի դաշնակի ընկերակցութեամբ։
Յայտագիրը կը պարունակէր բացման խօսք, Գերաշնորհ Տէր Վարուժան Արքեպիսկոպոսի կողմէ եւ սաղմողներու, շարականներու եւ երգերու մեկնաբանութիւն՝ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ երգչախումբի կողմէ։
Հաւատացեալ ժողովուրդը խուռներամ լեցուցած էր եկեղեցին եւ առիթը ունեցաւ ունկընդրելու Կոմիտասի, Էտկար Յովհաննէսեանի, Պապաճանեանի եւ Պէտէլեանի յօրինումներէն փունջ մը։
Գեղարուեստական յայտագրի աւարտին, Լիբանանի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տէր Գեղամ Արքեպիսկոպոս Խաչերեան ընթերցեց Արամ Ա. Կաթողիկոսի կոնդակը, յատկապէս ուղարկուած եկեղեցւոյ 30-ամեակին առիթով։
Յաջորդեց Կիլիկիա մաղթերգի երգրցողութիւնը եւ ապա՝ Արամ Ա. Կաթողիկոս փոխանցեց իր Հայրապետական Պատգամը։
Վեհափառ հայրապետը իր խօսքի ընթացքին Կաթողիոկոսական Փոխանորդ Տէր Վարուժան Արքեպիսկոպոս Հերկելեանին նուիրեց ոսկէ խաչ մը, առ ի գնահատում Սրբազան հօր Կիպրոսի Թեմին մէջ տարած երկարամեայ գործունէութեան։
Երեկոն փակուեցաւ Կոմիտասի Հայրապետական Օրհներգով, որու յաջորդեց աջահամբոյր՝ Ազգային Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ։


