ARMENIAN ENGLISH
A- A A+

ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

Ապրիլ 2012

Ապրիլ 2012

Յունիս 15, 2011 Տպագրում

ՎԱՐԴԳԷՍ ԵՒ ՄԱԿԻ ՄԱՀՏԵՍԵԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ «ԱԶԴԱԿ»

ՎԱՐԴԳԷՍ ԵՒ ՄԱԿԻ ՄԱՀՏԵՍԵԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ «ԱԶԴԱԿ»

«ԱԶԴԱԿ»--Երէկ կէսօրին, «Ազդակ»ի խմբագրատուն այցելեցին տէր եւ տիկին Վարդգէս եւ Մակի Մահտեսեանները եւ տեսակցեցան տնօրէնութեան հետ: Կիպրոսի խորհրդարանի անդամ եւ կիպրահայ համայնքի ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան ծանօթացաւ թերթի տարբեր բնոյթի աշխատանքներուն: Գնահատելէ ետք հայ մամուլին դերակատարութիւնը սփիւռքահայ կեանքին մէջ` Վարդգէս Մահտեսեան զեկուցեց կիպրահայ համայնքին հետ կապուած վերջին իրադարձութիւններուն մասին: 
Վարդգէս Մահտեսեան ընդգծեց սփիւռքահայ կեանքին եւ այս պարագային կիպրահայ համայնքի գործունէութեան մասին «Ազդակ»ի կատարած լուսաբանումներուն կարեւորութիւնը:

«« վերադարձ ««