ԿԻՊՐԱՀԱՅ

Հոկտեմբեր 12, 2009

Չորեքշաբթի, 14 Հոկտեմբերին Նիկոսիոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ բողոքի հաւաք

Չորեքշաբթի, 14 Հոկտեմբերին Նիկոսիոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ բողոքի հաւաքՀայկական աւանդական երեք կուսակցութիւններու՝ ՌԱԿ-ի, ՍԴՀԿ-ի եւ ՀՅԴ-ի Կիպրոսի մարմիններու ներկայացուցիչները, Նիկոսիոյ մէջ հանդիպում մը ունենալէ ետք, միացեալ յայտարարութեամբ մը որոշած են կազմակերպել բողոքի հաւաք մը եւ կը հրաւիրեն կիպրահայութիւնը, իր ընդվզումը արտայայտելու, ընդդէմ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման արձանագրութիւններու ստորագրման: Հարապարակուած…
» Ամբողջ »
Հոկտեմբեր 09, 2009

Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն վերաբերեալ մամլոյ ասուլիս Կիպրահայ համայնքի Առաջնորդարանին մէջ

Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն վերաբերեալ մամլոյ ասուլիս Կիպրահայ համայնքի Առաջնորդարանին մէջԿիպրոսի Հայոց Առաջնորդարանին մէջ Երէկ, 8 Հոկտեմբերի 2008, կ.ա. ժամը 11-ին տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, 10 Հոկտեմբերին ստորագրուելիք Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն վերաբերեալ։ Կիպրահայ Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդի հովանաւորութեամբ ու ներկայութեամբ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, տեղական մամուլի եւ հեռատեսիլի կայաններու ներկայացուցիչներուն…
» Ամբողջ »
Հոկտեմբեր 06, 2009

Բաց Նամակ Հայաստանի Հանրապետութեան

Բաց Նամակ Հայաստանի ՀանրապետութեանԲաց Նամակ Հայաստանի ՀանրապետութեանՎսեմաշուք Նախագահին եւ ԻշխանութիւններունՎՍԵՄԱՇՈՒՔ ՏԻԱՐ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԵՐԵՒԱՆՀայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ 31 Օգոստոս 2009ին համաձայնեցուած երկու արձանագրութիւնները մեծ մտահոգութիւն պատճառած են ամբողջ հայութեան, Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ, քանի անոնց ընդունած կարգ մը կէտերու…
» Ամբողջ »
Սեպտեմբեր 24, 2009

Ստորագրահաւաք նաեւ Կիպրոսի Հայ Համայնքին կողմէ

Ստորագրահաւաք նաեւ Կիպրոսի Հայ Համայնքին կողմէՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէն յայտարարեց, թէ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու հրապարակային քննարկման ծիրէն ներս, այդ փաստաթուղթերու անընդունելի կէտերուն բարեփոխման ի խնդիր ստորագրահաւաք սկսած է նաեւ կիպրահայութեան կողմէ։ Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Յակոբ Գազանճեան նշեց, թէ կիպրահայութիւնը չի կրնար անտարբեր գտնուիլ համահայկական բողոքի այս արտայայտութեան…
» Ամբողջ »
Սեպտեմբեր 24, 2009

Մարիոս Կարոյեան՝ Կիպրոսի Հայ Դատի «Տարուան Անձնաւորութիւնը»

Մարիոս Կարոյեան՝ Կիպրոսի Հայ Դատի «Տարուան Անձնաւորութիւնը»Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբը յայտարարեց, թէ 2009-ի «Տարուան Անձնաւորութիւն» ընտրած է Կիպրոսի Հանրապետութեան Ներկայացուցիչներու Տան նախագահ Մարիոս Կարոյեանը։ Կիպրոսի խորհրդարանի հայազգի նախագահին ի պատիւ Ուրբաթ, 13 Նոյեմբերին տեղի պիտի ունենայ շքեղ հանդիսութիւն Լաչչայի քաղաքապետարանի նորակառոյց հանդիսասրահին մէջ, որու ընթացքին ան…
» Ամբողջ »
Սեպտեմբեր 03, 2009

«Հայոց ցեղասպանութիւնն ու միջազգային օրէնքը» ակադեմական խորհրդաժողովին բացման մեծաշուք հանդիսութիւնը

«Հայոց ցեղասպանութիւնն ու միջազգային օրէնքը» ակադեմական խորհրդաժողովին բացման մեծաշուք հանդիսութիւնըՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ» - Այնպիսի պահու մը, երբ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մէջ նոր զարգացումներ կ'արձանագրուին, երէկ՝ չորեքշաբթի, 2 սեպտեմբեր 2009-ին, երեկոյեան ժամը 6։00-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ Հայկազեան համալսարանին եւ Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակին, տեղի ունեցաւ «Հայոց ցեղասպանութիւնն…
» Ամբողջ »
Սեպտեմբեր 02, 2009

Կարոյեան Լիբանան ժամանեց

Կարոյեան Լիբանան ժամանեցԵրէկ Լիբանան ժամանեց Կիպրոսի խորհրդարանի նախագահ Մարիոս Կարոյեան։ Անոր պատուիրակութեան մաս կը կազմէր Կիպրոսի խորհրդարանի հայ ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան։ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ Լիբանանի խորհրդարանի նախագահութեան կողմէ Կարոյեանը դիմաւորեցին երեսփոխաններ Յակոբ Բագրատունի, Ապտել Լաթիֆ Զէյն եւ Միշել Մուսա։ Կարոյեան Լիբանանի…
» Ամբողջ »
Օգոստոս 26, 2009

Մելգոնեանէն Շուտով Կը հեռանայ Աղլանճայի Գիմնազիումը

Մելգոնեանէն Շուտով Կը հեռանայ Աղլանճայի ԳիմնազիումըՏեղական «Ֆիլելէֆթերոս» թերթը 25 Օգոստոսի թիւին մէջ գրած է, թէ ըստ կրթական նախարարութենէն ստացած տեղեկութիւններուն Աղլանճայի Գիմնազիումը իր դռները պիտի վերաբանայ գալ տարուայ սկիզբէն։ Այս վարժարանը երկու տարի առաջ Մելգոնեան փոխադրուեցաւ, քանի շէնքը լուրջ վերանորոգման կը կարօտէր։ Նորոգման աշխատանքներու մինչեւ…
» Ամբողջ »
Օգոստոս 22, 2009

«Մելգոնեան» Վերաբացման Ի Նպաստ Ստորագրաւահաւաքը Աւարտած Է

«Մելգոնեան» Վերաբացման Ի Նպաստ Ստորագրաւահաւաքը Աւարտած ԷՆԻԿՈՍԻԱ.- ըստ կիպրական «Ֆիլելեֆթերոս» թերթի Օգոստոս 14-ի թիւով հրապարակուած տեղեկատուութեան, «Մելգոնեան» կրթօճախի վերաբացման ի նպաստ կազմակերպուած ստորագրահաւաքը աւարտած է: Ստորագրահաւաքին մասնակցած են աշխարհի տարբեր անկիւններ ծուարած 6800-է աւելի հայեր, որոնցմէ 1100-ը (յոյներու հետ) Կիպրոսէն, 120-ը՝ Թուրքիայէն, շուրջ 2000-ը՝ Միացեալ Նահանգներէն,…
» Ամբողջ »
Օգոստոս 21, 2009

Յաջողութեամբ վերջացաւ ՀՅԴ ԿԵՄ-ի Բանակումը

Յաջողութեամբ վերջացաւ ՀՅԴ ԿԵՄ-ի ԲանակումըԿիրակի, 16 Օգոստոսին տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Կիպրոսի Երիտասարդական Միութեան 2009-ի «Արցախ» պատանեկան բանակումի փակումը, յատուկ հանդիսութեամբ ու ծնողներու եւ այցելուներու մասնակցութեամբ ։ Փակման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ կէսօրուայ ճաշէն առաջ։ Ողջունելով ծնողներու եւ բարեկամներու ներկայութիւնը, ընկ. Սեւակ երկու խօսքով ներկայացուց բանակումի…
» Ամբողջ »
Powered by Webnaz Pagemaker