«ԱԶԴԱԿ»Ի ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ԱՆԴԱՄ ԼԵՒՈՆ ՄԿՐՏՉԵԱՆԻ ՀԵՏ
Հայկազեան համալսարանի եւ Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի կազմակերպած «Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ միջազգային օրէնքը» նիւթով խորհրդաժողովին մասնակցելու համար Լիբանան ժամանած ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Լեւոն Մկրտչեան երէկ այցելեց նաեւ «Ազդակ»ի խմբագրատուն։
Առիթէն օգտուելով եւ մեկնելով հայ-թուրք յարաբերութիւններու վերջին զարգացումներուն կարեւորութենէն, խմբագրութիւնը հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցաւ Բիւրոյի անդամ ընկերոջ հետ։
«ԱԶԴԱԿ».- 31 օգոստոսին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարները միացեալ յայտարարութիւն հրապարակեցին երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման եւ դիւանագիտական յարաբերութեանց հաստատման վերաբերեալ փաստաթուղթերու նախաստորագրման մասին։ Երէկ ՀՅԴ-ն այս գծով խիստ յայտարարութիւն հրապարակեց, այսօր ալ կը սպասուի հանրահաւաք Երեւանի մէջ։ Ձեր կարծիքով, Դաշնակցութեան յաջորդ քայլերը ի՞նչ պիտի ըլլան ներկայ գործընթացին դէմ դնելու իմաստով։
ԼԵՒՈՆ ՄԿՐՏՉԵԱՆ.- Ինչպէս նկատեցիք, վերջին զարգացումները արդիւնք էին շուրջ մէկ տարի տեւող գործընթացի, եւ բնական է, որ Դաշնակցութիւնը իր Բիւրոյի լիագումար նիստերով, մարմիններու յայտարարութիւններով այս մէկ տարուան ընթացքին յստակ կերպով արտայայտած է իր դիրքորոշումները եւ հանրութիւնը տեղեակ է այդ մասին։ Ի լրումն այդ յայտարարութեան, Բիւրոյի ներկայացուցիչը երէկ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանէն տուած հարցազրոյցին ընթացքին որոշ գնահատականներ կատարեց։ Ըստ էութեան, մենք այսօր անգամ մը եւս կ'ամրագրենք այն հիմնական սկզբունքները, այն հիմնական մտահոգութիւնները, որոնք առկայ եղած են այս գործընթացին ընթացքին։ Յստակ է նաեւ, որ փաստաթուղթերը պիտի դրուին հասարակական քննարկման՝ շուրջ 6 շաբաթ, եւ մենք պիտի օգտագործենք մեր կարելիութիւնները, մեր համակիր շրջանակը, որպէսզի կարենանք մեր մտահոգութիւնները փոխանցել հասարակութեան, քաղաքական ուժերուն եւ իշխանութիւններուն, որպէսզի կարելի եղածին չափ չէզոքացնենք այն վտանգները, զորս յստակ կերպով կը տեսնենք այս գործընթացին մէջ։
«Ա.».- Երբ Հայաստանի իշխանութիւնները այսպիսի քայլի մը կը դիմեն, նկատի կ'առնե՞ն արդեօք Սփիւռքի տեսակէտն ու զգայնութիւնը այս հարցին գծով, մանաւանդ որ Սփիւռքը գործուած Ցեղասպանութեան իրաւայաջորդն է։
Լ. Մ.- Պէտք է լաւապէս հասկնալ, որ մենք ունինք երկու հիմնական ու մեծ խնդիր։ Առաջինը Հայաստանի Հանրապետութեան պետականութիւնն է, որ պիտի զարգանայ, ապահովէ իր անվտանգութիւնը, իր կենսունակութիւնը, եւ այս իմաստով իւրաքանչիւր պետութիւն պիտի ձգտի իր դրացիներուն հետ ունենալ բնականոն յարաբերութիւններ. մեր երկու սահմանները փակ են, ազրպէյճանի հետ ըստ էութեան պատերազմական սառեցուած վիճակ է, Թուրքիոյ հետ փակուած սահման է։ Բնական է, որ հայկական շահը պահանջէ, որ կարելի եղածին չափ բնականոնացուին այս յարաբերութիւնները։ Ինչպէս միշտ նշած ենք մեր հարցադրումներուն ժամանակ, քաղաքական գործընթացներուն ժամանակ, արդէն իսկ Հայաստանի կողմէ առանց նախապայմաններու յարաբերութիւն հաստատելը զիջում է, որովհետեւ մենք Ցեղասպանութիւնը կրած ժողովուրդ ենք, մեր հայրենիքը կորսնցուցած ժողովուրդ ենք, եւ եթէ պետութիւնը համաձայն գտնուի խօսիլ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու, խօսիլ Թուրքիոյ հետ առանց նախապայմանի սահմաններ բանալու մասին, ապա ասիկա արդէն հայկական կողմէն զիջում է, որովհետեւ խորքին մէջ մենք բարոյական, քաղաքական, իրաւական բոլոր հիմքերը ունէինք Թուրքիոյ հետ նախապայմաններու հիման վրայ խօսելու։ Իսկ Թուրքիոյ կողմէ այս վերջին տասնամեակներուն ընթացքին հետեւեալ նախապայմանները դնելը՝ տարածքային ամբողջականութեան ճանաչում եւ Կարսի պայմանագիրի ընդունում, Ղարաբաղի հարցով ըստ էութեան պարտուողականութեան ամրագրում եւ Ցեղասպանութեան հարցէն հրաժարում, արդէն ինքնին ցինիզմի գագաթնակէտ էին։ Իսկ երբ թրքական կողմը յայտարարեց, որ համաձայն է առանց նախապայմաններու բանակցութեան սկսիլ, մենք արդէն որոշ կասկածներ ունէինք այն մասին, որ այս նախապայմանները քողարկուած ձեւով ներկայացուին։ Ցեղասպանութեան իմաստով փորձենք խնդիրը տանիլ դէպի մեծ հարթութիւն. գիտէք, ընդհանրապէս Սփիւռքը Ցեղասպանութեան արդիւնք է, եւ Սփիւռքը այս նոր ժամանակներուն՝ 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկիզբի Սփիւռքը իսկապէս ձեւաւորուած է հայրենիք կորսնցուցած եւ Ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած ժողովուրդի հաստատումով։ Բայց յիշեցնեմ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան բնակչութեան առնուազն կէսը, եթէ ոչ աւելին, նոյնպէս Ցեղասպանութեան զոհերու սերունդներն են, որովհետեւ երկու հոսք եղաւ Ցեղասպանութենէն ետք՝ մէկը Օսմանեան կայսրութենէն դուրս, դէպի Եւրոպա, Միացեալ Նահանգներ ու Միջին Արեւելք, եւ երկրորդ հզօր հոսքը դէպի Ռուսիա եւ Արեւելեան Հայաստան։ Այսօրուան Հայաստանի մէջ քիչ կը գտնենք ընտանիքներ, որոնք իրենց մէջ Ցեղասպանութեան ցաւը չունենան եւ անմիջական կորուստ կրած չըլլան։ Այս իմաստով խնդիրը միասնական է, հայ ժողովուրդինն է. ասիկա մենք պէտք է հասկնանք, եւ Դաշնակցութիւնը ամէն ինչ պիտի ընէ, որպէսզի Հայաստանի Հանրապետութեան հասարակութիւնը նոյնպէս հասկնայ, որ Ցեղասպանութեան ճանաչման, պահանջատիրութեան համար մղուող պայքարը նախ ի՛ր պայքարն է։ Որովհետեւ քաղաքական այս բարդ իրավիճակին մէջ շատ վտանգաւոր է աշխատանքի կամ խնդիրներու բաժանում կատարել՝ ազգայինը, պահանջատիրութիւնը, Ցեղասպանութիւնը Սփիւռքի գործը նկատել, իսկ Հայաստանինը այլ։ Մենք միասնական ազգ ենք, միասնական խնդիրներ ունինք եւ ինչպէս Հայաստանի իւրաքանչիւր քաղաքացիի համար սրբազան պէտք է ըլլայ իր պատմութիւնը յարգելը, իր պահանջատիրութիւնը յարգելը, Ցեղասպանութեան ենթարկուած զոհերու յիշատակի եւ իրաւունքներու համար պայքարը, նոյն ձեւով իւրաքաչիւր սփիւռքահայու համար կարեւոր պէտք է ըլլայ Հայաստանի պետականութեան անվտանգութիւնը, Արցախի հիմնահարցի արդարացի եւ ճիշդ լուծումը, Հայաստանի հզօրացման ծրագիրը։ Միայն այս ձեւով մենք իսկապէս կրնանք յաղթել եւ պատասխանել բոլոր մարտահրաւէրներուն։
Դուք արդէն անդրադարձաք նախապայմաններուն, փաստաթուղթերուն մէջ կան կէտեր, որոնք ուղղակի հարուած կը հասցնեն մեր ազգային պահանջատիրութեան։ Անոնցմէ է երկու երկիրներու հողային ամբողջականութիւնը եւ սահմաններու անխախտելիութիւնը յարգելու կէտը, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութեան հարցը ենթայանձնախումբի կողմէ քննարկումի առարկայ դարձնելու պարագան։ Հայրենի հասարակութիւնը՝ քաղաքական ուժեր, ժողովուրդ, հանրային կարծիք, ի՞նչ կեցուածք ունի այս գծով։ Ասոնք ընդունելի՞ են իրեն համար։
Ի հարկէ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ այսօր չկայ քաղաքական ուժ մը, որ ըսէ, թէ պատրաստ է հրաժարիլ Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցերու հետապնդումէն։ Իշխանութիւնը եւս կ'ըսէ, որ պիտի հետապնդէ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը եւ աջակցութիւնը։ Խնդիրը հետեւեալն է, որ մենք կը կարծենք, թէ ենթայանձնախումբի ստեղծումը, արխիւներու ուսումնասիրման համար փորձագէտներու ձեւաւորման այս կէտը, քողարկուած կը պահէ պատմաբաններու յանձնախումբի դրոյթը, եւ մեծ հարուած կրնայ հասցնել Ցեղասպանութեան հետապնդման միջազգային դատին։ Հայ հասարակական շրջանակներուն մէջ հետագային պիտի ըլլան քննարկումներ, մենք պիտի փորձենք մեր այս մտահոգութիւնները եւ հիմնահարցերը հրապարակային կերպով ներկայացնել եւ ընդդիմախօսել այս մասին, որովհետեւ Հայաստանը արդէն իր միջազգային պարտաւորութիւնները կատարած է եւ դարձած ՄԱԿ-ի անդամ՝ ընդունելով աշխարհի գործող կարգը, աշխարհի պետութիւնները ճանչցած է իրենց սահմաններով։ Խնդիրը ուրեմն այլ հարթութեան վրայ է, հոս կայ Թուրքիոյ անկեղծութիւնը։ Վերջին մէկ տարուան ընթացքին Թուրքիան ոչ թէ բարի կամեցողութիւն ցուցաբերած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու համար, այլ այդ մէկը ըրած է Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման վնասելու իմաստով կամ արտաքին ուժեղ ճնշումներու տակ՝ Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպական Միութեան ճշդում, սահմանի բացման հարց, եւ այս ամէնը ըրած է պարտադրաբար։ Այս կը նշանակէ, որ թրքական իշխանութիւններուն համար, Թուրքիոյ կառավարութեան համար հարցը չէ մարսուած։ Բոլորովին ուրիշ բան է, որ քու դրացիդ յանդգնած է վերանայիլ իր քաղաքականութիւնը, ընդունած է իր սխալ դիրքորոշումը եւ կրցած է իր մէջ ուժ գտնել ձեռք մեկնելու, բոլորովին այլ բան է, երբ այդ դրացիդ ստիպուած է այս քայլերուն դիմելու՝ ինչ-ինչ հիմնական հաշուարկներու փորձելով ծառայեցնել այս խնդիրը։ Այս պարագային մենք գործ չունինք անկեղծ գործընկերոջ հետ, այլ գործ ունինք դրացիի մը հետ, որ, մեր խոր համոզումով, այսօր ալ կը շարունակէ մեծ վտանգ ներկայացնել Հայաստանի անվտանգութեան։ Այս է, որ հիմնական դրոյթներէն մէկն է, եւ այս է, որ մենք պիտի փորձենք ըսել աշխարհին, որովհետեւ եթէ ուշադրութիւն դարձուցիք, գործընթացը ողջունեցին աշխարհի բոլոր մեծ պետութիւնները, բայց մենք նաեւ պէտք է կարենանք ըսել, որ այս գործընթացին մէկ կողմը, ոչ տուժած կողմը, անկեղծ չէ այս գործընթացին մէջ, եւ որեւէ ջանք չի գործադրուիր թրքական հասարակութիւնը այս ուղղութեամբ պատրաստելու։ Մեր մօտ տեղի պիտի ունենան հասարակական քննարկումներ, մեր հասարակութիւնը պիտի սկսի Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ քննարկել այս փաստաթուղթերը, թրքական հասարակութեան մէջ լայն քննարկում, իրենց պատմութեան ուղիղ նայելու յանդգնութիւն չեմ տեսներ։ Ասիկա շատ կարեւոր հարց է, եւ մենք բազմիցս ըսած ենք, թէ մտահոգութեան արժանի է այն, որ այս փաստաթուղթը պիտի հասնի խորհրդարան. եթէ թրքական հասարակութիւնը պատրաստ չէ, ուրեմն կարելի չէ ըսել, թէ խորհրդարանին մէջ ինչպիսի՛ ճակատագիր պիտի ունենայ այս փաստաթուղթը։ Բնականաբար կարելի է զանազան հարցեր բերել, սակայն մեր ունեցած հիմնական մտահոգութիւնները ի վերջոյ կրնան շատ վտանգաւոր դառնալ։
Հայաստանի իշխանութիւնները, յանձինս նախագահին, կ'ըսեն, թէ այս գործընթացին մէջ Ղարաբաղի հարցը չէ դրուած իբրեւ նախապայման։ Թուրքիան իր արտաքին գործոց նախարարին ճամբով հակառակը կը պնդէ. որո՞ւ պէտք է հաւատալ։
Ըստ էութեան հրապարակուած փաստաթուղթը իսկապէս Ղարաբաղի վերաբերեալ որեւէ արտայայտութիւն կամ դրոյթ չունի։ Բայց միաժամանակ մենք ունինք թրքական կառավարող շրջանակներու, պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներու յստակ հաւաստիացումը Ազրպէյճանին, որ իրենք պիտի շարունակեն հետեւիլ ազրպէյճանամէտ քաղաքականութեան, պիտի սատարեն Ազրպէյճանի, եւ կը յայտնեն, որ իրենք զուգահեռաբար կը դիտեն այս գործընթացները։ Նոյնիսկ այս փաստաթուղթի հրապարակումէն ետք Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը ըսաւ, որ սահմանի բացումը տակաւին երկար գործընթաց է, եւ թէ իրենք պիտի շարունակեն Ազրպէյճանի սատարելու իրենց քաղաքականութիւնը։ Այս մէկը կրնայ մարտավարական քայլ ըլլալ, սակայն մենք պէտք չէ մոռնանք, որ Ազրպէյճանը եւ Թուրքիան ռազմավարական գործընկերներ են, եւ Թուրքիան Ազրպէյճանը խաբելու քայլ չ'առներ։ Այնպէս որ, այս մէկը իսկապէս քաղաքական գործընթաց է, եւ մենք պէտք է կարենանք այս քաղաքական գործընթացէն ճիշդ հասկնալ Թուրքիոյ պատկերը, շահերը, նաեւ հասկնանք Հայաստանի կարելիութիւնները։ Մենք պէտք է ամէն ինչ ընենք, որպէսզի, ինչպէս մեր յայտարարութեան մէջ ըսինք, որեւէ զիջում չկատարուի սերունդներու եւ անոնց իրաւունքներուն հաշուոյն։ Ասիկա հիմնական եւ կարեւոր խնդիր է. Դաշնակցութիւնը միշտ յայտարարած է, որ ինք կողմնակից է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բարելաւման։ Աւելի՛ն. մենք նոյնիսկ ժամանակին, Ընդհանուր ժողովներու ընթացքին առինք կարեւոր քայլ մը, երբ ըսինք, թէ մենք ընկալումով կ'ըմբռնենք Հայաստանի իշխանութիւններու քաղաքականութիւնը՝ առանց նախապայմաններու Թուրքիոյ հետ խօսելու, այս մէկը մեծագոյն զիջում նկատելով։ Մենք համոզուած ենք, որ երկու ժողովուրդները իրարու հետ բարի դրացիութեան յարաբերութիւններ կ'ունենան միայն մէկ պարագայի, եթէ Թուրքիան ընդունի Ցեղասպանութիւնը եւ ճանչնայ իր մեղքը, նաեւ ընդունի անկէ բխած հետեւանքները։ Այս ճամբուն վրայ կարեւոր է դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումը եւ սահմանի բացումը, սակայն եթէ ի վերջոյ նպատակը այս պիտի չըլլայ, ուրեմն այս ճամբան փակուղի պիտի տանի։ Ասիկա հիմնական սկզբունք է Դաշնակցութեան համար։ Մենք այսօր համաձայնութիւն տուած ենք առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններուն, հակառակ անոր որ լաւապէս կը գիտակցինք, որ իրաւունք ունինք նախապայմաններ դնելու, միայն այն պատճառով, որ ասիկա կրնայ մօտեցնել մեր նպատակին, եւ Թուրքիան ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը ու յարգէ հայ ժողովուրդին պատմաիրաւական իրաւունքները։ Այս սկզբունքային հիմնադրոյթն է, որ նաեւ պիտի դառնայ յառաջիկայ հանգրուանի քննարկումներու առաջնահերթութիւն, որովհետեւ արդէն եւրոպական տեղեկատուական որոշ միջոցներ կ'ըսեն, որ տեղի կ'ունենայ փոխզիջում։ Հայերը կը հրաժարին Ցեղասպանութեան ճանաչումէն, Թուրքիան կը հրաժարի սահմաններու փակման հարցով Հայաստանը պատժելու իր քաղաքականութենէն։ Այսպիսի ձեւով հարցերը հաւասարեցնելը շատ վտանգաւոր է, եւ ասիկա վտանգաւոր հանգրուանի կրնայ առաջնորդել նաեւ տարածքային կայունութեան իմաստով, որովհետեւ ի վերջոյ, նման անարդար հարթութիւններով շրջանային կայունութիւն կարելի չէ հաստատել։ Ասիկա խորքային մեծ քաղաքականութիւն է, եւ այս իմաստով Հայաստան արդէն առած է իր կարեւոր եւ մեծ քայլը՝ առանց նախապայմանի խօսակցութիւն սկսելով։ Սակայն զիջումները անարդարացի են եւ իրենց մէջ ունին պայթիւնային պահեր, որոնք չեն նպաստեր կայունութեան հաստատման։
Այս բոլորին լոյսին տակ, արդեօք հայկական կողմը չէ՞, որ նախապայմաններ պէտք է դնէր։
Հաշտեցման մասին երբ կը խօսինք, խօսքերով կարելի չէ ընել այս մէկը։ Հրեայ եւ գերմանացի ժողովուրդները պիտի չկարենային հաշտուիլ, եթէ գերմանացի ժողովուրդը չընդունէր իր պատմական մեղքը եւ փոխհատուցում չտար՝ նիւթապէս, բարոյապէս, ֆիզիքապէս եւ այլն։ Հաշտութեան ատեն կողմերը պէտք է իրարու նկատմամբ արդար ըլլան, մենք զոհ ենք, Թուրքիան ոճրագործ է, ընդ որուն, ոճրագործ են թրքական երեք վարչակարգերը՝ Ապտիւլ Համիտի, Երիտասարդ թուրքերու եւ Քեմալական։ Ասիկա պատմական փաստ է, այսինքն՝ չենք ըսեր, որ ասիկա փակուղի կը տանի, ի վերջոյ ժողովուրդները տասնեակ միլիոնաւոր զոհեր կրելով ալ իրարու հետ հաշտուած են, բայց հաշտեցման առաջին քայլը պատմութեան ուղիղ նայիլն ու սեփական պատմութիւնը ընդունիլն է։ Եթէ վերնախաւը այս քաջութիւնը չունի, քաղաքական կամքը չունի, այդ հաշտութիւնը կը դառնայ պատրանք, կը ծառայէ քաղաքական շահերու, շրջանային հարցերու լուծման, սակայն ամբողջական եւ վերջնական չէ։ Եթէ մենք կարենանք առանց մեծ ու անդառնալի կորուստներու Թուրքիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատել ու սահմանը բանալ, ի հարկէ կը շահինք, որովհետեւ ասիկա այս ճամբուն վրայ առնուած առաջին քայլը կ'ըլլայ։ Բայց եթէ այս առաջին քայլը առած ատեն զիջինք անդառնալի արժէքներէ, լուրջ հարուած կ'ըլլայ մեզի՝ թէ՛ հայութեան եւ թէ՛ մեր միասնութեան։ Այսօր Հայաստանի իշխանութիւնները եւ քաղաքական ուժերը կ'ըսեն, որ իրենք երբեք պիտի չզիջին Ցեղասպանութեան հարցէն, ազգային խնդիրներէն։ Այս փաստաթուղթին պէտք է մօտենանք այդ ձեւով։ Քաղաքական ուժերուն եւ հասարակութեան հետ մեր քննարկումները այս ուղղութեամբ պիտի տանինք։ Մեզի համար մեծ ու մահացու վտանգ է հայրենիքի եւ Սփիւռքի միջեւ ճեղքերու յառաջացումը։ Այսօրուան վիճակին մէջ, Ղարաբաղի այս հարցով, շրջանային շատ բարդ զարգացումներով, մենք իրաւունք չունինք մեր միասնականութիւնը կասկածի տակ դնելու։ Այս վեց շաբաթը նաեւ օգտակար կրնայ ըլլալ ե՛ւ իշխանութիւններուն, ե՛ւ ընդդիմութեան, ե՛ւ հասարակութեան, որովհետեւ կ'ակնկալենք, որ անկեղծ խօսակցութիւն ծաւալի։ Դաշնակցութիւնը կոչ ուղղած է իր մարմիններուն՝ աշխուժ կերպով աշխատելու հասարակութեան հետ, ներկայացնել մեր մտահոգութիւնները, քննարկումներ կատարել, որովհետեւ այսօր մեծ հարց կայ։ Ի վերջոյ, հայ-թրքական յարաբերութիւններու պարկը փակ էր եւ անիկա իր մէջ կը պարունակէ բազմաթիւ անյայտ տարրեր, ոեւէ մէկը չի կրնար ըսել, թէ որքան մեծ ու վտանգաւոր հիմնահարցեր կան հոն պահուած։ Ուրեմն պարկը բանալու ատեն մենք պարտաւոր ենք ներազգային իմաստով անկեղծ ու յստակ ըլլալ, իւրաքանչիւր քաղաքական ուժ պէտք է իր գաղափարական սկզբունքները ճշդէ։ Դաշնակցութիւնը հաւաքական քաղաքական ուժ է, որ ձեւաւորուած է հայրենիքի ամբողջական տարածքը անկախացնելու, հայ ժողովուրդի անվտանգ գոյութիւնը ապահովելու համար։ Ասոր հիման վրայ մենք երկխօսութեան պիտի սկսինք յառաջիկայ շաբաթ։
Կը կարծէ՞ք, որ այս աշխուժ քննարկումներէն ետք Հայաստանի նախագահը հաշուի կ'առնէ քաղաքական ուժերուն կարծիքը։
Մենք պիտի փորձենք հասարակական կարծիքին եւ ուժերուն հետ աշխատիլ, նախագահին ներկայացնել մեր մտահոգութիւնները, իսկ թէ ի՛նչ կ'ըլլայ, պէտք է սպասել ու տեսնել։




