Share
Սեպտեմբեր 09, 2009 Տպագրում

«ԱԶԴԱԿ»Ի ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ ՊԱՐՈՆՈՒՀԻ ՔԱՐՈԼԱՅՆ ՔՈՔՍԻ ՀԵՏ

«ԱԶԴԱԿ»Ի ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ ՊԱՐՈՆՈՒՀԻ ՔԱՐՈԼԱՅՆ ՔՈՔՍԻ ՀԵՏ

Պարոնուհի Քարոլայն Քոքս անդամ է Բրիտանիոյ Լորտերու տան։Ան նաեւ հիմնադիրը եւ ընդհանուր տնօրէնն է Մարդասիրական օժանդակութեան եւ նպաստի խնամակալ կազմակերպութեան («ՀԱՐԹ»)։ Ան զօրավիգ կանգնած է եւ կը զօրակցի մարդասիրական դատեր՝ Լեռնային Ղարաբաղի, արեւելեան եւ արեւմտեան Պուրմայի, Արեւելեան Թիմուրի, Հնդկաստանի, Նիկերիոյ, հարաւային Սուտանի եւ հիւսիսային Ուկանտայի մէջ։ Ան նաեւ նախագահն է Բրիտանահայկական համակուսակցական խորհրդարանական խումբին։ Հակառակ իր բազմազբաղութեան՝ պարոնուհի Քոքս պատուեց զիս ստորեւ տրուած հարցազրոյցով։

«ԱԶԴԱԿ».- Իբրեւ նախագահը Բրիտանահայկական համակուսակցական խորհրդարանական խումբին, ինչպէ՞ս կ'արժեւորէք հայ-բրիտանական յարաբերութիւնները։
ՊԱՐՈՆՈՒՀԻ ՔՈՔՍ.- Ես կը հաւատամ, որ հայ-բրիտանական յարաբերութիւնները դրական են, եւ ես շատ քաջալերուեցայ, երբ Բրիտանիոյ կառավարութիւնը որոշեց ներդրում կատարել Երեւանի մէջ նոր դեսպանատան մը կառուցման համար։ Յստակ է, որ Բրիտանիա առեւտրական մեծ շահեր ունի Ազրպէյճանի մէջ՝ «Պի.Փի.» ընկերութեան մեծ ներդրումով եւ Թուրքիոյ՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան Բրիտանիոյ հաւանութեամբ։ Այդ գործօնները մէկ մասը կը կազմեն բարդ հաւասարութեան մը, որուն մէկ բաժինը մեկուսացնելը անկարելի է։

«Թուտէյ'զ Զաման» թրքական օրաթերթին մէջ (13 մայիսի թիւ) լոյս տեսած հարցազրոյցի մը մէջ Թուրքիոյ մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Նիք Պէյըրտ նշած էր, թէ՝ «մենք մեծապէս հետաքրքրուած ենք Լեռնային Ղարաբաղի հարցը լուծելուն մէջ մեր օժանդակութիւնը բերելով եւ նեցուկ կը կանգնինք Մինսքի գործընթացին»։ Ի՞նչ ձեւով Բրիտանիան կրնայ օժանդակել այդ հարցի լուծման մէջ։
Ազրպէյճանի եւ Ղարաբաղի պատերազմի առաջին օրերուն ես քաջալերուեցայ, երբ Բրիտանիան աշխուժ մասնակցութիւն բերաւ Եւրոպայի մէջ ապահովութեան համագործակցութեան յանձնաժողով (ԵԱՀԿ-ի նախահայր «Ա.») կազմութեան մէջ, ինչպէս նաեւ՝ Մինսքի գործընթացի զարգացման մէջ։ Կը յուսամ, որ Բրիտանիա, միջազգային համայնքի ուրիշ անդամներու հետ, պիտի յարգէ իր ապագային վերաբերող որոշումներուն մէջ ամբողջական մասնակցութիւն բերելու Լեռնային ղարաբաղի ժողովուրդին իրաւունքը։
1990-ականներուն սկիզբը դուք աշխուժ դերակատարութիւն ունեցաք Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ։ Յետադարձ ակնարկ մը նետելով այդ տարիներուն վրայ, ի՞նչ դէպք ամէնէն աւելի տպաւորած է ձեզ։
Դժուար է ընտրել մէկ դէպք։ Բայց կը կարծեմ, այն դէպքը, որ ամէնէն աւելի խորապէս ցնցած է զիս, ազերի ուժերուն կողմէ այն անհիմն բարբարոսութիւնն է, որ գործադրուեցաւ Մարաղայի ջարդին ընթացքին։ Ես նաեւ մտահոգ եղած եմ Ազրպէյճանի կողմէ Խոջալուի դէպքերուն մեկնաբանութիւններով եւ անոնց հրապարակումներով, որ կը թուին ուշադրութիւն շեղելու փորձ մը ըլլալ այն ոճիրներէն, զորս իրենք գործեցին Մարաղայի մէջ, ինչպէս նաեւ մեղադրելու համար հայերը՝ մարդկութեան դէմ ենթադրեալ ոճիրներու համար։ Ես կը հաւատամ, որ Խոջալուի դէպքերուն ամբողջական եւ անկեղծ մեկնաբանութիւնը այդ արդիւնքին չի հասցներ, եւ Ազրպէյճան պէտք է հաշիւի կանչուի այն իսկական պատերազմի ոճիրներուն համար, որ իր ժողովուրդը գործեց Մարաղայի մէջ, եւ որուն համար ես փաստեր ունիմ։

Այսքան տարի անցնելէ ետք ինչպէ՞ս կը տեսնէք շրջանի կացութիւնը։
Կը կարծեմ, որ շրջանի կացութիւնը տակաւին կը շարունակէ մեծապէս մտահոգիչ ըլլալ։ Ազրպէյճանի կողմէ իր զինուորական պիւտճէն աւելցնելը, ինչպէս նաեւ անոր ռազմաշունչ եւ թշնամական քարոզչութիւնը չեն օգներ ներկայի պայմաններուն, երբ կարիքը կը զգացուի վստահութեան կառուցման եւ լուծումի մը յանգելու պատրաստակամութեան դրսեւորման. լուծում մը, որ, ըստ իս, կը յարգէ Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն ինքնորոշման իրաւունքը։

Շատ հետաքրքրական պիտի ըլլայ կարդալ այդ տարիներու ձեր փորձառութիւններուն մասին։ Մտադի՞ր էք գիրք մը գրելու այդ տարիներուն մասին։
Ես արդէն իսկ ստորագրած եմ հրատարակութիւն մը Լեռնային Ղարաբաղի մասին, իմ աշխատակիցներէս Ճոն Այպնըրի հետ միասին։ Անիկա կը կոչուի՝ «Ցեղային մաքրագործում ընթացքի մէջ. Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմը»։ Ներկայիս իմ աշխատանքս ինծի կը տանի շատ մը ուրիշ ժողովուրդներու, որոնք կը տառապին նոյն այն ձեւերով, որ Ղարաբաղի հայերը տառապեցան պատերազմի ընթացքին եւ յետպատերազմեան ժամանակաշրջանին, ինչպէս, օրինակ, Պուրմայի, Սուտանի, հիւսիսային Նիկերիոյ, հիւսիսային Ուկանտայի եւ Արեւելեան Թիմուրի մէջ։ Ես հետեւաբար ժամանակ չունիմ Ղարաբաղի մասին ուրիշ գիրք մը գրելու, հակառակ անոր որ ողբերգութիւնը ինքնին եւ անոր յաջորդող ժամանակաշրջանը, ինչպէս նաեւ քաղաքական լուծումի մը կարիքը տակաւին մտահոգիչ հարցեր են։ Սակայն, եթէ ոեւէ մէկը հետաքրքրուած է իմ մտահոգութիւններովս եւ փորձառութիւններովս, կրնայ կարդալ իմ երկու կենսագրականներս՝ «Պարոնուհի Քոքս. ձայնը անձայններուն» եւ « Պարոնուհի Քոքս. ականատես վկայ՝ կոտրուած աշխարհին»։

Հարցազրոյցը վարեց՝
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

«« վերադարձ ««
Powered by Webnaz Pagemaker