«ԱԶԴԱԿ»Ի ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԱՆԴԱՄ ԱԼԵՔՕ ՊԵԶԻԿԵԱՆԻ ՀԵՏ
Հայաստան - Թուրքիա արձանագրութիւններու նոր զարգացումներուն հետեւելու համար՝ «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի անդամ իտալահայ Ալեքօ Պեզիկեանի հետ, որ նաեւ ստանձնած է յարաբերական բազմաթիւ աշխատանքներ։ Հարցազրոյցը իր ամբողջութեամբ կը դարձնենք մեր ընթերցողներուն սեփականութիւնը։
«ԱԶԴԱԿ».- Ինչպէ՞ս կ'արժեւորէք Հայաստան - Թուրքիա արձանագրութիւններուն հոլովոյթն ու կարեւորութիւնը։
ԱԼԵՔՕ ՊԵԶԻԿԵԱՆ.- Հայոց ցեղասպանութեան հարցին գծով արձանագրութիւններուն մէջ ծածուկ կերպով տեղ գտած նախապայմանները շատ վտանգաւոր են։ Երկրորդ վտանգը կապ ունի Արցախի հարցին ու Թուրքիոյ սահմանները ճանչնալու խնդիրին հետ, եւ այս երկուքը մէկը միւսին հետ յստակօրէն անմիջական կապեր ունին։ Այս գործընթացը եթէ շարունակուի, ասիկա կը նշանակէ, որ մենք Թուրքիոյ յանձնած ենք մեր իրաւունքները եւ «մոռցած ենք» Արեւմտահայաստանը։ Եթէ զգացական գործօնը վերցնենք, ապա նոյնինքն օտարները առանց ենթակայական տուեալներ ունենալու կը նշեն, թէ համաձայնագիրը ընդունելու չէ, որովհետեւ կ'անտեսուի ցեղասպանութիւն մը։ Այսօր 5-6000 մարդոց սպանութիւնը կը նկատուի ցեղասպանութիւն, իսկ մէկուկէս միլիոնը կը դրուի հարցականի տակ։ Այսօր Թուրքիա եթէ կ'ուզէ անցնիլ քաղաքակիրթ երկիրներուն շարքին, ապա պէտք է խոնարհի ու ընդունի իր նախահայրերուն ոճիրը։ Թուրքիոյ այսօրուան ղեկավարութիւնը աւելի շատ յանցաւոր է, քան ջարդը կազմակերպողները։ Երբ 21-րդ դարու զարգացած հաւաքականութիւններ, կը ձգտին արդարութեան, եւ երբ այդ հաւաքականութիւններուն շարքին կը գտնուի Թուրքիան, ապա այս դարուն ցեղասպանութեան անտեսումը մեծ յանցանք է։ Միւս կողմէ, Ցեղասպանութեան հարցը վերաքննութեան ենթարկուող հարց չէ։ Որեւէ իշխանութիւն ինքն իրեն արտօնութիւն պէտք չէ տայ այդ մէկը կատարելու։ Պատմաբաններու յանձնախումբի ստեղծումը վերաքննութիւն կատարել է, իսկ իրողութիւնը կը հաստատուի միայն ճանաչումով։
Պրիւքսելի Հայ դատի գրասենեակը նշեալ զարգացումներուն հետեւելով ինչպիսի՞ ռազմավարութիւն պիտի որդեգրէ եւ այս գծով ի՞նչ աշխատանքներ կը կատարուին։
Մեր գրասենեակը 10 հոկտեմբերին կազմակերպած էր մտաւորականներու համագումար մը, որուն ընթացքին որդեգրուեցաւ բանաձեւ մը, որ համացանցի ճամբով դրուեցաւ ժողովուրդին տրամադրութեան տակ։ Մենք մեծ անակնկալի առջեւ գտնուեցանք, երբ աւելի քան 4000 հայեր իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին յայտարարութեան։ Գրասենեակը քաղաքակիրթ միջոցներով կը փորձէ լսելի դարձնել հայութեան մերժումը՝ «Ո՛չ»ը։ Եւրոպայի գրեթէ բոլոր հայկական կազմակերպութիւնները, որոնց թիւը շուրջ 1200 է, համախմբուած են մեր գրասենեակին շուրջ եւ կը պահանջեն, որ գրասենեակը ըլլայ իրենց ուղղութիւն տուողը։ Երկիրներու ու Եւրոպական խորհրդարանին մէջ աշխատանքները ընթացքի մէջ են եւ կարգ մը օտարներ Թուրքիոյ կը յանձնարարեն արագօրէն գտնել լուծումներ։ Եւրոպացիներուն համար մարդկային իրաւունքներու խնդիրը առաջնահերթութիւն է, եւ աշխատանքները պէտք է տարուին այդ ուղղութեամբ։ Պրիւքսելի գրասենեակը ամբողջ Եւրոպան ցնցած է, եւ ի զուր չէ, որ այսօր թուրքեր կը խօսին մեր գրասենեակին մասին։ «Վերջին խօսքը» ժողովուրդինն է, եւ այս գծով եւրոպահայութիւնը իր ըսելիքը ըսաւ, հակառակ անոր որ հայրենի լրատուական միջոցները չներկայացուցին ճիշդ պատկերը, մինչ եւրոպահայութեան հետ հանդիպումին նախագահ Սերժ Սարգսեանի ընտրած ներկայացուցիչները իրողապէս չէին ներկայացներ եւրոպահայութիւնը։
Հայ-թրքական արձանագրութիւնները որքանո՞վ կ'ազդեն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացին։
Ես անձնապէս կը կարծեմ, որ այս արձանագրութիւնները ճանաչման գործընթացին վրայ ժխտական անդրադարձներ պիտի չունենան, քանի որ արձանագրութենէն շուրջ 20 ժամ ետք արդէն «եթէ»ները սկսան գործածուիլ... Այս արձանագրութիւնները միակողմանի են։ Չեմ կարծեր, որ Հայաստանի իշխանութիւնները ամէն ինչ կը զոհեն՝ բանալու համար սահմանը։ Եւրոպացիներն ալ սկիզբը ուրախ էին, բայց ստորագրութենէն 24 ժամ ետք անդրադարձան, որ սփիւռքահայութիւնը ոտքի է ու «Ո՛չ»ի արտայայտութիւնը դարձած է համատարած կեցուածք։
Բայց չէ՞ք կարծեր, որ այս արձանագրութիւնները միջազգային առումով կը միտին խնդիրին մէջ դուրս ձգել երրորդ կողմը՝ միջազգային ընտանիքը։ Այդպիսով պետութիւնները պիտի ըսեն, թէ երբ դուք յարաբերութիւններու մէջ էք, ապա դուք լուծեցէք ձեր խնդիրները...
Շատ բնական է, որ իրենք այդպէս պիտի ըսեն, սակայն երբ այդ խօսակցութիւնները չունեցան զարգացումներ ու կանգ առին, ապա այդ մտահոգութիւնը գոյութիւն չունի: Արձանագրութիւնները ստորագրուելու պահէն արդէն կանգ առին։ Ամբողջ աշխարհը ականատես եղաւ, որ արձանագրութիւններու ստորագրութեան յաջորդող օրերուն ոչ մէկ յայտարարութիւն կատարուեցաւ երկու իշխանութիւններուն կողմէ հարցը կարգաւորելու առումով։
Այսինքն՝ կը հաստատէ՞ք, թէ այսօր արդէն արձանագրութիւնները կանգ առած են։
Այո՛, ինչ որ կը տեսնենք թրքական մամուլէն, թուրքերը արդէն կը զղջան։ Իրենք ուզեցին արեւմտեան երկիրներուն ցոյց տալ, թէ իրենք բարեացակամ վերաբերմունք ունին։ Նոյնը հաւանաբար ըրին Հայաստանի իշխանութիւնները։ Ոչ մէկը եւ ոչ ալ միւսը իրենց ժողովրդային կարծիքներուն յենելով առին այդ քայլը, սակայն երկու կողմերն ալ այս ձեւակերպութիւնը ըրին՝ ցոյց տալու համար, որ բան մը կ'ընեն։
Ուրեմն արձանագրութիւնները դրական արձագանգ ունեցան...
Այդ մթնոլորտը աշխատանքի նոր խանդավառութիւն ստեղծեց։ Մենք չէինք կարծեր, որ այդքան կազմակերպութիւններ զօրավիգ կը կանգնին Հայ դատի յանձնախումբին։ Մենք հիմա անոնց նկատմամբ ունինք նոր պատասխանատուութիւն՝ տալու ցուցմունքներ եւ ճշդելու նոր ռազմավարութիւն։ Արձանագրութիւններուն ճամբով նոր պայքարը սկսաւ։ Նոյնիսկ այն հայերը, որոնք մեզմէ հեռացած էին օտարութեան պատճառով, կամ ալ գրասենեակին կուսակցական գունաւորում տալով, անոնք վերադարձան։ Բնականաբար արգելքներ ալ կան, որոնք վստահաբար յաղթահարելի են։
Այլ ըսելի՞ք։
Լիբանանահայութիւնը սփիւռքահայութեան հիմնական մէկ մասնիկն է։ Անկեղծ ըլլալու համար այս օրերուն լիբանանահայութենէն աւելին կ'ակնկալուէր, բայց առկայ պայմանները արդէն համապատասխան լուսաբանութիւնը կը փոխանցեն։ Կը կարծեմ, որ սփիւռքը այսուհետեւ պէտք է իբրեւ ղեկ ունենեայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, ուր ցեղասպանութեան հետքերը պահուած են։ Այդ կեդրոնը պէտք է դառնայ սփիւռքահայութեան հաւաքագրման վայրը։ Վերջապէս, աշխատանքները կարելի չէ կամաւոր կերպով իրականացնել, եւ այս առնչութեամբ կոչ կ'ուղղեմ հայորդիներուն թիկունք կանգնելու մեր կառոյցներուն եւ ի մասնաւորի դպրոցներուն։ Մենք կ'ուզենք պատրաստել զօրաւոր սերունդ, մեր պատմութիւնը ճանչցող սերունդ եւ մեր իրաւունքները պաշտպանող սերունդ։ Իսկ «Ազդակ» օրաթերթը վերջին տարիներուն շատ մեծ յառաջդիմութիւն արձանագրեց, ինչ որ բացայայտ է։ «Ազդակ»ի կայքէջն ալ իր կարգին մեծ դեր ունեցաւ, որուն իբրեւ արդիւնք ընթերցողներուն թիւը մեծ աճ արձանագրեց։ Կրնամ հաստատել, որ այսօր սփիւռքահայութեան ամէնէն լաւ օրաթերթերէն է, եթէ ոչ ամէնէն լաւը։ Այո՛, «Ազդակ»ը առաքելութիւն է, եւ պէտք է հաւաքաբար զօրավիգ կանգնիլ «Ազդակ»ին՝ շարունակելու համար այդ առաքելութիւնը...
Հարցազրոյցը Վարեց
ՐԱՖՖԻ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ




