ARMENIAN ENGLISH
A- A A+

ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

Ապրիլ 2012

Ապրիլ 2012

Մայիս 09, 2009 Տպագրում

ԿԻՊՐԱՀԱՅ ԳԱՂՈՒԹԻՆ ՀԵՏ

ԿԻՊՐԱՀԱՅ ԳԱՂՈՒԹԻՆ ՀԵՏ

ԿԻՊՐԱՀԱՅ ԳԱՂՈՒԹԸ ԵՒ ԶԱՅՆ ՅՈՒԶՈՂ ՀԱՐՑԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ ԿԸ ԽՕՍԻՆ ԿԻՊՐՈՍԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Կիպրոսի հայոց թեմի պատմականն ու անոր ներկայ վիճակը, գաղութին կրթական, ազգային եւ մշակութային կեանքին առնչուած հարցերը, ինչպէս նաեւ տարուող աշխատանքները, մարտահրաւէրները շրջանցելու քննարկումի նիւթ դարձան «Ազդակ»ի յարկին տակ՝ Կիպրոսի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Վարուժան արք. Հերկելեանի եւ կիպրահայ իշխանութեան ներկայացուցիչներ Սեպուհ Դաւիթեանի եւ Անդրանիկ Աշճեանի հետ։ «Ազդակ»ի զրուցակիցներուն մտահոգութիւնը կը բխէր սփիւռքահայութեան կերտուածքին եւ բնոյթին յատուկ դժուարութիւններէն եւ հարցերէն, իսկ անոնց ծրագիրները զանազան են՝ կղզիին մէջ հայկական ազգային ու մշակութային շունչը պահպանելու համար, այդ իմաստով յատկանշական է Կոմիտաս Վարդապետի 140-ամեակին նուիրուած երգահանդէսը։

«ԱԶԴԱԿ».- Ընդհանուր ակնարկով մը կրնա՞ք ըսել, թէ ընդհանրապէս Կիպրոսի մէջ որքան հայ կ'ապրի, որքա՞նը մեր թեմին կը պատկանի. ի՞նչ կարգավիճակի մէջ է այսօր գաղութը, կիպրահայերը որքանո՞վ մօտ են մեր եկեղեցւոյ, մեր դպրոցներուն, մեր ազգային կեանքին։

ՎԱՐՈՒԺԱՆ ԱՐՔ. ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ.- Նախ Կիպրոսի թեմը մէկ է, ուրիշ թեմ չկայ, նաեւ յարանուանական՝ աւետարանական կամ կաթողիկէ հայկական եկեղեցի չկայ։ Բոլոր հաւատացեալները կը յաճախեն մեր եկեղեցին. բայց որքանո՛վ կը մասնակցին եկեղեցական ու ազգային կեանքին, դժբախտաբար ատիկա հարցական է ոչ միայն Կիպրոսի մէջ, այլ ուրիշ տեղեր ալ գրեթէ նոյնն է։ Իբրեւ գաղութ՝ Կիպրոս միշտ պայքարի թատերաբեմ եղած է քանի մը կողմէ, թէ՛ կուսակցական, թէ՛ միութենական։ Հիմա մեծ թիւով միութենական կառոյցներ չկան։ Բայց ժամանակին եղած են դէպքեր եւ կազմակերպութիւններ, միութիւններ իրարու հակադրուած են։ Հիմա ալ որոշ չափով կան այդ պայքարները՝ զիրար չհանդուրժելու։ Ձեռնարկ մը, որ կ'ընէ Համազգայինը, միւսները չեն մասնակցիր, կամ միւսներուն ըրած աշխատանքին Համազգայինէն մարդիկ չեն մասնակցիր։ Տակաւին այդ հիւանդագին երեւոյթը կայ, բայց որոշ չափով բարելաւուած է։ Եկեղեցւոյ պարագային միեւնոյնն է, կայ հատուած մը, որ ժամանակի ընթացքին հակառակ եղած է գաղափարական հարցերով 1956-ին, եւ որոշ չափով ատիկա կը շարունակուի դժբախտաբար. ընտանիքները, հայրերը, ծնողները կը սորվեցնեն իրենց զաւակներուն եւ այդպէս ալ կը շարունակուի։ Բայց պէտք է ըսել, որ կայ որոշ զարթօնք մը գաղութին մէջ. կայ փոքր հատուած մը, որ այս բաները կ'ուզէ շրջանցել։ Գաղութի թիւն է մօտ 2-3000 մնայուն բնակութիւն հաստատած մարդիկ, որոնք քաղաքացիութիւն ունին։ Կան նաեւ Հայաստանէն արտագաղթած 1500 հայեր, ցրուած գլխաւոր չորս քաղաքներու մէջ՝ Նիկոսիա, Լիմասոլ, Լառնաքա եւ Ֆամակուսթա։ Այս ու վերջինին մէջ կան Հայաստանէն գաղթած շուրջ 150 հայեր, եկեղեցին կը ջանայ անոնց մօտիկութիւն ցոյց տալ, բայց կայ նաեւ կիպրահայերուն հետ շաղուելու հարց։ Պէտք է ըսել, որ երկուստեք դժուարութիւններ կան. անոնք համախմբուելու հարց ունին, որովհետեւ ապօրէն ձեւով կ'ապրին եւ չեն ուզեր երեւիլ հանրային տեղերու մէջ։

ՍԵՊՈՒՀ ԴԱՒԻԹԵԱՆ.- Կարելի է աւելցնել, որ անցեալին ալ եղած է, որ ուրիշ գաղութներէ արտագաղթ տեղի ունեցած ըլլայ դէպի Կիպրոս։ Օրինակի համար՝ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ատեն բաւական մեծ թիւով լիբանանահայեր եկան եւ ժամանակաւոր կերպով Կիպրոս մնացին, կամ Իրանի խնդիրներու ատեն բաւական իրանահայեր եկան։ Բայց ասոնց պարագային անմիջապէս կրցան կիպրահայ գաղութին մէջ իրենց տեղը գտնել։ Հարց կամ երկուութիւն չստեղծուեցաւ։ Հայաստանցիներու պարագային ընդհանրապէս տարբեր է։

Վ.Ա.Հ.- Գաղութը աւելի ճիգ կը թափէ, որ ներգրաւէ հայաստանցիներն ալ մեր գաղութային կեանքին մէջ։ Անոնք ունին ո՛չ դպրոց, ո՛չ եկեղեցի, բոլորովին կտրուած են հայութենէ, ուրեմն ձեռք երկարած ենք անոնց։

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԱՇՃԵԱՆ.- Հայաստանցիներու մասին խօսելով՝ կրնանք ըսել, թէ անոնք եկած են տարբեր մտայնութեամբ եւ տակաւին սփիւռքահայերու մտահոգութիւնները չունին...

«ԱԶԴԱԿ».- Քանի՞ տարիէ ի վեր հոն են։

«Ա.Ա.».- Անկախութենէն ի վեր սկսած են գալ։ Առաջին շրջանին եկողներուն մեծ մասը 1962-63 թուականներուն ներգաղթած էին (Հայաստան)։ Մէկ հոգի գացողին դիմաց քսան հոգի վերադարձած է։ Սակայն տակաւին սփիւռքահայու մտայնութեան մէջ չեն մտած, գոհ են իրենց վիճակէն, կրնան իրենց հայկականութիւնը տան մէջ պահել՝ իրարու հետ հաւաքուելով։ Ներքին կեթոյի մը պէս կ'ապրին։ Տակաւին նոր, Նիկոսիոյ եւ որոշ չափով Լիմասոլի մէջ, սկսած են իրենց զաւակները հայկական դպրոց ղրկել. այդ ալ՝ ոչ հարիւր տոկոսով։ Տակաւին կան շատ մեծ թիւով աշակերտներ, որոնք տեղական վարժարաններ կը յաճախեն։ Այդ ալ կորուստ մըն է, իսկ մինչեւ որ իրենք սկսին տեսնել, թէ իրենց սերունդները կը կորսուին կամ հայութենէ կը հեռանան, կը ձուլուին, կրնայ ուշ ըլլալ։ Ինչպէս սրբազանը նշեց, Պաֆոսի մէջ ապրողները բոլորովին հեռու մնացած են ազգային կեանքէն ու հիմա կը զգան, երբ հասակ կ'առնեն իրենց զաւակները ու կը տեսնեն, թէ հայութենէ հեռու են. հիմա է, որ ահազանգ կը հնչեցնեն։ Սփիւռքի այդ մտահոգութիւնը կ'արթննայ մէջերնին։ Մենք այդ մտահոգութիւնը ի ծնէ ունինք, իրենց մէջ չկայ։

Ս. Դ.- Իրենց գլխաւոր մտահոգութիւնը եղած է իրենց ապրուստը ապահովել, բայց հիմա, որ կը տեսնեն, թէ նոր սերունդը յունական դպրոց կ'երթայ, կը նահանջէ իր հայկականութիւնը, սկսած են որոշ չափով մտահոգուիլ։

«ԱԶԴԱԿ».- Քանի՞ դպրոց կը գործէ Կիպրոսի մէջ, ո՞ր միութիւնները գործօն ներկայութիւն են։

Հ.Վ.Հ.- Դպրոցներու պարագային, մէկ դպրոց է, «Նարեկ» վարժարաններն են, որ մէկ տնօրէնի հսկողութեան տակ կը գործեն երեք քաղաքներու մէջ Նիկոսիոյ մէջ շուրջ 140 աշակերտ, Լառնաքայի մէջ 20-25 աշակերտ եւ Լիմասոլի մէջ 20-25 աշակերտ։ Իսկ դպրոցներուն ծախսը ամբողջութեամբ պետութիւնը կը հոգայ, այսինքն բացառիկ երեւոյթ մըն է ասիկա. պետութիւնը ոչ միայն շինած է դպրոցները, այլեւ կը հոգայ բոլոր ծախսերը։

«ԱԶԴԱԿ».- Այսպիսով, այդ դպրոցները պետական կառոյց չե՞նք կրնար նկատել։

Վ.Ա.Հ.- Ներքին կառավարման անկախութիւն ունին դպրոցները, կայ կիպրահայ հոգաբարձութիւնը։ Դպրոցը անկախ կը գործէ, այսինքն, թէ ի՞նչ դասապահեր պիտի դասաւանդուին. հայերէնը որքա՛ն պիտի ըլլայ, հայոց պատմութիւնը որքան, պետութիւնը չի խառնուիր։

Պիւտժէական նախածրագիրներու դասագիրք հայթայթումի համար եւ թէ քանի ուսուցիչի պէտք կայ, ասոնք ամէնը պետութիւնը կը հոգայ։ Ուրեմն շրջանի մը համար կը գործէ պետութեան կողմէ նշանակուած մարմին մը, որ սակայն կը պահէ (պետութենէն) իր որոշ անկախութիւնը։

«ԱԶԴԱԿ».- Իսկ կիպրահայ գաղութին մէջ որքանո՞վ ձուլումը, օտարամոլութիւնը սկսած են արմատ նետել. կա՞ն կիպրահայ ընտանիքներ, որոնք շատոնց հաստատուած են հոն (Կիպրոս) եւ իրենց զաւակները հայկական դպրոց չեն ղրկեր կամ, ընդհանրապէս, երիտասարդութեան մէջ ձուլումի երեւոյթը որքանո՞վ սկսած է երեւիլ կիպրահայ գաղութին մօտ։

Հ.Վ.Հ. Այն գաղութներուն մէջ, ուր նոյնանման ժողովուրդներ կողք-կողքի ազատօրէն ապրած են, օրինակ՝ յոյներուն հետ շատ տարբերութիւն չունինք, այսինքն՝ հաւատքով մշակոյթով եւ այլն, շատ աւելի դիւրին եղած է ձուլումը, եւ այդ ալ պատճառներէն մէկն է, որ Լիբանանի, Սուրիոյ կամ Իրանի մէջ ապրող հայերը քով-քովի գան, որովհետեւ (տեղացին) դրացին տարբեր է, այս տարբերութիւնը զիրենք կը համախմբէ։ Ասիկա չկայ Կիպրոսի մէջ թէեւ հպարտ ենք, որ Եւրոպայի մէջ հայկական միակ գաղութն ենք, որ 95 առ հարիւր տոկոսով հայերէն կը խօսինք, մեր առօրեայ թէ ընտանեկան կեանքին մէջ հայերէն կը գործածենք։ Բայց այս ալ սկսած է տկարանալ ու այդ համաշխարհայնացման պատճառով։ Համաշխարհայնացման վատ հետեւանքներն են, որ կամաց-կամաց յաջորդող սերունդներուն վրայ աւելի պիտի ազդեն ու երեւին։

Ս.Դ.- Աւելցնենք, որ երբ մեր մեծ հայրերն ու մայրերը առաջին անգամ Կիպրոս եկած են, յունարէն չէին գիտեր. հետեւաբար քով-քովի համախմբուած են հայկական թաղամասերու մէջ եւ յոյներու հետ յարաբերութիւնը հազուադէպ եղած է։ Եթէ ժողովուրդը ինքիր մէջ ամփոփուած է սկիզբը, հետզհետէ սերունդէ սերունդ լեզուի պատնէշը ելած է եւ աշխուժ յարաբերութիւն սկսած է տեղացիներուն հետ։ Ասիկա ձեւով մը դուռը բացած է խառն ամուսնութիւններու։

Հ.Ա.Հ.- Բայց ըսեմ, որ միայն յոյներու հետ չէ, որ խառն ամուսնութիւն կը կնքուի։ Մենք խնամի կ'ըլլանք նաեւ ռուսին հետ, մոլտաւիացիին հետ. տրամաբանական է, որ յոյներու հետ ըլլար, քանի որ անոնց հետ կ'ապրինք։ Իմ տեսակէտս այն է, որ ասիկա կախում ունի հայ անհատէն։ Նախապէս, հինէն, լաւ աճած է Կիհրահայ գաղութը վերջին հարիւր տարիներուն, թէեւ այդ ատեն ալ մենք ունեցած ենք զարտուղութիւններ, փախչող, լուսանցքէն դուրս ելլող ընտանիքներ։ Այսօր ալ կան անոնց նմանները. բայց կայ կորիզ մը, որ տակաւին մնացած է ազգային կառոյցին մէջ։ Եւ այդ կառոյցին մէջ զիս այնքան չի մտահոգեր խառն ամուսնութիւնը, որքան՝ ամուսնալուծումները, որո՛նք ընթացք առած են վերջին շրջանին։ Մեր ընտանիքները կը քայքայուին։ Չեմ ուզեր մտնել ընտանեկան հարկերէ ներս ու ըսեմ, որ չունինք դատաստանական խորհուրդ, եւ պետութիւնը, շատ դիւրին կու տայ ամուսնալուծման վճիռը։ Փաստաբանը նամակ մը կը գրէ, եւ անմիջապէս ամուսնալուծումը տեղի կ'ունենայ դժբախտաբար, որովհետեւ հարցաքննութիւն եւ այլն չի կատարուիր։

«Ա.».- Եկեղեցին ազդեցութիւն չունի՞ այստեղ։

Վ.Ա.Հ.- Եկեղեցին՝ այո։ 1990-ական թուականներէն սկսեալ եկեղեցին Դատաստանական խորհուրդ չունի։ Այդպէ՛ս է մենք Սփիւռքի մեր տուրքը պիտի տանք եւ մեր եկեղեցւոյ ու ազգային կառոյցներու աշխատանքը եղածը առաւելագոյն կամ կարելի չափով նուազեցնել այդ տուրքը։ Կիպրահայ գաղութն ալ տուած է եւ կու տայ իր տուրքը, ձուլման տուրքը։ Բայց այդ տեսակէտէն, համեմատաբար իր թիւին, լաւ վիճակի մէջ է կիպրահայ գաղութը։

«Ա.».- Ամուսնալուծումներու պարագային, այն ընտանիքները, որոնք կը հետեւին մեր աւանդութեանց եւ համոզումներուն, որքանո՞վ մօտ կը զգան ու կը դիմեն եկեղեցւոյ, իբրեւ ազգային նկարագրի տէր մարդիկ։

Վ. Ա. Հ.- Տեսէք, հիմա որ այս ազատութիւնը տրուած է իրենց, եկողները շատ քիչ են. մէկ կամ երկու հոգի եկան ու իմ կարծիքս եւ խրատս ուզեցին. բայց ատիկա բան չփոխեց։ Մենք կրնանք միայն խրատել, թելադրել, որ այսպէս ըրէք, չքանդէք տունը եւ այլն, բայց եթէ կողմերէն մէկը, կինը կամ ամուսինը, ծայրայեղութեան երթայ, ազատ է, կրնայ փաստաբանին դիմել...։ Եկեղեցւոյ կարծիքը գրեթէ առնող չկայ. հայերու 80-90 առ հարիւրը արդէն ինք կ'որոշէ եւ պետութենէն մեզի թուղթ մը կու գայ, որ այդ մարդիկը ամուսնալուծուած են։

Ս.Դ. Բայց պատկերը կը փոխուի ժամանակի թաւալումով, եթէ 20 տարի առաջ դասարանը բոլոր մանուկները հայախօս ընտանիքներէ կու գային, եւ հայերէնը անոնց առաջին գործածական լեզուն էր, հիմա շատ մը մանուկներ կու գան ընտանիքներէ, ուր հայրը կամ մայրը հայերէն չի գիտեր. այնպէս որ, հայերէնի մակարդակը նախկինը չէ։

Վ.Ս.Հ.- Պէտք չէ նաեւ մոռնալ, որ ատիկա նախ դպրոցէն կախում ունի. դպրոցը շատ բան կրնայ փոխել։ Եթէ ութ հոգիին մէկը այդպէս է, պէտք է եօթին հետեւիլ։ Բայց մեր դպրոցները պետական, ձրիավարժ են եւ ազգային իշխանութեան հետ կապ չունին. կը կառավարուին պետութեան կողմէ նշանակուած ներկայացուցիչի միջոցով, եթէ շրջանը կէսը հասած է, ներկայացուցիչը չի փոխուիր, ինչպէս որ պատահեցաւ. կը կառավարուի այլ հոգաբարձութեան կողմէ, որուն անդամները կը նշանակուին ընտրական հաշիւներով, այսինքն կօշկակա՛րն ալ կրնայ ըլլալ հոգաբարձութեան անդամ, ելեկտրագործն ալ։ Ի՛նքն է տնօրինողը. հայագիտութեան կամ հայկական դաստիարակութեան հետ կապ չունի։ Հետեւաբար հոն մենք սխալ ունինք եւ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ մեր հանդիպումին ընթացքին պիտի ըսենք անշուշտ։ Գտնուած եմ Յունաստան, Միացեալ Նահանգներ, եւայլ, հոն, օրինակ, դպրոցի բակին մէջ մեր մանուկները յունարէն կամ անգլերէն կը խօսին ու ասիկա բնական դարձած է իրենց համար։ Բայց տակաւին Կիպրոսի մէջ յարաբերաբար աւելի լաւ ենք։ Երբեմն, երբ մեր եկեղեցիին դիրքը մօտ ըլլալու պատճառով հայ երեխաներուն կը հանդիպիմ, կը նկատեմ, թէ հայերէն կը խօսին։ Բայց յաւելեալ ճիգով հաւանաբար աւելի արդիւնք կարելի կ'ըլլայ ձեռք ձգել։

Ա.Ա.- Նկատի պէտք է ունենանք, որ դպրոցին մէջ միակ դերակատարութիւնը, Ազգային իշխանութիւնը ունի, կը կատարուի կրօնի դասապահերու ընդմէջէն։ Այսինքն ձեւով մը մեզի ձգուած է կրօնական դաստիարակութիւնը. հիմա դժբախտաբար ծնողը կրնայ առարկել, որ իր զաւակը կրօնի դասի չհետեւի։ Դժբախտաբար, քայլ պահելով Եւրոպական Միութեան ազատութեանց այդ տրամադրութեանց հետ, մենք ալ կրնանք տուժել, որովհետեւ այս մէկը աւելի պիտի նպաստէ, որ մեր անհոգ ծնողները աւելի դիւրութեամբ ուզեն իրենց զաւակը հեռու պահել, զերծ պահել մէկ «Գլխացաւէ», յաւելեալ մէկ պահէ, այսպիսով աւելի նպաստելով իրենց զաւակներու օտարացման։ Ինչպէս որ սրբազանը ըսաւ, Կիպրոսի պետութիւնը շատ լաւ բաներ տուած է մեզի, դիւրութիւններ ընծայած է, անկախութեան թուականէն՝ 1960-էն ի վեր, ազատութիւն եւ մարդուժ տրամադրած է մեզի, բայց մենք չենք կրցած օգտագործել այդ բարիքները՝ հաշիւներու պատճառով։ Մենք յաճախ մեր բարիքները անէծքի կամ չարիքի վերածած ենք մեր ձեռքով, եւ այսօր բոլորը կը զգան այդ մէկը։ Նոյնիսկ պետական ներկայացուցիչը դիտել տուած է ատիկա։ Որովհետեւ այդ բարիքները ի շահ գաղութին եւ միասնականութեան չենք օգտագործած, այլ նեղ հաշիւներով տարուելով՝ դժբախտաբար հասած ենք հոս, որ նահանջի համազօր է։ «Մելգոնեան»ի փակումը առաջին ահազանգն էր, հիմա «Նարեկ»ը նոյն ահազանգին դէմ յանդիման է. պէտք չէ հասնինք հոն. հատուածական կամ անձնական այլ շահերէ մեկնելով՝ դպրոցը չքանդեն, զոհ չդարձնեն։

Այս կացութիւնը չի փոխուիր, եթէ մտայնութիւնը չփոխուի, թէ ո՛վ պէտք է կառավարէ դպրոցը, ո՛վ պէտք է խօսք ունենայ դպրոցին մէջ, եւ թէ ի՛նչ ըսել է հայեցի դաստիարակութիւն։ Միայն հայերէն խօսի՞լ, թէ՞ հիմը դնել հայկականութեան, գրականութեան, մշակոյթին, կրօնին, փոքր տարիքէն, որովհետեւ նախակրթարանէն ետք հայ երեխան պարտադրաբար օտար դպրոց պիտի երթայ։ Արդ, եթէ նախակրթարանի փոքր տարիքին երեխայի մտայնութեան մէջ հիմը չդրուի հայկականութեան, ան դիւրին պիտի կորսուի հետագային։

Ս. Դ.- Շատ պարզ է պատասխանը. ներկայիս պետական նոր ներկայացուցիչին եւ Ազգային իշխանութեան միջեւ սերտ յարաբերութիւն գոյութիւն ունի։ Այդ ներկայացուցիչն է, որ պետութեան կը թելադրէ, թէ ո՛վ պէտք է ըլլայ հոգաբարձութեան անդամ, եւ պետութիւնը կը նշանակէ։ Յառաջիկայ նոյեմբերին շրջանաւարտ կ'ըլլայ այս հոգաբարձութիւնը, այն ատեն նոր ներկայացուցիչը ի վիճակի կ'ըլլայ (հոգաբարձութեան կազմի) իր ցանկը ներկայացնելու կառավարութեան, որպէսզի նշանակէ հոգաբարձութեան նոր կազմը, յառաջիկայ հնգամեակին համար։

Կիպրոսի պետական կառոյցին դրուածքը, սահմանադրութիւնը Լիբանանի նման է, համայնքային դրութիւն կայ։ Այսինքն կան երկու գլխաւոր համայնքները՝ յոյներն ու թուրքերը, եւ երեք փոքրամասնութիւններ՝ մարոնիներ, հայեր ու լատիններ։ Ասոնք սահմանադրութեան մէջ կը ճանչցուին իբրեւ «կրօնական» խմբակցութիւն։ Շատ մը բաներու մէջ, յատկապէս համայնքին վերաբերող հարցերու շուրջ առաջնորդն ու Ազգային իշխանութիւնը համարատու են պետութեան առջեւ։ Կիպրոսի 50 տարուան պատմութեան մէջ միայն որոշ շրջաններու ընթացքին կրցած են պահել ներդաշնակութիւնը եւ աշխատիլ միասին եւ շատ յաջող նորութիւններ ձեռք բերուած են։ Բայց երբ մենք ներքնօրէն, այսինքն՝ պետութեան կողմէ սահմանուած ազգային կառոյցները, գործակցինք, շատ աւելի լաւ ձեւով կը յառաջդիմենք, եւ համերաշխութիւն կը տիրէ ներքնապէս թէ արտաքնապէս։

Վ. Ա. Հ.- Պետական ներկայացուցիչը կապն է պետութեան եւ համայնքին միջեւ։ Եկեղեցին ազատ է իր կրօնական հոգեւոր հարցերուն մէջ. մենք կապեր ունինք իրենց պատրիարքին հետ։ Արդ, երբ հարցեր ունենանք, ճիշդ չենք ըներ, եթէ առանց պետական ներկայացուցիչին լուծենք։ Եթէ նպաստի պէտք ունինք, օրինակի համար, պէտք է պետական ներկայացուցիչին փոխանցենք, թէ այս հարցը ունինք, կամ եթէ վեհափառը պիտի այցելէ, ներկայացուցիչը պէտք է ըլլայ կապը եւ քայլերը դասաւորէ, որպէսզի մեր մշակած ծրագիրը իրագործուի։

«Ա.».- Ի՞նչ ծրագիրներ կը մշակէք, որ աշխուժացնէք ազգային կեանքը Կիպրոսի մէջ եւ աւելի մօտեցնէք զանոնք եկեղեցւոյ եւ ազգային կեանքին։

Վ. Ա. Հ.- Ազգային կեանքի վերաբերեալ կայ Համազգայինը, որ կ'ունենայ իր տարեկան ելոյթը, դասախօսութիւն կը կազմակերպէ, կայ նաեւ ՀՕՄ-ը, որ աւելի բարեսիրական նպատակներով կ'աշխատի։ Կան կուսակցութիւններ, Բարեգործականը, որ խանգարուած է քիչ մը ներկայիս, Մելգոնեանի հարցով։ Դպրոցները մեր ձեռքը չեն, բայց եկեղեցին ունի իր կիրակնօրեայ վարժարանի դրութիւնը, որուն միջոցով աշխատանք կը տանինք, տարեկան 4-5 հաւաքոյթներ կ'ունենանք։ Կը կազմակերպենք քարոզչական դասախօսութիւններ, ընտանեկան առողջապահական ու հոգեւոր թեմաներով։ Լսարանական սեմինարներ կը կազմակերպենք։ Օրինակ՝ անցեալ տարի մենք «Փառանձեմ թագուհի»ն հրաւիրեցինք եւ Ռ. Սեւակի մէկ վէպին շնորհահանդէսը ըրինք։ Այս տարի ապրիլ 15-ին, Կոմիտասի 140-ամեակին առիթով հրաւիրած ենք Գէորգ Հաճեանը։ Կը մտածենք նաեւ մամուլի մասին ձեռնարկ մը ընել։ Սակայն այս բոլորը կ'ընենք սահմանափակ տարողութեամբ, քանի գաղութը փոքր է եւ մասնակցողները ընդհանրապէս նոյն մարդիկն են։

Ա. Ա.- Մշակութային իմաստով կան եղանակներ, երբ եռուզեռի մէջ կ'ըլլանք։ Օրինակ՝ ընթացիկ այս 2 ամիսներուն համար Համազգայինը կազմակերպեց կիպրահայ արուեստագէտներու ցուցահանդէսը։ Նաեւ կը պատրաստուի ելոյթ ունենալ Համազգայինի պարախումբն ու թատերախումբը։ Ամէն շաբաթ դասախօսական շարք մը ունինք։ Ապրիլի կիսուն կը նախատեսուի Կոմիտասի նուիրուած ձեռնարկը։ Արդէն կու գայ Աւագ ուրբաթը. մայիսի մէջ ունինք Ս. Մակարայ վանքի ուխտագնացութեան օրը, նաեւ՝ ապրիլ 24-ը եւ ապա մայիս 28-ը, որ տարիներով միայն գաղութիս մէկ հատուածը կը տօնէր, հիմա բոլորս կը մասնակցինք։

Վ. Ա. Հ.- Այսինքն միշտ կայ եկեղեցիին բաժինը։ Մենք միշտ կը ջանանք, որ խաչաձեւում չըլլայ. եթէ դրամով կամ հրաւէր ըլլայ, այդ ալ կ'ազդէ։ Երբեմն խրախճանքի, ուտել-խմելու կ'երթան, ինչպէս գիտէք, մեր ժողովուրդը աւելի կարեւորութիւն կու տայ այդ բաներուն, մանաւանդ՝ Կիպրոսի մէջ։ Դժբախտաբար, սակայն հոգեւոր լուրջ ձեռնարկներու չեն գար։ Չեմ գիտեր, հոս կամ Սուրիա ինչպէս է, 10 տարիէ հոս չեմ։
Վերադառնալով դպրոցին՝ մեր ընտանիքը շատ կարեւոր դեր ունի. չեմ կրնար, օրինակ, Կոմիտասը ճաշարանի մէջ լսել. Կոմիտասը կարելի է յատուկ հանդէսով, եկեղեցւոյ կամ յատուկ սրահի մէջ լսել։ Մեր ընտանիքները դժբախտաբար չեն կրթուած. ասիկա միայն Կիպրոսին յատուկ չէ, այլ ամէն տեղ է։ Դժբախտաբար Եւրոպական Միութեան մաս կազմելով՝ Կիպրոսի մէջ մեր երեխաները 18 տարեկանին արդէն ծնողներուն «ձեռքէն դուրս կ'ելլեն»։ Եթէ մինչեւ 18 տարեկան աչալուրջ չեղան այդ ծնողները, երեխան պիտի ամուսնալուծուի կամ խառն ամուսնութիւն կնքէ։ Հսկողը նախ ծնողները պիտի ըլլան։ Ինչպէ՞ս կարելի է դաստիարակել մեր այդ ծնողները. տակաւին այդ որոնումներուն մէջ ենք։ Արդ, ընտանիքը դպրոց է, հիմնական, նախնական դպրոց է։ Եթէ այդտեղ մենք կարենանք աշխատանք տանիլ, թերեւս փոփոխութիւն մտցնենք, բայց շատ դժուար է, մանաւանդ մեր գաղութը բաւարար մարդուժ ալ չունի. մտաւորական մարդ կիպրահայ գաղութին մէջ 10 հոգի չկայ, իսկ համալսարանական՝ բոլորը։ Որո՞ւ հետ պիտի աշխատինք։ Կը խօսուի «Մելգոնեան»ի փակուելուն մասին. բայց «Մելգոնեան»ի սանուցը կամ շրջանաւարտները, որոնք կը խօսին Քալիֆորնիա թէ ուրիշ տեղեր, ի՞նչ ըրին կանխելու համար այդ մէկը։ Հիմա ելած են իրենց ձեւով երաժշտութիւն կը նուագեն «Ժենոսիտ» ցեղասպանութեան վերաբերող նիւթով, ո՞վ իրենց մտիկ կ'ընէ։ Իրե՛նք տէր չեն եղած իրենց ունեցուածքին եւ հիմա («Մելգոնեան»ը) փակուելէ ետք կու լան...

«Ա.».- Անցեալ տարի Արամ Ա. կաթողիկոսը Կիպրոս այցելեց. խօսինք այդ մասին, եւ թէ այս տարուան «Ուխտի օր»ուան մասին ինչ կը ծրագրէք։

Վ. Ա. Հ.- Վեհափառը փափաք յայտնեց Ս. Մակարայ վանք այցելել, ուրեմն միւս կողմէն պետական պաշտօնեայ նշանակեցին (թրքական բաժինէն), որ ընկերանայ մեզի։ Օրինակ՝ «սահմանը» անձնաթուղթ ցոյց տալով կ'անցնինք, արգելք մը չկայ. ճամբան ալ բաւական լաւ է։ Նախ այցելեցինք Նիկոսիոյ նախկին հայկական թաղը, ուր կը գտնուի Ս. Աստուածածին եկեղեցին, որ տարիներով եղած է մեր հոգեւոր կեդրոնը, շատեր հոն մկրտուած ու ամուսնացած են։ 1963 դեկտեմբերէն ի վեր «միւս կողմը» մնացած էր եւ շատ գէշ վիճակի մէջ էր, փշրուած, կոտրուած, պզտիկները ներսը ֆութպոլի դաշտի վերածած են։

Ս. Դ.- Հոս փակագիծ մը բանալով՝ լաւ լուր մը տանք, թէ ՄԱԿ-ի Բարգաւաճումի ծրագիրը հետաքրքրութիւն ցոյց տուաւ մեր այս եկեղեցիին նկատմամբ եւ ծրագիր մը պատրաստուած է ամբողջ այդ շրջանը վերականգնելու. բազմածախս ծրագիր է, բայց առաջնահերթ է։ Քանի 14-րդ դարէն մնացած եկեղեցի է, մեր մտահոգութիւնն է, որ միայն ճամբաները չնորոգուին, այլ՝ ներսն ալ յատկապէս խորանը, որ վանտալութեան զոհ գացած է. իսկ մնացեալ մասը տարիներով լքուած ու հոգ չէ տարուած։

Վ. Ա. Հ.- Հոն ալ քանդումներ կան։ 2004-ին կրցանք մտնել այն գրասենեակները, ուր կը մնային կաթողիկոսը, առաջնորդը, բայց 2008-ին արդէն լրիւ փակուած էին ու չկրցանք մտնել, եւ երբ դիմեցինք յիշեալ կազմակերպութեան, որ վանքն ալ նորոգեն, առարկութիւն եղաւ, որ վանքին շրջանը զինուորական գօտի է, եւ ճիշդ է՝ այդպէս է։ Հիմա այդտեղ մենք չենք կրնար աշխատանք տանիլ։

Ս. Դ.- ՄԱԿ-ի այդ մարմինը կը ջանայ համայնքներու միջեւ գործակցութիւն ստեղծել։ Նիկոսիոյ մէջ ե՛ւ հայութիւն կայ ե՛ւ թուրքեր։ Ձեւով մը կը փորձուի երկու կողմերը եկեղեցւոյ շրջափակին ուղղութեամբ իրարու միացնել։ Արամ Ա. վեհափառ շատ յուզուեցաւ, երբ իրեն յայտնեցինք, թէ իրմէ առաջ Կիպրոս այցելած կաթողիկոսներ հանգստեան յատուկ այդ գրասենեակէն կրնային դիտել Կիլիկիոյ լեռները, պահը շատ յուզիչ էր...

«Ա.».- Իսկ թրքական բաժինին մէջ հայկական ի՞նչ կառոյցներ ունինք։

Վ. Ա. Հ.- Եկեղեցին մօտ 25 կալուածներ ունի. Կանչուոր վանքի մէկ մնացորդը, որ Լամբրոնացիի շրջանէն է եւ հակառակ հայկական ըլլալուն, բրիտանական իշխանութեան օրով անգլիացիք 99 տարուան համար վարձու տուած են մեզի։ 1963-էն ի վեր թրքական իշխանութեան տակ է. իսկ հայ համայնքի զաւակները անհատաբար շատ կալուածներ ունին։

«Ա.».- Ի՞նչ է անոնց ճակատագիրը։

Վ. Ա. Հ.- Կ'օգտագործուին տեղացիներուն կողմէ. այդ մէկը կախեալ է կղզիի հարցին (քաղաքական) լուծման ընթացքէն։ Գաղութին թիւը համեմատաբար փոքր եղած է, առաւելագոյն պարագային՝ ութ հազար հոգի (8000)։ Կիպրահայեր քանի մը առիթներով գաղթած են. նախ՝ անգլիական իշխանութեան մեկնումին բերումով, շուրջ 800-900 հոգի Լոնտոն գաղթած են։ Ետքը, կղզիի բաժանման ընթացքին, 1974-ին։ բաւական թիւով հայորդիներ գաղթած են։

Հարցազրոյցը վարեց՝ ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

----------------------------------------------------------------------------------------------------------------------

 

ԿԻՊՐՈՍԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԸ
(ՊԱՏՄԱԿԱՆՆ ՈՒ ՆԵՐԿԱՆ)
ՆԻԿՈՍԻԱ

Նախնական տուեալներուն համաձայն, հայերը առաջին անգամ Կիպրոս հատատուեցան Ք.Ե.578 թուականին։ Նշուած է, թէ Մաւրիկիոս Կապադովկիացին Խոսրովի դէմ մղած պատերազմին ընթացքին մեծ թիւով գերիներ վերցուցած է (10,090 հոգի) եւ անոնց մէկ մասը փոխադրած է Կիպրոս։ Յաջորդող դարերու պատմութեան մէջ կը հանդիպինք հայերու վերաբերող վկայութիւններու։ Լատինական տիրապետութեան տակ հայոց եկեղեցին նախ ճնշումներու կ'ենթարկուի։ Աւելի ուշ, Լուսինեաններու Երուսաղէմի, Կիպրոսի եւ Կիլիկիոյ թագաւորական աթոռներուն տիրանալէն եւ Կիպրոս-Կիլիկիա խնամիական, կրօնական, մշակութային եւ տնտեսական-առեւտրական կապերու սերտացումէն ետք, Հայ եկեղեցին կ'ապրի աւելի նպաստաւոր օրեր։

Օսմանցիներուն կողմէ Կիպրոսի գրաւումէն ետք ճնշում կը բանեցուի քրիստոնեաներուն, որոնց կարգին՝ հայերուն վրայ, որոնց թիւը կը նուազի այդ հանգրուանին՝ իսլամացման պատճառով։ Այդ շրջանին յոյները եւ հայերը Կիպրոսի մէջ կը ճանչցուին իբրեւ համայնքներ՝ «Միլլեթ», որոնց ղեկավարութիւնը, թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին իմաստով, կը հանդիսանան եկեղեցին եւ ազգային իշխանութիւնը։

Կիպրահայ գաղութը աւելի կազմակերպուած կառոյց մը կը դառնայ բրիտանական գաղութատիրութեան ժամանումէն ետք՝ 1878-ին։ Փոքր Ասիայէն եւ Կիլիկիայէն գաղթականներու ժամանումը, 19-րդ դարու աւարտին եւ 1909-1920-ական թուականներուն, գաղութին կու տայ նոր շունչ։ 1920-ական թուականներուն հայութեան թիւը մեծ աճ կ'արձանագրէ։

Կիպրոսի թեմը պատմականօրէն կապուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, եւ այսօր կաթողիկոսութեան գործող ամէնէն հին թեմն է։ Կիպրոսի հայ եկեղեցւոյ մասին ակնարկութիւններ կան 1179 թուականներէն։

Կիպրոսի պատմական եկեղեցիներուն մասին խօսելով՝ կ'ադրադառնանք միջնադարուն Նիկոսիոյ մէջ գոյութիւն ունեցած երկու եկեղեցիներու՝ Ս. Գէորգ եւ Ս. Պօղոս-Պետրոս, որոնք այսօր չկան, իսկ շրջանին մէջ 12-րդ դարուն կը կառուցուի Ս. Աստուածածին եկեղեցին, որուն շրջափակին մէջ էին նաեւ Ազգային առաջնորդարանի շէնքը, Մելիքեան-Ուզունեան ազգային վարժարաններու եւ Ազգային մանկապարտէզի շէնքերը եւ Նահատակաց յուշակոթողը։ 1963-ին, Կիպրոսի միջհամայնքային բախումներուն իբրեւ հետեւանք, Նիկոսիոյ հայութիւնը կորսնցուց իր եկեղեցին, առաջնորդարանը եւ վարժարանները։

1963-81 տարիներուն Կիպրոսի նախագահը կիպրահայութեան կը տրամադրէ Այիոս Տոմեթիոս յունական մատուռը՝ եկեղեցական արարողութիւններ կատարելու համար։ 1976-ին հիմնաքարը կը դրուի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ, Նիկոսիոյ Նարեկ Ազգային վարժարանին կողքին։ Օծումը կը կատարուի 1981-ին, 1984-ին կը կառուցուի նաեւ Ազգային առաջնորդարանի նոր շէնքը։

ՖԱՄԱԿՈՒՍԹԱ
Միջնադարեան Ֆամակուսթայի մէջ կային երեք եկեղեցիներ՝ Ս. Սարգիս, Ս. Վարվառէ եւ Կանչուորի վանքի Ս. Աստուածածին մատուռը։ Հնագիտական արժէք ունեցող մատուռը կը պատկանի Կիպրոսի հնագիտական սպասարկութեան եւ 1936-ին, 99 տարուան համար ան յանձնուած էր հայութեան։ 1963-էն ի վեր ան գրաւուած է Թուրքիոյ կողմէ այսօր կը գտնուի լքուած վիճակի մէջ։ Մինչեւ 1974 քաղաքի հայութեան հոգեւոր մատակարարումը կը կատարուէր վարձուած բնակարանի մէջ։

ԼԱՌՆԱՔԱ
Ս. Ստեփանոս եկեղեցին հիմնուած է 1909-ին, Լառնաքաբնակ հայերու եւ կիլիկեցի, յատկապէս ատանացի հայերու նիւթական օժանդակութեամբ՝ ի յիշատակ Ատանայի ջարդի զոհերուն։

Եկեղեցւոյ կառուցումը կը տեւէ մինչեւ 1913։ Բացումը կը կատարուի 1914-ին, իսկ օծումը՝ 1918։

Հայկական գիրքերու մէջ ակնարկութիւն կը կատարուի շրջանին մէջ գտնուած Ս. Ղազար եկեղեցւոյ։ Կը կարծուի, որ եկեղեցին կառուցուած է Ք.Ե. 900 թուականին։

ԼԻՄԱՍՈԼ
1939-40-ին Լիմասոլի մէջ կը կառուցուի մատուռ վարժարան մը՝ Ս. Գէորգ։ Ս. Խորանի խաչկալը կը կանգնուի եւ կ'օծուի 1948-ին։

ՊԱՖՈՍ
Պաֆոս պատմականօրէն չէ ունեցած հայկական ներկայութիւն։ Հայաստանի վերանկախացումէն ետք, քաղաքին մէջ կայք հաստատած են Հայաստանէն արտագաղթած հայեր։

2008-ի դեկտեմբերէն սկսեալ յունական մատուռի մէջ կը մատուցուի Ս. Պատարագ, մօտաւորապէս երկամսեայ հերթականութեամբ։

«« վերադարձ ««