«Ազատ Օր»ի հարցազրոյցը

Անցեալ Շաբաթ օր, Երեւանի մէջ աւարտեցան համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 8-րդ մարզախաղերը: Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքին համար կարեւոր իրագործում մըն էր այս կազմակերպումը, իր իւրայատուկ առաջնութեամբ, այն իմաստով, որ առաջին անգամ ըլլալով Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերը Հայաստանի մէջ տեղի ունեցան:
Հայաստանէն դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ վերադարձի իր ճամբուն վրայ Աթէնք գտնուեցաւ եղբ. Վահրամ Դանիէլեանը, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան իր պաշտօնի բերումով մասնակցեցաւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական խաղերուն: Այս առիթով հարցազրոյց մը ունեցանք իր հետ:
Հիմա որ աւարտեցաւ համա- Հ.Մ.Ը.-Մ.ական 8-րդ մարզախաղերու կազմակերպումը ինչպէ՞ս կը գնահատէք այս իրագործումը:
Շատ մեծ գոհունակութիւն կը պատճառէ մեզ բոլորին հայրենի հողին վրայ իրագործումը երկար ժամանակ արդէն ծրագրուող այս նախաձեռնութեան: Ինչպէս արդէն տեղեակ էք, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 8-րդ մարզախաղերը առաջին անգամ ըլլալով կազմակերպուեցան հայրենիքի մէջ, միութեան Պատգամաւորական Ժողովի որոշումով: Արդէն անցեալ տարուայ Հոկտեմբերէն գրեթէ կազմուեցաւ կազմակերպիչ յանձնախումբը որ Հ.Մ.Ը.Մի Կեդրոնական Վարչութեան հետ գործակցելով՝ ստանձնեց մարզախաղերու նախապատրաստական բոլոր աշխատանքները: Սքանչելի համագործակցութիւն տեղի ունեցաւ մեր բոլոր մարմիններուն միջեւ եւ փորձառու եղբայրներէ բաղկացած խումբերը մեծ յաջողութեամբ աւարտեցին իրենց պարտականութիւնը:
500է աւելի մասնակիցներու ներկայութիւնը հայաշխարհի տարբեր գաղութներէն գոհացուցիչ պատկեր մըն էր, մինչ իսկապէս աննախընթաց պէտք է նկատել խաղերու բացման հանդիսութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Հանրապետութեան հրապարակին շուրջ, 35.000-40.000 հայրենակիցներու ներկայութեամբ, երկրի քաղաքական, մշակութային եւ մարզական ներկայացուցիչներու ու արուեստագէտներու մասնակցութեամբ:
Կ'արժէ նշել մեր մասնաճիւղերու անդամներուն կողմէ տարուած սքանչելի գործը, որոնք նախապատրաստած էին մարզախաղերու լման ընթացքը, բայց մանաւանդ բացման ելոյթին գերազանցեցին ամէն տեսակի սպասում, հոյակապ ու շքեղ հանդիսութիւն մը կազմակերպելով, որ վստահաբար երկար դրոշմուած պիտի մնայ բոլոր ներկաներու հոգիներուն մէջ:
Ինչպէ՞ս էր Հայաստանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղի ներկայութիւնը
Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿը հիմնականօրէն սկաուտական շարժումին վրայ ծանրացած է եւ մարզական խումբերու կամ մարզախաղերու կազմակերպման փորձառութիւն չունէր. այսուհանդերձ մեծապէս գնահատելի գործ տարին, հասնելով ամէն ինչի:
Օգտագործուեցան տարբեր մարզադաշտեր («Վազգէն Սարգսեան», «Տինամօ» եւայլն), լուղորդական, ոտնագնդակի եւ կողովագնդակի մրցումներուն համար:
Կարգապահութեամբ կատարուեցան փոխադրութիւնները, եւ առանց ուշացումներու ամէն ինչը կարգին տեղի ունեցաւ:
Հայաստանի պետական շրջանակները օգտակար գտնուեցա՞ն մրցումներու կազմակերպումին:
Այո, բացառիկ էր համագործակցութեան մակարդակը:
Սփիւռքի նախարարուհի Հրանուշ Յակոբեանի հետ երկու առիթով մեր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին, արդէն քննարկըւած էր համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական եւ համահայկական խաղերու գրեթէ նոյն ժամանակին կազմակերպելու հարցը եւ երկուստեք անպատեհութիւն չնկատուեցաւ, համահայկական մարզական այս երկու ծրագիրներու գծով, որ իրար չխոչնդոտեցին, այլ օգնեցին որպէսզի շատ մը խումբեր որ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերուն համար Հայաստան ժամանեցին, երկարաձգեն իրենց կեցութիւնը մասնակցելով նաեւ համահայկական խաղերուն:
Նաեւ առիթը ունեցանք բազմանդամ պատուիրակութեամբ մը այցելելու նախագահ Սերժ Սարգսեանին ուր նախագահը ընդարձակ զեկուցումով մը մեզ տեղեակ պահեց հայութեան դիմագրաւած հարցերուն շուրջ: Առիթը ունեցանք հարցումներ ուղղելու իրեն եւ պատասխաններ ստանալու: Նշեմ, որ նախագահը ողջունեց համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերը Երեւանի մէջ կատարելու որոշումը եւ նկատել տուաւ, թէ որքան գերազանց նշանակութիւն ունի սփիւռքահայ երիտասարդութեան շփումը հայրենիքին հետ։
Մարզախաղերու ընթացքին ի՞նչ ուրիշ ծրագիրներ իրագործուեցան:
Բաւական խիստ էր մրցումներու ժամանակացոյցը: Այսուհանդերձ օգտակար եղաւ նաեւ զբօսաշրջական այցելութիւններու կարճ ծրագիր մը, որ գործադրուեցաւ այն օրերուն որ մրցում չկար. այսպէս տղաքը այցելեցին Սեւանայ լիճ, Երեւանի մէջ շրջագայեցան, Ծիծեռնակաբերդ բարձրացան, թանգարաններ այցելեցին, եւայլն: Ուրախութիւն կար, խանդավառութիւն կար, բոլորը բարձր տրամադրութեամբ կը մասնակցէին մարզական թէ այլ ծրագիրներուն:
Նոյնիսկ վեթերաններու մասնակցութիւն կար շատ մը պատուիրակութիւններու մէջ, որոնք վարչական աշխատանքներով պարտաւորուած էին, բայց առիթը ունեցան նաեւ վերջին օրը վեթերաններու միջեւ շատ յաջող մըրցում մը կատարելու:
Ձեր յառաջիկայ ծրագիրները որո՞նք են:
Վստահաբար որ պիտի քննենք յառաջիկային մարզախաղերը Արցախի մէջ կազմակերպելու պարագան, ինչպէս էր արդէն մեր Պատգամաւորական Ժողովի կայացուցած նախնական որոշումը: Այսուհանդերձ կարելի չեղաւ իրագործել այդ, ԼՂՀի մէջ մարզադաշտերու եւ լողաւազաններու անյարմարութեան պատճառով: Յոյսով ենք, եւ մեր ջանքերը դէպի այդ ուղղութիւն պիտի կեդրոնացնենք, որպէսզի 9-րդ համաՀ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերու կազմակերպումը Արցախի մէջ իրագործուի:
Ներկայիս կազմակերպչական ի՞նչ պատկեր կը ներկայացնէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի կառոյցը:
Վերջերս յաջողեցանք մեր մասնաճիւղերու թիւը 100ի հասցնել, Մոսկուայի մէջ հիմնադրելով Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-րդ մասնաճիւղը: 25.000էն աւելի անդամներ ունինք համաշխարհային առումով. մեծ է մեր փափաքը նոր շրջաններու մէջ եւս մարզական թէ սկաուտական շարժումներ ստեղծելու, իսկ Եւրոպայի նոր գաղութներուն մէջ եւս ջանք կը թափենք խումբեր կազմելու:
Հ.Մ.Ը.Մ.ը իր մարզական եւ սկաուտական գործունէութեամբ մօտ է հայ ազգի երիտասարդ սերունդներուն մօտ: Այսօր, աւելի քան երբեք, Հ.Մ.Ը.Մ. իր աչքերը յառած է կազմակերպչական աշխատանքին, որպէսզի նոր սերունդներուն մօտ պահպանէ հայութեան արժէքները, ազգային առողջ դաստիարակութեամբ:
Դժբախտաբար կարելի չեղաւ Յունաստանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի խումբերէն մասնակցութիւն
ապահովել այս տարուայ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մրցումներուն: Կային ուրի՞շ շրջաններ ալ որ չկարողացան մասնակցիլ:
Իսկապէս դժբախտութիւն էր, որ կարելի չեղաւ ապահովել Յունաստանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի խումբերու մասնակցութիւնը: Նորակազմ Մոսկուան ալ վերջին պահուն չկարողացաւ ներկայ գտնուիլ: Բայց հիմնականին շատ գոհացուցիչ էր մնացեալ մասնաճիւղերու մասնակցութիւնը, նա մանաւանդ նկատի առնելով մասնակիցներու երիտասարդ տարիքը եւ անոնց խանդավառ ներկայութիւնը, որ օգնեց որպէսզի անոնք խորացնեն միջ-մասնաճիւղային եւ ներքին կազմակերպական մակարդակները, եւ փորձառութիւն ձեռք ձգեն այսպիսի ծաւալուն ձեռնարկներուն ընդմէջէն:
Նշեմ նաեւ, թէ ինչպէս ծանօթ է, այսպիսի համահայկական ծրագիրներ բազմածախս են եւ մեծ ջանքերու կը կարօտին: Մեր կազմակերպութիւնը հաւատարիմ իր նուիրատուներու եւ օժանդակողներու ներդրումով կարողացաւ այս անգամ ալ շքեղօրէն կազմակերպել համահայկական կարեւոր այս ձեռնարկը, որ չորս տարին անգամ մը կ'իրագործուի եւ իր աւանդը ունի մեր միութեան համար:


