ARMENIAN ENGLISH
A- A A+

ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

Ապրիլ 2012

Ապրիլ 2012

Յուլիս 29, 2009 Տպագրում

«Ազատ Օր»ի հարցազրոյցը՝ «Արձագանգ»ի խմբագիր ընկ. Արթօ Դաւիթեանի հետ

«Ազատ Օր»ի հարցազրոյցը՝ «Արձագանգ»ի խմբագիր ընկ. Արթօ Դաւիթեանի հետ

Կիպրահայոց «Արձագանգը» իր յատուկ տեղը կը գրաւէ Դաշնակցական մամուլի ներկայացուցիչներու շարքին: 27-ամեայ իր երթով «Արձագանգը» բազկերակը հանդիսացած է կիպրահայ գաղութին, ինչպէս նաեւ հայրենիքի, սփիւռքի եւ կիպրահայութեան առօրեան կամրջող կարեւոր ազդակ

Կարճ անդրադարձ մը կրնա՞ք կատարել անցնող 27-ամեակին:
«Արձագանգ» սկսաւ լոյս տեսնել 1981-ին, որպէս ՀՅԴ Կիպրոսի Երիտասարդական Միութեան եռամսեայ պարբերաթերթ։ Տեղին է նշել, որ առաջին չորս թիւերը էջադրուեցան ու տպուեցան «Ազատ Օր»ի կողմէ, Աթէնքի մէջ։ Սակայն տպագիր թերթ ունենալու պերճանքի ծախսը մեր կարելիութիւններէն վեր ըլլալով՝ ստիպ-ւեցանք դադրեցնել այս դրութիւնը եւ յաջորդ տասնամեակին «Արձագանգ» լոյս տեսաւ որպէս լուսապատճենատիպ պրակ՝ անկանոն հերթականութեամբ։

Իննիսունական թուականներու սկիզբի հայրենի իրադարձութիւններու հոլովոյթը մեզ ստիպեց ձեւը գտնել ու թերթի մը հրատարակութեան ձեռնարկել, որպէսզի կարելի ըլլայ կանոնաւոր հերթականութեամբ լուսաբանել կիպրահայութիւնը։ Անշուշտ, ելեկտրոնային տպագրութեան առաջդիմութիւնը եւ մեր մէջ այդ արհեստագիտութեան քաջածանօթ ընկերներ ունենալու պարագան նպաստեցին որոշումի իրագործման եւ 1995-ի Մարտին սկսաւ լոյս տեսնել նոր «Արձագանգ» ամսաթերթը, հրատարակութիւն՝ ՀՅԴ «Ազատամարտ» Երիտասարդական Կեդրոնի։ Այդպէս ալ կը շարունակուի մինչեւ օրս։

Թերթը ՀՅԴ-ի կողմէ հրատարակուելով հանդերձ պաշտօնաթերթ կամ օրկան չէ, այլ կիպրահայ գաղութի թերթը, ուր տեղ կրնան գտնել այլազան տեսակէտներ ու կարծիքներ։ Այս պահուս ընկերական ջերմ համակրանքով կը յիշեմ իրերայաջորդ խմբագիրներ՝ Գէորգ Պէլեանի, Հրայր Գէորգեանի, Ժանօ Իփճեանի ու խմբագրական կազմերու մնացեալ անդամներուն, աշխատակիցներուն եւ գործակիցներուն անունները, որոնք դաշնակացականավայել պարտաճանաչութեամբ իրենց հանգիստի ու նաե՛ւ աշխատանքի ժամերը տրամադրեցին, որպէսզի «Արձագանգ» կանոնաւոր հերթականութեամբ լոյս տեսնէ։ Երախտագիտութեամբ կը յիշեմ նաեւ Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեաններու շօշափելի նուիրատուութիւնը, առանց որուն կարելի պիտի չըլլար գործի անցնիլ։

Արդէն իրականութիւն է «Արձագանգ»ի նոր շրջանի առաջին վեց ամիսներու հրատարակումը, որ թարմ ու արդիական ոճով կը համապատասխանէ եւրոպական չափանիշներուն: Ի՞նչ են ձեր անմիջական ծրագիրները, յաջորդող ամիսներուն համար:

Մեր առաջին ծրագիրը կայքէջի իրականացումն էր։ Անշուշտ կը գըտնըւինք սկզբնական շրջանին մէջ եւ մեր նպատակը քայլ առ քայլ զայն բարելաւել ու նախանձելի մակարդակի մը հասցնելն է։ Մեր հիմնական խոչընդոտը անվճար ու նուիրեալ մարդուժ գտնելն է - գրեթէ անկարելի բան մը այս օրերուս։

Երկրորդ ծրագիրը «Արձագանգ»ի Բարեկամներ»ու շրջանակի կազմութիւնն է, որ սկիզբ առաւ 15 Յուլիսի հիմնադիրներու ընթրիքով։ Հիմնական նպատակը՝ նիւթականի ապահովման կողքին, թերթին շուրջ հետաքրքրութեան ընդլայնումն է, «թերթ կարդալու» կամ «լուրերուն հետեւելու» սովորութիւնը քաջալերելով միջին եւ նոր սերունդին մէջ։

Անխուսափելի իրականութիւն մըն է ոչ հայալեզու հայ մամուլը, որ հետզհետէ ծաւալ ստացող իր էջերով կը փորձէ հասնիլ հոն, ուր հայախօսութիւնը նահանջ արձանագրած է: Կիպրահայութեան մօտ ի՞նչ վիճակ կը տիրէ: Նոր սերունդներուն մօտ հայերէնի իմացութիւնը ի՞նչ մակարդակի վրայ է:

Հայախօս գաղութ ենք կ'ըսենք եւ կ'ուրախանանք, սակայն օտարաբանութիւնը հետզհետէ կը ներխուժէ մեր հայերէնին մէջ, ահաւոր չափերու հասնելով մասնաւորաբար նոր սերունդին մօտ։ Երբ ժողովուրդը մեզի կ'ըսէ՝ «պարզ լեզու գործածեցէք» կը նշանակէ հայերէն կարդացածնին չեն հասկնար։ Մենք պիտի փորձենք թերթը հետաքրքրական դարձնել, որպէսզի գոնէ հայերէն կարդալու վարժութիւնը չկորսնցնեն։ Մանկա-պատանեկան էջերով ու գրականութեամբ պիտի փորձենք մատղաշ տարիքէն «թերթ» ըսուած բանը սիրցնել պըզտիկներուն։

Օրական թարմացող կայքէջը իր օգտակարութիւնը ունի արագ լրահոսքի գործընթացին մէջ: Ինչպէ՞ս ընկալած է ժողովուրդը այս քայլը:
Համացանցային ժամանցի վարժ անհատները անմիջապէս վարժուեցան, սակայն գաղութը ընդհանրապէս տակաւին սովորութիւն չէ ըրած կայքէջ մտնել եւ լուրերուն հետեւիլը։ Զանազան ձեւերով պէտք է յի-շեցնենք ու սորվեցնենք։ Կայքէջին մէջ լուրերը հայերէնով տալը, դարձեալ գաղութը հայերէն ընթերցանութեան վարժ պահելու մեր քաղաքականութեան մաս կը կազմէ։

Վիճակագրական տուեալներուն համաձայն, առաջին մի քանի ամիսներուն արդէն ամսական շուրջ հազար հոգի մտած է, որոնց զգալի մէկ մասը՝ «Ազդակ»ի ու «Ազատ Օր» յղումներէն։

Ծանօթ է որ «Արձագանգ»ի խըմբագրութեան եւ աշխատակիցներու աշխատանքը սիրայոժար ներդրումով կը կատարուի: Այսուհանդերձ բոլորս կը գիտակցինք ահաւոր ծախսերուն, որ կապուած են թերթի մը հրատարակութեան եւ առաքման գործին: Անշուշտ վերջերս ականատես եղանք գաղութին կողմէ ստանձնուած պարտաւորութեան, որ իր նուիրատուութիւններով իր պատրաստակամութիւնը

յայտնեց օժանդակելու թերթի հրատարակութեան: Կը բաւարարուի՞ն կարիքները:

«Արձագանգի Բարեկամներ»ու հիմնադիրներու ընթրիքով, արդէն լուծած եղանք նիւթական տագնապը, որուն մէջ կը գտնուէր թերթը, միեւնոյն ատեն ապահովելով յառաջիկայ մէկ-երկու տարիներու ծախսերը, անշուշտ միշտ նկատի ունենալով նաեւ սովորական նուիրատըւութիւններն ու պետական որոշ նպաստը, որ կը ստանան փոքրամասնութիւններու թերթերը։

Այս պարագան մեզի շունչ առնելու առիթ կու տայ եւ կարելիութիւն՝ նոր ձեւերով ու ծրագիրներով հայերէնը պահպանելու մեր գաղութի կեանքէն ներս։

«« վերադարձ ««