Share
Դեկտեմբեր 11, 2009 Տպագրում

«ԱԶԴԱԿ»Ի ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ ԵՐՈՒԱՆԴ ՓԱՄՊՈՒՔԵԱՆԻ ՀԵՏ

«ԱԶԴԱԿ»Ի ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ ԵՐՈՒԱՆԴ ՓԱՄՊՈՒՔԵԱՆԻ ՀԵՏ

ՀՅ Դաշնակցութեան 119-ամեակին առիթով «Ազդակ» օրաթերթն ու «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանը հետեւեալ հարցազրոյցը կատարեցին ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ, պատմաբան ու մտաւորական Երուանդ Փամպուքեանի հետ։

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ինչպէ՞ս կ'արժեւորէք Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 119-ամեայ երթը` պատմական բազմատեսակ զարգացումներուն ընդմէջէն։

ԵՐՈՒԱՆԴ ՓԱՄՊՈՒՔԵԱՆ.- Երբ 119-ամեայ երթ կ'ըսենք, ինքնաբերաբար առաջին մտածումը, որ մարդու միտքը կու գայ, այն է, որ այսքան երկար կեանք ապրած կուսակցութիւն մը ինչպէ՛ս կը մնայ առոյգ, երիտասարդ, գործօն վիճակի մէջ. այդ է, որ ապշեցուցիչ է մեր հայ իրականութեան մէջ, որովհետեւ մեր ամբողջ պատմութեան մէջ այդպիսի երկար կեանք ունեցող կազմակերպութիւն գրեթէ չենք ունեցած։ Այս կազմակերպութիւնը, ինչպէս զինք նախորդող միւս յեղափոխական կուսակցութիւնները՝ Արմենական եւ Հնչակեան կուսակցութիւնները, արգասիքն էին անշուշտ 19-րդ դարու մեր գրական-մտաւորական զարթօնքին եւ գործնական գետնի վրայ ամէն շարժման ետին անպայման գոյութիւն ունի մտքի, մտածումի արթնութիւնը, զարթօնքը, որ մղում կու տայ գործի մարդոց՝ գործի անցնելու։ Այդպէս եղաւ նաեւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պարագային, որուն ծննդեան մէջ պէտք չէ անտես առնել ալիշանները, խրիմեան հայրիկները, ներսէս վարժապետեանները, Ծերենցը, Րաֆֆին եւ բազմաթիւ ուրիշ լուսաւոր դէմքեր, որոնք մեր կեանքին համար նոր ուղիներ բացին։ Երկրորդը, եթէ Դաշնակցութեան մասին ամփոփ կերպով պիտի խօսինք, պիտի ըսենք, որ նախ իր գլխաւոր նպատակներէն մէկը եղաւ ազգը միաւորել։ Երկար ժամանակ ալ ժողովուրդը Դաշնակցութիւն ըսելու փոխարէն կազմակերպութիւն կամ կուսակցութիւն կ'ըսէր, այն իմաստով, որ անիկա հայոց կազմակերպութիւնն է, այն ուժը, որ առանց խտրութեան՝ դասակարգի, հարուստի, աղքատի, գրողի, բանուորի, գործաւորի, մէկ դրօշի տակ հաւաքեց եւ հիմնական նպատակի ծառայեցուց այդ բոլորը։ Այդ հիմնական նպատակը հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի ազատագրութիւնն էր. հայ ժողովուրդ եւ Հայաստան կ'ըսեմ, որովհետեւ երկուքին ճակատագիրները նոյնացած էին. դարերով մեր երկիրը ոտքի կոխան էր դարձած բարբարոսական ցեղերու, մէկէ աւելի բռնատիրութիւններու, որոնք անընդհատ մաշեցուցած էին մեր ժողովուրդին կեանքը. հայրենիք էինք կորսնցուցած, եւ մեր ժողովուրդին կարեւոր մէկ մասը դարձեալ տարտղնուած էր իր հայրենի բնօրրանէն դուրս։ Այս բոլորը կասեցնելու եւ այս բոլորին վերջ տալու միջոցը պիտի ըլլար ծնունդը կազմակերպութեան մը, որ մեր ժողովուրդին, մեր հայ մարդուն նկարագիրը փոխէր, ոչ թէ փոխէր այն իմաստով, որ նոր նկարագիր մը պէտք էր տար, այլ պէտք էր զայն վերադարձնէր իր վաղեմի, երբեմնի առոյգ, կենսունակ, քաջ, արթուն ժողովուրդի վիճակին, որմէ իր կամքէն բոլորովին անկախ պատճառներով հեռացած էր մեր ժողովուրդը։ Եթէ 119 տարիներ ետ երթանք եւ այսօրուան հետ բաղդատենք անցեալը, պիտի տեսնենք, որ Դաշնակցութիւնը իր գործունէութեան առնուազն առաջին տասնամեակներուն՝ երեք-չորս տասնամեակներուն, իսկապէս որ հիմնովին յեղաշրջեց հայ կեանքը, մարդոց մտայնութիւնը։ Խեղճ, ստրկացած, կորաքամակ դարձած մարդը վերածեց առոյգ, կենսունակ մարդու, ժողովուրդին վերադարձուց իր անձնական եւ ազգային իրաւունքներուն, ազատութիւններուն գիտակից ըլլալու հանգամանքը։ Ասիկա մեծ իրագործում մըն էր, որովհետեւ մեր կեանքին մէջ միշտ ալ գոյութիւն ունեցած պահպանողականութիւնը, որ կը պայքարէր իշխանութեան տէր ըլլալու հանգամանքով հանգիստ կերպով եւ ամէն նոր շարժումի նկատմամբ ժխտական վերաբերմունք ունէր, արդէն շատոնց գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար վարակուած էր այն յեղափոխական շունչով, մասնաւորաբար ազգային պահանջատիրական շունչով, որուն հիմքը խորքին մէջ յեղափոխական կուսակցութիւնները դրին եւ այդ կուսակցութիւններուն մէջ յառաջատար դեր խաղացողը Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը հանդիսացաւ։ Այնուհետեւ հայ աշխարհը, հայ ժողովուրդը իր ծոցին մէջէն ծնաւ հերոսներ, քաջարի հերոսներ, որոնց նմանները մոռցուած էին այլեւս մեր պատմութեան մէջ։ Ծնան այնպիսի քաջարի հերոսներ, որոնք կը յիշեցնէին մեր հին աւանդական պատմութեան մամիկոնեանները, գայլ վահանները, որոնք անհետացած էին մեր լեռնաշխարհէն. անոնք վերածնան յեղափոխական գուպարին մէջ։ Այս փոքր նուաճում մը չէր, տեղի ունեցածը ամբողջ ազգի մը կերպարանափոխումն էր։ Այդ պայքարը այդքան ալ դիւրին չեղաւ, պայքարը երեք հզօր բռնատիրական կայսրութիւններու դէմ էր, ինչպիսին էին օսմանեան Թուրքիան, Ցարական Ռուսիան եւ միջնադարեան կեանք ապրող Պարսկաստանը։ Այս երեքին մէջ մեր ժողովուրդը կորսնցուցած էր յոյսի, լոյսի ամէն ճամբայ. դժուար եղաւ, արիւնոտ եղաւ եւ այդ արիւնալի պատմութեան պսակումը եղաւ ցեղասպանութիւնը, որ կոտորակեց մեր ժողովուրդը։ Հայ ժողովուրդին աւելի քան մէկ երրորդը՝ Հայաստանի եւ թէ արտասահմանի մէջ սփռուած, զոհ գնաց թուրքերու անարգ ցեղասպանութեան։ Անկէ առաջ ալ արիւնալի էր եղած պայքարը, բայց 1915 թուականէն սկսեալ իսկապէս որ մեր ողնայարէն իսկ հարուած ստացանք: Մեծ էր նաեւ հայրենիքի կորուստը. արդարեւ, մինչեւ ցեղասպանութիւն եւ ցեղասպանութենէն ետք տակաւին երկար ժամանակ, երբ Հայաստան կ'ըսէին, երկիր կ'ըսէին, կը հասկցուէր Արեւմտեան Հայաստանը, որուն ազատագրման համար տարուած էին բոլոր ջանքերը։ Հայ ժողովուրդի մնացորդացը աշխարհով մէկ սփռուած շարունակեց պայքարը, հակառակ իր ստացած մահացու հարուածին, ան իր մէջ գտաւ վերապրելու այնքան կամք, որ կրկին ոտքի ելաւ եւ վերստին վճռակամութիւն յայտնեց ընդհատուած պայքարը շարունակելու։

Հայոց ցեղասպանութենէն ետք Դաշնակցութեան կողմէ տարուած գաղութներու կազմակերպական աշխատանքը որքանո՞վ նպաստեց հայրենիքէն դուրս ապրող հայութեան պահպանման գործընթացին։

Այս հարցին անդրադառնալէ առաջ պէտք է խօսիլ Հայաստանի Հանրապետութեան ծնունդին մասին, առաջին անկախութեան մասին, որ հայ ազգին դարաւոր երազն էր եղած, անմատչելի բան մը, որ իրականացաւ այդ դժուարին պայմաններուն մէջ, երբ մեր ժողովուրդը մէկ կողմէ կ'ողբար, կը սգար իր կորուստները, իսկ մնացորդացը իր մէջ գտաւ այնքան ուժ, որ վերջնականապէս պատմութեան էջերէն սրբուելու վտանգին առջեւ ծառացաւ, մէկ բռունցք դարձաւ եւ կերտեց 1918 թուականի մայիս 28-ը։ Այնուհետեւ դէպքերը ծանօթ են ձեզի, այդ առաջին հանրապետութեան անկումէն ետք երբ անկախութիւնը կորսնցուցինք, Դաշնակցութիւնը դարձաւ իր ժողովուրդին պէս տարագիր կազմակերպութիւն եւ տարագրութեան այդ տարիներուն իր աւագ պարտականութիւնը եղաւ հողմացրիւ դարձած հայ ժողովուրդի բեկորները դարձեալ հաւաքել, դարձեալ կազմակերպել նոյն նպատակով՝ ազգային երթը շարունակելու համար։
Երկար է կեանքը գաղութներուն. մենք մեր պատմութեան մէջ փորձառութիւն ունեցած ենք հին գաղութներու, որոնք տարիներու կամ լաւագոյն պարագային դարերու ընթացքին մաշած-հալած անհետացած են, այսօր յիշատակներ կը մնան հին Հնդկաստանի թէ Լեհաստանի, Հունգարիոյ թէ Ռումանիոյ գաղութներէն։ Հայ ժողովուրդը այդ դժբախտ ճակատագիրէն փրկելու համար հայոց կազմակերպութիւնները, որոնց մէջ նաեւ եւ առաջին կարգին Դաշնակցութիւնը լծուեցաւ վրաններու եւ խրճիթներու մէջ ապրող այս տարագիր ժողովուրդը կազմակերպելու աշխատանքին։ Կազմակերպութեան սիւները դարձան դպրոց, եկեղեցի, ակումբ եռեակը, որ կանգուն պահեց, եւ որուն անմիջական կերպով յաջորդեց նաեւ մամուլը։ Մամուլին մէջ արտացոլաց պատկերը այդ գաղութներուն առօրեային, տարած աշխատանքին, մամուլը եղաւ պայքարին ուղղութիւն տուողը. ուրեմն մամուլը եւս պէտք չէ անտեսել եւ եռեակին պէտք է անպայմանօրէն միացնել նաեւ չորրորդ անիւը, որ մեր մամուլն է։ Պիտի պատկերացնէք, թէ անտուն, անտէր, անաշխատանք, ընտանիքները քայքայուած այդ բազմութիւնները ի՛նչ պայքար մղեցին նախ վերապրելու համար, հաց ճարելու համար եւ ատիկա եղաւ ի պատիւ առաջին սերունդներուն եւ անոնց քրտնաջան աշխատանքին, իսկապէս քրտնաջան աշխատանք, որուն շնորհիւ կամաց-կամաց տուն տեղ ստեղծեցին, գործ ստեղծեցին, նաեւ պէտք եղած կառոյցները յառաջ բերին, յատկապէս Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ կանգնեցան այն կառոյցները, որոնց մասին խօսեցայ, այսինքն՝ դպրոցը, եկեղեցին եւ ակումբը, որոնց շնորհիւ հաւաքական կեանքը, նաեւ ազգային կեանքը կարելի եղաւ շարունակել։ Այս բոլորէն ետք յաջորդող սերունդներուն օրով աւելի լաւ պայմաններ կարելի եղաւ ստեղծել հայ մարդուն, հայ ժողովուրդին համար։ Իսկ երբ այսքան տարիներ ետք կը դիտենք մեր նոյն կառոյցները, կը տեսնենք, որ դպրոցը, ակումբը եւ միւս մարմնակրթական, բարեսիրական, հայրենասիրական միութիւնները հանդիսացած են մէկական սիւներ, որոնց վրայ կանգնեցաւ հայկական սփիւռքը. առաջին շունչը առնելէ ետք հայութիւնը երկրորդ շունչը քաշեց՝ լծուելու համար իր իրաւունքներու հետապնդման, ինչ որ կը նշանակէ Հայ դատը վերակենդանացնել։

Հայ դատի պայքարին մէջ Դաշնակցութիւնը բազմաթիւ միջոցառումներով փորձած է ապահովել ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը. այսօր մէկ կողմէ հայ-թրքական յարաբերութիւնները, միւս կողմէ հատուցման հանգրուանին հասնելու պահանջը որքանո՞վ կը դժուարացնեն պայքարը, եւ հոս ի՞նչ մարտահրաւէրներ գոյութիւն ունին։

Հայ դատի ուղղութեամբ եւս պայքարը դիւրին չեղաւ. միջազգային ընկերութիւնը այնպէս մը կազմակերպուած է, որ իր բարձրագոյն ատեանին՝ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան հասնելու համար պէտք է պետութիւն ըլլաս կամ ներկայացնես, այլապէս այնտեղ ոտք կոխելու ճամբայ չկայ։ Այդ դժուարին պայմաններուն մէջ է, որ Հայ դատի մեր յանձնախումբերը Ամերիկայի մէջ, Եւրոպայի մէջ, նաեւ հոն, ուր հայկական գաղութ գոյութիւն ունէր, լծուեցան աշխատանքի, միջազգային հանրային կարծիք ստեղծելու եւ այդ հանրային կարծիքի ճնշման տակ միջազգային կազմակերպութիւնները ստիպելու հայկական պահանջներուն հետ հաշուի նստելու։ Օգտագործուեցան զանազան միջոցներ՝ բանաւոր եւ գրաւոր քարոզչական միջոցները, անձնական կապեր։ Հայերը այլեւս իրենց երկիրներուն մէջ դարձած էին յարգուած մարդիկ, դիրքի, պաշտօնի ալ տիրացած էին եւ այդ ձեւով ստեղծած էին բազմապիսի կապեր՝ իրենց երկիրներու պետական շրջանակներուն հետ, այնպէս որ այդ կողմնակի ճամբաներով է, որ աշխատանք տարուեցաւ։ Միջազգային ընկերութիւնը դաժան է, պետութիւնները, յատկապէս մեծ պետութիւնները իրենց շահերը ունին եւ անոնցմէ մեկնելով է, որ դիրք կը ճշդեն, իսկ այս պարագային հայութիւնը իրենց համար շահեկան չէր։ Այս պայմաններուն մէջ մեր երիտասարդութիւնը դիմեց նաեւ այլ միջոցներու, այդ միջոցները լոկ միջոց էին եւ ոչ թէ նպատակ։ Բայց այս բոլոր ճիգն ու աշխատանքները ի վերջոյ իրենց արդիւնքը տուին, բազմաթիւ պետութիւններ ճանչցման Հայոց ցեղասպանութիւնը։ Իսկ Հայաստանի անկախացումէն ետք դռները կիսաբաց դարձան, այն փակ դռները, պատերը, որոնց դիմաց մենք կանգ կ'առնէինք, գէթ կիսով բացուեցան, եւ վերջին տասնամեակներուն ընթացքին բազմապատկուեցան այն երկիրները, որոնք միացան ցեղասպանութիւնը ճանչցողներուն, կ'երեւի ուրիշներուն ալ կարգը պիտի գար անպայման։ Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւս ինքնանպատակ չէր, այն նպատակին չի ծառայեր, որ թուրքը այսօր ելլէ ու ըսէ, որ մեր պապերը շատ մեծ սխալ ու ոճիր գործեցին. այս նպատակին հասնելու համար չէ մեր աշխատանքը, այլ հատուցում պահանջելն է. միջազգային օրէնքով, ուխտագիրով իսկ ճշդուած է, որ ցեղասպանը պէտք է հատուցում տայ՝ վերահաստատելով այն պայմանները, որոնք գոյութիւն ունէին ցեղասպանութենէն առաջ։ Այս պարագային մեզ հետաքրքրող հիմնական հարցը հողային հարցն է, Արեւմտահայաստանն է. իսկ այս մէկը մեզմէ աւելի լաւ գիտէ Թուրքիան, այդ պատճառով է, որ ան ամէն ինչ կ'ընէ, որպէսզի «1915 թուականին պատահած ցաւալի դէպքերուն» որեւէ անուն տրուի, բացի ցեղասպանութիւն որակումէն։ Հայ-թրքական յարաբերութեանց հարցը սկզբունքով թուրքիոյ հետ կապեր հաստատել, ինչպէս նաեւ բնական յարաբերութիւններ ստեղծելը ամէնէն պարզ խնդիրն է, մանաւանդ երկու դրացի երկիրներու միջեւ, որոնք ճակատագրուած են կողք-կողքի ապրելու. այս իրականութեան ոչ ոք կրնայ հակառակիլ. հետեւաբար, ցեղասպանութեան ճանաչումը իսկապէս պէտք է թուրքերու անկեղծ զղջումով ըլլայ։ Մենք գիտենք, բայց եւ այնպէս համայն աշխարհը պէտք է գիտնայ, որ Թուրքիան լաւագոյնս գիտէ, թէ ի՛նչ մեծ սխալ գործած է, եւ թուրքերը ներքնապէս երբ կը խօսին այս հարցին մասին, ձեւով մը սիրտ կը պաղեցնեն ըսելու համար, թէ իրենց պապերը
այսպիսի ոճիր մը գործելով երկիրը փորձանքէ փրկած են։ Եթէ նորահաս սերունդները լաւ չեն գիտեր, հիները սակայն քաջածանօթ են այս բոլորին եւ տակաւին յիշողներ կան, թէ ի՛նչ ձեւի տակ գործուած է ցեղասպանութիւնը, եւ թէ ինչպէ՛ս անկէ առաջ ալ այդ շրջաններու բնակչութեան մեծ մասը բաղկացած էր հայերէ, որոնք այդ երկրին կը բերէին տնտեսական մշակութային թէ կրթական բարիք, այնպէս որ զղջումը պէտք է ըլլայ անկեղծ, այլապէս կը դառնայ կեղծիք. սակայն այս կեղծիքը ճշմարտութիւնը չի խափաներ եւ անիկա անպայման որ երեւան կու գայ։ Երկրորդը, որ շատ յստակ կերպով պէտք է դրուի, հատուցման հարցն է. ոճիրը գործողը իր մեղքը քաւելու համար հատուցում պէտք է կատարէ։ Համաշխարհային Ա. պատերազմի յաղթական պետութիւնները՝ Ռուսիան, Անգլիան եւ Ֆրանսան, եկած էին այն եզրակացութեան, որ Հայաստանի եւ հայերու ճակատագիրը պէտք է բաժնել Թուրքիայէն, որովհետեւ բազմաթիւ փորձեր կատարուած էին հայկական նահանգներուն մէջ բարեկարգումներ առաջ բերելու, սակայն անոնք միշտ ալ բախած էին թրքական իշխանութիւններու, բայց մասնաւորաբար Սուլթան Համիտի եւ Երիտասարդ թուրքերու դժկամութեան. մեծ պետութիւններուն այս եզրակացութեան հիման վրայ է, որ գծուեցաւ այն քարտէսը, որուն մենք կ'ըսենք ուիլսընեան քարտէս, այսինքն՝ Սեւրի դաշնագիր։ Այս հարցը, դժբախտաբար, մեր կողմէ պէտք եղած ձեւով չի դրուիր, եւ երբ կը խօսինք հայ-թրքական յարաբերութեանց մասին, անոնց նախապայմաններէն մէկը պէտք է ըլլայ այն, թէ ցեղասպանութեան հատուցում պիտի կատարուի։ Բացի Սեւրի դաշնագիրէն, որուն համար շատերը կ'ըսեն, որ չիրականացաւ, որովհետեւ այլ դէպքեր պատահեցան Հայաստանի այն բաժիններուն մէջ, որոնք այն ժամանակ ռուսական տիրապետութեան տակ էին. նախքան համաշխարհային պատերազմը, նոյնիսկ այդ բաժիններէն կարեւոր հատուած մը՝ Կարսի, Արտահանի, ինչպէս նաեւ Սուրմալուի Իգտիրի գաւառակը, զէնքի ուժով խլուեցան. հայութեան դժբախտ վիճակէն օգտուելով՝ թրքական բանակը բռնագրաւեց եւ կատարուած իրողութեան մը առջեւ դրաւ մեզ բոլորս։ Հայկական պետութիւնը առաջին առիթով պէտք է հետամուտ ըլլայ այդ իր կորսնցուցած սահմանները վերագտնելու, եւ երբ սահմանները բանալու խօսքը կ'ըլլայ, պէտք է հարց տալ, թէ այդ սահմանները ուրկէ՞ կը սկսին։ Դժբախտաբար, այս հարցն է, որ ընթացք չունեցաւ եւ հայ- թրքական յարաբերութիւնները պէտք է ըսել, որ ծանր հարուած հասցուցին Հայ դատի աշխատանքներուն՝ կասեցնելով ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը։ Որքան ալ ըսենք, թէ Հայաստան - Թուրքիա ստորագրուած արձանագրութիւնները առանց նախապայմանի եղած են, թուրքերը իրենց իսկ բերնով կ'ըսեն, թէ նախապայմաններ ունին, իսկ ժխտող չկայ։ Հիմա պատմագէտներու յանձնախումբ պիտի կազմուի եւ այդ յանձնախումբին վճիռին կը սպասեն, եւ այնպէս հաւատացուցած են ամբողջ աշխարհին, թէ այո՛, ցեղասպանութեան հարցը պիտի քննարկուի հայերու եւ թուրքերու միջեւ։ Նախագահ Օպաման ինքզինք արդարացնելու համար ըսաւ, թէ հայերը եւ թուրքերը միասնաբար լեզու պիտի գտնեն՝ խուսափելով ցեղասպանութիւն բառը գործածելէ։ Եթէ վէճի նիւթ պիտի դառնայ ցեղասպանութեան եղած ըլլալը կամ ոչ, այս կը նշանակէ, թէ զերոյէն սկսանք։ Ղարաբաղի հարցին պարագային եւս ըսուեցաւ, որ նախապայմաններուն մէջ չկայ Ղարաբաղի հարցը, բայց այսօր քիչ-քիչ այդ ալ երեւան կու գայ։ Կ'ըսուի, որ այդ հարցին լուծումը մեծապէս պիտի դիւրացնէ հայ-թրքական յարաբերութեանց բարւոք լուծումը, ինչ որ դիւանագիտական առումով կը նշանակէ, որ ղարաբաղեան հարցը պէտք է լուծուի, որպէսզի սահմանն ալ բացուի։

Իսկ վերջին բաժինով խօսինք նաեւ Դաշնակցութեան արխիւներուն մասին՝ վերադառնալով մեր բուն նիւթին, որովհետեւ Դաշնակցութեան արխիւները յստակօրէն նաեւ հայ ժողովուրդի հարստութեան մաս կը կազմեն։ Այսօր Հրաչ Տասնապետեանի մեծ ներդրումէն ետք այդ աշխատանքը ի՞նչ հանգրուանի հասած է եւ հրապարակուելիք ի՞նչ նոր ծրագիրներ կան։

Լաւ յիշեցիք Հրաչ Տասնապետեանի վաստակը, որ անուրանալի է այդ գործին մէջ եւ ես անձնապէս քաջածանօթ եմ, որ ինք տասնամեակներ յատկացուց այդ գործին համար։ Դաշնակցութեան արխիւները իսկապէս շատ հարուստ են եւ հարուստ նիւթեր կը բովանդակեն մեր ժամանակակից պատմութեան, Հայաստանի եւ հայաբնակ բոլոր նահանգներուն վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր դէպքի մասին մանրամասն ու բազմակողմանի տեղեկութիւններ կը փոխանցեն։ Հրաչ Տասնապետեան առաջինը չէր անշուշտ. այդ արխիւներով զբաղած են նաեւ Լեւոն Թադէոսեանը, Գիւլխանդանեանը, Աթանասեանը, բայց ամէնէն շատ երեւի մեր վերջին ժամանակներուն Տասնապետեանն է, որ շունչ հատցուց անոնց վրայ եւ անոնց արգասիքն են այն հատորները, որոնք իր խմբագրութեամբ սկսան լոյս տեսնել «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար» խորագիրով։ Բացի ասոնցմէ Հրաչ Տասնապետեան նաեւ ուսումնասիրական գործեր արտադրեց. ուսումնասիրութիւններ, որոնց մէջ մեծ տեղ պիտի գրաւէին» խորագիրով: Հայ յեղափոխական շարժման եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան թերաւարտ մնացած պատմութիւնները. այդ ուսումնասիրութիւնները վերջերս լոյս տեսան։ Յայտնեմ, որ մամուլի տակ է 2-րդ հատոր մըն ալ, Հրաչ Տասնապետեանի մենագրութիւնները, որոնք առանձին գրքոյկներով լոյս տեսած էին 70-ական եւ 80-ական թուականներուն եւ այդ ուսումնասիրութիւնները խորքին մէջ հիմքը կազմած էին իր շարադրած Դաշնակցութեան պատմութեան եւ այդ պատճառով ալ 6 գրքոյկներէ բաղկացած ուսումնասիրութիւնները ի մօտոյ լոյս կը տեսնեն առանձին հատորով՝ ի յարգանս հանգուցեալ ընկերոջ եւ անոր ունեցած վաստակին։

Ձեր խօսքը՝ մեր ունկնդիրներուն եւ ընթերցողներուն:

Այնքան ատեն որ այս ժողովուրդը իր վախճանական նպատակներուն չէ հասած, մեր վերջին խօսքերը պէտք է յարատեւ ըլլան, որպէսզի նորահաս սերունդներուն մտքին մէջ վառ մնայ հայրենասիրութեան ոգին, հայկականութիւնը, ոչ թէ ազգային ինքնաբանութեան համար, այլ կը հաւատամ եւ համոզուած եմ, որ այս ժողովուրդը ինչպէս անցեալին՝ նաեւ ներկայիս ու ապագային ալ իր բաժին մասնակցութեամբ մեծ դեր ունի խաղալիք համաշխարհային քաղաքակրթութեան մէջ։ Ասոր լաւագոյն ձեւը այն է, որ մեր ժողովուրդին ջախջախիչ մեծամասնութիւնը վերստին հաւաքուած ըլլայ իր մայր հայրենիքին մէջ, ուր հողէն, օդէն, ջուրէն առած սնունդը ուրիշ որեւէ տեղէ չի կրնար ստանալ։
Հարցազրոյցը վարեց՝ Հուրի Էմմիեան

«« վերադարձ ««
Powered by Webnaz Pagemaker