ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԳՈՀԱՐԻ ԽՄԲԱՎԱՐ ԵՒ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐ ՍԵՊՈՒՀ ԱԲԳԱՐԵԱՆԻ ՀԵՏ

Սփիւռքի կազմաւորման առաջին հանգրուանը հանդիսացող Հալէպ քաղաքը հայատրոփ, հայախօս, միատարր, որոշ շրջանակի մը մէջ փակուած ապրող, հազուադէպօրէն իր աւանդութիւնները պահած գաղութներէն է, անցնող 70-80 տարիներուն ընթացքին այս քաղաքէն անցած են շատ մը երգչախումբեր, թատերախումբեր, արուեստագէտներ։ ԳՈՀԱՐը տակաւին Հալէպ չհասած՝ արդէն իսկ կը վայելէ մեծ ժողովրդականութիւն։ Կը յիշեմ, 1966-ին, երբ աշակերտ էինք, ներկայ գտնուեցանք Թաթուլ Ալթունեանի Երգի եւ Պարի Անսամպլին։ Այսօր կ'ուզեմ կամուրջ մը նետել՝ ետդարձ մը կատարելով շուրջ 40 տարի առաջուան, այդ խումբի ելոյթներուն տպաւորութեան եւ այսօրուան մթնոլորտին, նախքան ձեր տալիք ելոյթները։ Հիմա որ արդէն բարի եկած էք ձեր քաղաքը, նախքան ելոյթներու կայացումը, փափաքելի է լսել ձեզ՝ հարցազրոյցի մը ընդմէջէն։
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ժողովրդային առածը կ'ըսէ. «Ծառը իր պտուղէն կը ճանչցուի»։ Կարելի է հակառակն ալ ճիշդ նկատել՝ «Պտուղն ալ՝ ծառէն»։
Հալէպ քաղաքին մէջ տակաւին կ'ապրին այն սերունդին ներկայացուցիչները, որոնք աշակերտած են հօրդ՝ հանրածանօթ դաստիարակ, մարմնամարզի ուսուցիչ եւ սկաուտապետ Լեւոն Աբգարեանին, որ պաշտօնավարած է Հալէպի կարգ մը վարժարաններու մէջ, ոմանք իր սկաուտները եղած են «Տարօնի արծիւ» ակումբին մէջ եւ բախտաւորուած՝ իր հետ բանակումներու մասնակցելով։ Անցնող օրերուն հանդիպեցայ յիշեալներէն ոմանց հետ։ Տակաւին շատեր չեն գիտեր, թէ Սեպուհ Աբգարեան տարօնածին Լեւոն Աբգարեանի որդին է։ Կարելի է՞ հակիրճ տողերու մէջ ծանօթանալ ձեր կեանքի հանգրուաններուն, եւ թէ ի՞նչ կ'ըսէ Հալէպ քաղաքը ձեզի։
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Շատ քիչ վայելած եմ Հալէպ քաղաքը։ Հայրս շատ կանուխ Պէյրութ փոխադրուեցաւ, երբ տակաւին մանուկ էի եւ ձեւով մը անտեղեակ՝ զանազան երկրային այդ նոր միջավայրերուն։ Լիբանանի միջավայրը աւելի ազդած է վրաս, ուր մինչեւ 13 տարեկան մնացած եմ, յետոյ դարձեալ Հալէպ ենք։ Հայրս մնայուն կերպով իր ընտանիքը հոս պահած է եւ ունեցած է մարմնամարզական եւ արիական բեղուն գործունէութիւն՝ մեծ թիւով վարժարաններու մէջ։ Նախ՝ Հայկազեանի մէջ, ուր բազմաթիւ աշակերտներ ունեցած է, շատեր կեանքի ընթացքին հասած են բարձր դիրքերու՝ ըլլա՛յ գրական շրջանակէ ներս, թէ գիտական կամ այլ ասպարէզներու մէջ։ Անշուշտ սկզբնական շրջանին կը յիշեմ, թէ ՀՄԸՄը՝ Հալէպի մէջ հիմնուեցաւ Արարատ Քրիսեանի ջանքերով՝ «Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն» անունով։ 19-րդ դարու վերջաւորութեան հայրս եւ քանի մը պատանիներ քով-քովի գալով՝ հիմնած են «Արարատ» ակումբը, կարգախօս ունենալով «Առողջ միտք առողջ մարմնի մէջ»։ Իր կեանքի վերջալոյսին անհաճոյ դէպքեր պատահեցան։ Ինք այնքան լայնասիրտ էր, որ ոչ մէկ ակնարկութիւն իսկ ըրաւ, իր հեծանիւով զանազան տեղեր երթալով՝ մարմնամարզական հոյլեր հիմնեց մինչեւ Գամիշլի, որովհետեւ ան կը հաւատար, թէ մարզանքէն իսկ կը բխի
հայասիրութիւնը։ Կապելով ձեր հարցին՝ Հալէպը ինծի համար հեքիաթին վերջաբանը պիտի չըսեմ, բայց վերջին հրաշքներէն մէկն է։ Երբ այս առաւօտ Հալէպի հին թաղերը կը պտտէի, դժուար ապրումներ ունեցայ։ Ակնոցս կրցաւ պահել այն ներքին փոթորիկը, որ տեղի ունեցաւ, որովհետեւ 94 տարիներ առաջ, երբ հայրս 16 տարեկան էր, Հալէպի բերդին մէջ բանտարկուած, սասունցի այդ կայտառ պատանին մահապատիժէ մը փախած ըլլալով, հզօր, պայքարող եւ կամքի տէր, կեանքը սիրող, իրեն հետ ազատելով 5 ուրիշ զանազան գաղափարներու ծառայող հայեր, որոնք յանձնուած էին մահուան: Այսօր, նոյն այդ բերդին մէջ ելոյթ պիտի ունենայ իր որդին՝ «Բոլոր ժամանակներու հայկական սիրուած երգերով»։
Այս նոյն բերդէն էր, որ հօրս նման, հազարաւոր հայորդիներ անցան, շատեր Պապ Էլ Ֆարաճի հրապարակը կախուեցան, ուրիշներ կարաւաններով տարուեցան Տէր Զօր եւ նահատակուեցան։ Սուրիան պատճառ եղած է, որ հայու բեկորները, որոնք կարողացած են ճողոպրիլ այդ ահաւոր դէպքերէն, վերապրին եւ այստեղէն հայութիւնը նոր աղբիւր մը ստանայ եւ տարածուի դէպի Լիբանան եւ արտասահման, ու հայութեան այդ բեկորներն են, որոնք կիլիկեան Հայաստանի զաւակներն են։ Ա՛յս է իմ մէջս Հալէպը։
Հ.- Մենք կը յիշենք ձեր առինքնող ձայնը Կիպրոսի հայկական ռատիոժամէն՝ 1960-ական թուականներէն սկսեալ։ Կարելի է՞ որոշ տեղեկութիւն մը տալ այդ շրջանին եւ ռատիոժամին մասին։
Պ.- 1954 թուականին, յարգելով իմ համաձայնութիւնս Մելգոնեան կրթական հաստատութեան հետ, Փարիզէն վերադարձայ նկարչական ուսումս աւարտելէ ետք՝ Աքատեմիք տը լա կրանտ Շոմիէր Օկիւսթ Ռոտէնի դպրոցին եւ երաժշտանոցին մէջ: Ապա վերադարձայ Կիպրոս եւ կոչուեցայ կրթական մարզին՝ դաստիարակելով այն աշակերտները, որոնք նկարչութեան տաղանդ ունէին, բայց պէտք էր այդ տաղանդը կաղապարի մը մէջ հոսեցնել եւ պատրաստել որպէս նկարիչ, նոյնիսկ եթէ նկարիչ չըլլային, գէթ ունենային գեղագիտական բարձր ճաշակ։ Շատ ուրախ եմ, որ կարողացայ 50 տարի այդ մէկը ընել Մելքոնեանէն ներս, նմանապէս՝ երաժշտական դաստիարակութիւնը բաւական բարձր դիրքի հասաւ եւ շարունակեցի գիտութիւնս փոխանցել ներկայ սերունդներուն, որոնք հայութեան զանազան դասակարգային խաւերէ կու գային։ Անխտիր բոլորին ծառայելու պատրաստակամութիւնն է, որ ունեցած եմ:
Այս շրջանին է, երբ Մելքոնեանի մէջ էր Վահրամ Մավեանը, Երուսաղէմի Մելիքեան-Ուզունեան վարժարանէն եկած 1948-ին, որպէս ուսուցիչ: Անոր կարգ մը բանաստեղծութիւնները լոյս տեսած էին «Սիոն»ի մէջ: Հոն էր նաեւ Անգինէ Քեշիշեան-Մուրատեանը, աւելի ուշ եկաւ Վազգէն Ա. քհնյ. Տարագճեանը, երբ տակաւին աշխարհական էր եւ բոլորս միասնաբար հիմնեցինք Կիպրոսի հայկական ռատիոժամը: Ամէնէն երիտասարդը ըլլալով՝ գլխաւոր աշխատանքը ես ստանձնեցի եւ վարեցի զայն անխափան, հայկական մշակոյթի քարոզչութիւնը ընելով Կիպրոսի կառավարութեան ընձեռած ռատիոկայանի ամսական երկու ժամերը օգտագործելով: Խմբակի անդամները կամաց-կամաց մեկնեցան եւ ամբողջ բեռը մնաց ուսերուս, եւ ես զայն տարի մեծ երջանկութեամբ։ Անոր մէկ արդիւնքն ալ այսօր կը վայելեմ, որովհետեւ մեր Հայրօնը (Այս անուանակոչութիւնը ես կատարած եմ ԳՈՀԱՐ-ի մեկենաս՝ Խաչատուրեան եղբայրներու երէցին, հայր բառը ընդունելով դէպի առաջ) զաւակն է լիբանանահայ հանրածանօթ անձնաւորութեան մը, որ այնքան սիրած է հայ երգը, ամէն կիրակի ռատիոյին շուրջ հաւաքելով իր երեք որդիները, ձեռքերնին երգարան տալով՝ հետեւած եւ սորված են մեր սփռած երգերը։ Հետագային, չորեքշաբթի օրերն ալ աւելցան, ապա ամէնօրեայ դարձաւ։ Այսպիսով, թրքական երգերու տիրապետութիւնը փոխուեցաւ, այդ շրջանի էսդրատային եւ աշուղական երգիչներ Ատիսի, Լեւոն Գաթրճեանի, Վարդիվառի, Արա Կիրակոսեանի երգերով։
Հ.- Ովքե՞ր եղած են ձեր հայերէն լեզուի եւ երաժշտութեան ուսուցիչները, որոնք ազդեցութիւն ունեցած են ձեր ասպարէզին մէջ։
Պ.- Սկզբնական շրջանին Պէյրութի Ս. Նշան Ազգ. վարժարանին մէջ մեր հայերէնի լեզուի ուսուցիչն էր Եդուարդ Տարօնեանը, բացառիկ անձնաւորութիւն մը, հայերէնի գիտակ: Ապա շրջան մը փոխադրուեցանք Հալէպ: Մխիթարեան վարժարանին մէջ Գալիկեան վանեցի անձնաւորութիւն մըն էր։ Ան շատ կը հաւնէր իմ շարադրութիւններս։ Հետագային երբ Մելքոնեան յաճախեցի, իմ վրաս մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ Վահէ Վահեան (Սարգիս Ապտալեան) եւ Ներսէս Կատար (Ներսէս Թամամեան)։ Երէկ, երբ Համա էի, խորհրդածեցի եւ յիշեցի ուսուցիչս։ Ան պատմած էր, թէ որպէս հովիւ Եղեռնէն ճողոպրած, ապաստանած էր Համա, որովհետեւ Ուրֆայէն տեղահանուած իր ընտանիքին 40 անդամները մորթուած էին անապատին մէջ։ Ան կարողացած էր դուրս գալ դիակներու կոյտի տակէն եւ հասնիլ Համա ու ապաստանիլ հայկական որբանոցը։
Մեր գրականութեան հանդէպ ունեցած հետաքրքրութիւնս պատճառ դարձաւ ինքնակերտումիս եւ հայոց լեզուիս կոկումին։
Պէյրութի Ս. Նշան վարժարանին մէջ երաժշտութեան ուսուցիչս էր անմահանուն Բարսեղ Կանաչեան, որ մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ երաժշտական նախասիրութիւնս զարգացնելու առումով։
Հ.- Ի՞նչ պայմաններու մէջ եւ ե՞րբ հիմնուեցաւ ԳՈՀԱՐը: Ովքե՞ր են այս խումբին հիմնադիրները։
Պ.- Մելքոնեան կրթական հաստատութիւնը հիմնուած է բարոյական սկզբունքներու եւ ըմբռնումներու վրայ եւ այս մէկը մղիչ ուժ եղած է, որ մելքոնեանցիներ պատրաստուին որպէս ուսուցիչ, դաստիարակ, հասարակական գործիչ, առաջնորդ, հռետոր, դերասան, երաժիշտ։ Վերջին տարիներուն, Ալեք Մանուկեանի մահէն ետք, զինք փոխարինողներ արմատականօրէն խախտեցին այս սկզբունքները։ Կարծես դիտաւորեալ ձգտում մը կար։ Տեղւոյն պարբերաթերթին՝ «Փարոս»ին մէջ բաց նամակ մը գրեցի, ուղղուած հաստատութեան տնօրէնուհիին, ազնիւ ոճով, բացատրելով երկար տարիներու որպէս լուսատու պաշտօնեայ, յիշեցնելով մեր ուղեգիծը սերունդներու դաստիարակութեան մէջ։
Դժբախտաբար այս նամակը գիտակցութեամբ չընկալուեցաւ։ Ան բորբոքեցաւ, եւ աստիճանաբար ես դարձայ անբաղձալի, երգչախումբի աշխատանքներս սահմանափակուեցան եւ ստիպուեցայ ներկայացնել հրաժարականս ու ըսի՝ «մնաք բարով Մելքոնեան»։
1999-ին Կիպրոսի պանդոկներէն մէկուն մէջ հանդիպեցայ վերջին տարեշրջանի աշակերտներէս՝ Սարօ եւ Սեւակ Սերոբեան եղբայրներուն, որոնց կ'ընկերակցէր անձնաւորութիւն մը՝ ԳՈՀԱՐ-ի այսօրուայ հայրօնը։ Երբ տեղեկացաւ Մելքոնեանէն դադրած ըլլալս, հայրօնը առաջարկեց Հայաստանի Արամ Խաչատրեանի համերգասրահին մէջ ղեկավարել 250 հոգինոց երգչախումբը եւ 175 հոգինոց սիմֆոնիք նուագախումբը։ Պահ մը երազային կատակ մը կարծեցի, ապա ան հաստատեց պատասխան ուզելու պայմանաժամը։
Երգացանկս անմիջապէս կազմեցի եւ երեք օր ետք մեկնեցայ Երեւան։ 3 փորձ ընելէ ետք, ֆիլհարմոնիայի սրահին մէջ 1 ունկնդիր միայն ներկայացաւ, որն էր մեր հայրօնը եւ այդտեղ ընդունեց իմ առաջին ունկնդրութիւնս։ Ելոյթը կրկնեցի օփերայի սրահին մէջ՝ ներկայութեամբ երաժիշտներու եւ բարեկամներու։
Վերադարձայ Կիպրոս եւ երեք շաբաթ ետք նամակ մը ստացայ, որ կը հրաւիրէր զիս աղէտի գօտիի Գիւմրի քաղաքին մէջ հիմնելու երգչախումբ մը։
Գիւմրին որպէս վայր ընտրած էր, որպէսզի աղէտի գօտիին մէջ գործի հրաւիրէր արուեստասէր եւ շնորհալի տարրերը։
Սկսայ աշխատանքի՝ նախ երգող անդամներու ընտրութեամբ։ Ներկայացող հինգ հարիւր հոգիին մէջէն ընտրեցի 120 հոգի, որմէ զտեցի եւ մնաց 100 հոգի, 1999-ի վերջին ամիսներուն։
Հայրօնը ներկայացաւ եւ ունկնդրեց խումբը։ Զգալով մեծ յառաջդիմութիւն եւ, այսպէս, 2000 թուականին մենք սկսանք աշխատանքի։
Առաջարկեցի նուագախումբով օժտել խումբը, սկսանք լարայինով, որուն յաջորդեց փայտափողայինը, պղնձափողայինը, յետոյ հարուածային ունեցանք։
2002-ի սկզբնաւորութեան որոշուեցաւ մեկնիլ արտասահման, առաջին հերթին իմ աշխատանքի շրջանս՝ Կիպրոս։
Մայիս ամսուան վերջաւորութեան աննախընթաց ելոյթ մը ունեցանք Կիպրոսի մէջ, ուր Մելքոնեան կրթական հաստատութեան աշակերտները հրաւիրուեցան ձեռնարկին: Տնօրէնուհին արգիլեց անոնց ներկայութիւնը՝ պատրուակելով փորձ քննութիւնները, որոնք պիտի կայանային 1 ամիս ետք։
Կարգ մը աշակերտներ փախստական, գաղտնի ներկայ գտնուեցան եւ մեր համբաւը տարածուեցաւ դպրոցական միջավայրին մէջ։
Հ.- Խումբը արհեստավարժ է։ Այլ խումբերու կ'անդամակցի՞ն, թէ՞ զուտ ԳՈՀԱՐ-ական են։
Պ.- Խումբը ամբողջութեամբ, Գիւմրիի բնակիչ արուեստագէտներէ կը բաղկանայ։ Կան սակաւաթիւ տարրեր, որոնք կը գործեն այլ տեղեր, սակայն անոնք նախ ԳՈՀԱՐ-ական են, ապա՝ այլ խումբի անդամ։
Հ.- Սփիւռքի զանազան գաղութներ այցելած էք ԳՈՀԱՐ-ին հետ՝ Պէյրութ, Մոսկուա, Միացեալ Նահանգներ, Պոլիս։
Պ.- Կարգով թուեմ մեր այցելած գաղութները։ Առաջին հերթին, ինչպէս յիշեցինք, Կիպրոս, ապա՝ Լիբանան, Կ. Պոլիս, Մոսկուա, Կրեմլին, Միացեալ Նահանգներու զանազան շրջաններ, Քանատա եւ վերջաւորութան եղանք «Գառնիկ»ի սրահին մէջ, ուր շատ քիչերու վիճակուած է ելոյթ ունենալ։
Երկրորդ հանգրուանը Պէյրութն էր, ուր ելոյթ ունեցանք 2002-ի Յունիս ամսուան ընթացքին, Պիէլի մէջ, ուր չկային ձայնային եւ թատերական յարմարութիւններ։ Հոս նաեւ մեր հայրօնը իր նիւթական միջոցներով բարեզարդեց եւ յարմարութիւններ ստեղծեց։ Պէյրութի մէջ ալ մենք ունեցանք երեք ելոյթ։
Հետագային, 2003-ի ընթացքին երբ հրապարակուեցաւ մեր առաջին տեսահոլովակը, Համպուրկ քաղաքին մէջ, 127 ազգերու մասնակցութեամբ, մեր խումբը շահեցաւ արծաթեայ մրցանակը, ուր ներկայ գտնուեցայ եւ ելոյթ ունեցայ։ Մեծ ուրախութեամբ մեր ստացած մրցանակը նուիրեցի տիկին Գոհար Խաչատուրեանին։
Հ.- Ի՞նչ էին ձեր զգացումները, երբ ԳՈՀԱՐ-ը ղեկավարեցիք Պոլսոյ մէջ, ուր Կոմիտաս վարդապետ ղեկավարած է 300 անդամներէ բաղկացած ԳՈՒՍԱՆ երգչախումբը։
Պ.- Կ. Պոլիս մեր այցելութիւնը իրականացաւ շնորհիւ մեր հայրօնի անձնական ջանքերուն:
2005-ին, Մեծ եղեռնի 90 ամեակն էր։ Մենք ելոյթ ունեցանք թատերասրահի մը մէջ, ուր տեղադրուած էր հանրապետութեան հիմնադիրին մեծադիր նկարը։ Մեր 130 հոգինոց խումբը հնչեցուց հայ մշակոյթի գանձարանէն բոլոր ժամանակներու սիրուած երգերը, չորս երեկոյթ։
Այդ քաղաքին մէջ էր, որ 1908-էն սկսեալ Կոմիտաս վարդապետ կազմած է 300 հոգինոց ԳՈՒՍԱՆ երգչախումբը։ Հնչած են կոմիտասեան երգերը իր աշակերտներուն հետ, որոնցմէ էին՝ Բարսեղ Կանաչեան, Միհրան Թումաճեան, Սրուանձտեանց, Վարդան Սարգիսեան, հետագայ երաժշտագէտներ։
Հ.- Ձեր երգացանկի ընտրութիւնը ինչպէ՞ս կը կատարէք։
Պ.- Յանձնախումբ մը կայ, որուն կը ներկայացնեմ երգացանկը։ Ան կը սերտէ՝ համախորհուրդ հայրօնի հետ։ Կայ նաեւ երգերու յաջորդականութիւնը յարմարցնելու հարցը։
«Հայկական բոլոր ժամանակներու սիրուած երգերը»։ Այս ընտրած ենք մեր լոզունգը։
Հ.- ԳՈՀԱՐ-ի նիւթաբարոյական այս հսկայական ծախսերը այլ աղբիւրներ ալ ունի՞ն:
Պ.- Բացարձակապէս: Լիբանանահայ Խաչատուրեան երեք եղբայրները ամբողջովին կը հոգան խումբին շրջապտոյտի, կեցութեան եւ անդամներու պատուեգիները: Նոյնիսկ ելոյթներու հասոյթը ամբողջութեամբ կը բաշխուի՝ նպաստելով ԱԲԳ-ի գոյատեւման նպատակին:
Հ.- ԳՈՀԱՐ-ի այսքան ժողովրդականութեան գաղտնիքը ո՞ւր կը կայանայ։
Պ.- Մեր Հայրօնի տեսլականն է: Եւ այդ տեսլականի ուղիին մէջ իր ունեցած վստահութիւնը՝ մեր տուած տեղեկութիւններուն մասին։
Խումբը կոչած են ԳՈՀԱՐ, իրենց մօր անունով։ Իսկ երբ կ'երգենք հօր նուիրուած երգը, անոնք այդ մթնոլորտին մէջ ԱԲԳ-ը կը տեսնեն, որ ծնողական դաստիարակութեան արդիւնքն է, որ իրենց մէջ դրոշմած է այդ տառերուն հանդէպ պաշտամունք մը։ Ձեւով մը ԱԲԳ-ին կը պարտինք այս երգերուն գոյութիւնը եւ յարատեւութիւնը։ ԳՈՀԱՐ-ը կոչուած է պանծացնելու հայ երգը եւ հայոց տառերը:
Հ.- Ձեր անունը առնչութիւն ունի Մելքոնեան կրթական հաստատութեան հետ։ Ձեր շունչն ու երաժշտական գիտելիքները փոխանցած էք սերունդներու։
Ի՞նչ են ձեր տպաւորութիւնները այս հաստատութեան փակման մասին։
Պ.- Ես կտրականօրէն դէմ եմ հաստատութեան փակման որոշումին։ Հայ ժողովուրդը հինէն ի վեր իր պատմութեան ընթացքին երկու մեծ սրբութիւններ ունի։ Մին Հայ եկեղեցին է, միւսը՝ հայ դպրոցը։ Հայ եկեղեցի կը հիմնուի եւ չի փակուիր, եթէ նոյնիսկ այսօր Թրքահայաստանի մէջ կան փակուած եկեղեցիներ, ատիկա թշնամիի ընթացքին հետեւանքն է։
Հայ դպրոցը այն լոյսի կեդրոնն է, որ կը հիմնուի եւ չի փակուիր։
Դամասկոսի մէջ արդէն հինգշաբթի, 9 յուլիսի երեկոյեան Տար Ասատ օփերայի բեմին վրայ թնդաց հայ երգը «աննախընթաց»՝ բազմաչարչար այս բառը իր իսկական իմաստը ստացաւ այդ ելոյթին առիթով։Յառաջիկայ օրերուն Հալէպի պատմական բերդի թատրոնի բեմահարթակին վրայ ելոյթ պիտի ունենայ ԳՈՀԱՐ-ը, յաջորդական երեք օրերու ընթացքին, մօտաւորապէս վեց հազար հանդիսատեսներու պիտի ընծայէ անմոռանալի պահեր։Այս առիթով Սուրիոյ շրջաններէն հայորդիներ, Սփիւռքի զանազան գաղութներէն Հալէպ այցելողներ, ինչպէս նաեւ Լիբանանէն յատուկ կարգադրութեամբ Հալէպ ժամանող հայ երգի սիրահարները պիտի վայելեն «ՀԱԼԷՊԻ ԳՈՀԱՐԵԱՆ ԳԻՇԵՐՆԵՐԸ»։
Հարցազրոյցը վարեց
ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ
Հալէպ, 11 յուլիս, 2009


