Հարցազրոյց Լիբանանի «Ծաղիկ» թերթի Զատիկի եւ Մեծ Եղեռնի 94-մեակի բացառիկ թիւին համար

-Յառաջիկայ Մայիս 21-ին կը նշուի կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ ձեր ընտրութեան 3-րդ ամեակը։ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ու Եւրոմիութեան անդամ Կիպրոսի մէջ՝ շուրջ 3500 կարեւոր հայկական համայնք մը հաշուող այս երկրին իբրեւ միակ հայ ներկայացուցիչը, ի՞նչպէս կը գնահատէք պատասխանատուութեամբ լեցուն ձեր անցած եռամեայ ճանապարհին կատարած իրագործումները, բոլոր մարզերուն մէջ։ Եթէ կան դեռ իրագործելի ծրագիրներ, ի՞նչ են անոնք. խնդրեմ, զանոնք ներկայացուցէք օրինակներով։ Իսկ եթէ առկայ են որոշ խոչընդոտներ, հնարաւո՞ր է զանոնք վերացնել, եւ ի՞նչպէս։
Նախքան հարցազրոյցի հարցումներուն պատասխանելս, կը փափաքիմ ջերմագին երախտագիտութիւնս յայտնել Ձեզի եւ «Ծաղիկ»ի խմբագրութեան, որ յարատեւ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ Կիպրահայ գաղութէն ներս Հայ Պետական Ներկայացուցիչին կատարած աշխատանքներուն ու իրագործումներուն գծով։
Երբ 2006 Մայիսին այս պաշտօնին ընտրուեցայ, Կիպրահայ գաղութը կը դիմագրաւէր մի քանի կարեւոր եւ անլոյծ մնացած հարցեր, որոնք ցաւ ի սիրտ ժառանգեցի որպէս նորընտիր Պետական Ներկայացուցիչ։ Գիտակցելով պատասխանատուութեան լրջութեան, պատրաստ էի կարելիս ընելու միջին եզր մը գտնելու այս անմիջական հարցերը դասաւորելու, որոնք ուղղակիօրէն կապ ունէին Կիպրահայութեան ազգային կեանքին հետ։
Ամենակարեւորը՝ Մելգոնեան Կրթական հաստատութեան փակումին պատճառով ստեղծուած անորոշութիւնն էր, թէ՛ հողատարածքին եւ թէ՛ թերաւարտ աշակերտութեան ուսումը ամբողջացնելու նիւթական աղբիւրներ ապահովելու առումով։ Հակառակ այն իրողութեան, որ բացուած զոյգ դատերը՝ Սանուց Միութեան եւ Պոլսոյ Պատիրաքին կողմէ տեղ չհասան, սակայն Կիպրոսի Ներքին Գործոց Նախարարութեան համագործակցութեամբ, յաջողեցայ պահպանութեան տակ դնել տալ Մելգոնեանի հողատարածքին մօտ 60 առ հարիւրը, այսինքն շէնքերն ու շրջակայ անտառը, որպէսզի առաջքը առնուի անհաճոյ եղելութիւններու։ Թերաւարտ վերջին երեք դասարաններու աշակերտութեան նիւթապէս օժանդակելու ուսումը ամբողջացնելու պարագան, որ մերժուած էր Կրթական նախարարութեան կողմէ, դարձեալ արծարծելով Նախարարաց Խորհուրդի նիստին, դրական արդիւնքի յանգեցաւ։ Քուէարկուեցաւ պիւտճէ մը Կրթական եւ Տնտեսական Նախարարութիւններու կողմէ, որու հիման վրայ ցանկագրուած Մելգոնեանի Կիպրահայ աշակերտները, մինչեւ իրենց ուսման աւարտը լրիւ կրթանպաստ պիտի ստանային եւ անվճար պիտի ուսանէին անձնական երկրորդական վարժարանէ մը ներս։ Վերոյիշեալ լուսաբանութիւններէն կրնաք եզրակացնել, թէ հակառակ այն իրողութեան, որ խոչընդոտները արժամապէս լուծուեցան, սակայն իրականութիւնը մէկ է, որ տակաւին կր շարունակուի փակ մնալ այս կենսական եւ երկարամեայ հայեցի դաստիարակութիւն մատուցող կրթական հաստատութիւնը՝ Մելգոնեանը, որու վերջնական ապագան կը գտնուի ՀԲԸՄ Կեդրոնական Վարչութեան ձեռքը։ Մեր Նպատակը Մելգոնեանը գոց պահել չէ, այլ հարցին բարւոք լուծում մը գտնել, խնդրոյ առարկայ կողմերու գործակցութեամբ եւ համամտութեամբ։
Մինչեւ օրս, տակաւին առկայ կը մնայ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան ապագան, որու լուծման ճանապարհին շատ կարեւոր եւ կենսական դեր կրնայ ունենալ Պետական Ներկայացուցիչը, եթէ խնդրոյ առարկայ կողմը գիտակցի եւ Ներկայացուցիչին հանգամանքը յարգելով՝ նախքան այսպէս կոչուած «մութ» տեսակցութիւններ ու համաձայնութիւններ ունենալը Կիպրոսի Կառավարութեան հետ, խորհրդակցի անոր հետ։ Անշուշտ իմ ուղիս յստակ է, իմ մօտեցումս միշտ հայանպաստ եւ ազգավայել ձեւով լուծումի մը ի նպաստ պիտի ըլլայ։
Երկրոդ կարեւորագոյն հարցը, որ տարիներէ ի վեր սառած վիճակի մէջ էր, այն ալ Ազգային Առաջնորդարանի Թեմական Ժողովի ընտրութեան պարագան էր։ Տարբեր կողմերու անհամաձայնութիւններու պատճառով, երկար տարիներ ընտրութիւններ չէին կայացած Կիպրոսի մէջ եւ Ազգային Իշխանութիւնը անելի դիմաց կը գտնուէր։ Ընտրութենէս անմիջապէս ետք, կողմերու միջեւ միջնորդի եւ համադրողի ախատանք տանելով, տեղի ունեցաւ Թեմական կազմի համերաշխական ցանկի հեզասահ ընտրութիւն՝ առանց ըտրապայքարի։
Ազգային Առաջնորդարանի եւ Եկեղեցւոյ գծով կային մի քանի բարդ հարցեր եւս, ինչպէս օրինակ հին գերեզմանատան վերանորոգութեան հարցը, որ կը կարօտէր մեծ գումարի, որու համար Կառավարութենէն կարողացայ ապահովել Կ.Ո. 90,000 (մօտ €154,000) օժանդակութիւն։ Միեւնոյն ժամանակ Եկեղեցւոյ կառավարական տարեկան նպաստը, որ վերջին տասը տարիներուն փոփոխութեան չէր ենթարկուած, կրեց նշանակալի 40 տոկոս յաւելում։
Իրագործելի ծրագիրներ անշուշտ տակաւին շատ կան որոնցմէ երկուքը միայն կրնամ յիշել։ Մէկը Հայ ժողովուրդի եւ Կիպրահայութեան պատմութեան մասին գրքոյկի մը նախաձեռնութիւնն է, որ պիտի դասաւանդուի Կիպրական երկրորդական վարժարաններէն ներս, որպէս Կիպրոսի երեք Կրօնական փոքարամասնութիւններէն մէկը, ծանօթացնելու մեր պատմութիւնը, մշակոյթը եւ կրօնը օտարներուն, որոնք շատ քիչ կամ գրեթէ անտեղեակ են մեր մասին։ Ուրախ եմ յայտնելու թէ աշխատանքը կը գտնուի իր վերջնական փուլին մէջ, շնորհիւ վաստակաւոր ազգային գործիչ եւ հանրածանօթ Նարեկ Վարժարաններու նախկին տնօրէն՝ Տիար Վարդան Թաշճեանի տրամադրած սիրայօժար եւ անսակարկ ճիգերուն։ Յոյսով ենք, որ այս ճոխ գրքոյկը լոյս կը տեսնէ մօտ ապագային, Կրթական Նախարարութեան նիւթական օժանդակութեան շնորհիւ։ Երկրորդ ծրագիրը, Հայ Մշակութային Կեդրոնի մը հիմնումի ծրագիրն է, որու նախնական աշխատաքները սկսած է երկու տարիէ ի վեր, սակայն տակաւին կը գտնուի սկզբնական վիճակի մէջ, բարդ եւ երկարաշունջ ծրագիր մը ըլլալուն պատճառով։
Այս բոլորին կողքին, լիաժամ գործող Երեսփոխանական Գրասենեակս վերջին երեք տարիներուն գաղութէն ներս կազմակերպեց մշակութային, ընկերային ու երիտասարդական բնոյթ ունեցող որակաւոր ձեռնարկներ, առանց մոռնալու մեր տարեցները, որոնց համար պատրաստուեցաւ հայերէն լեզուով իրաւունքներու եւ նպաստներու ձեռատետր մը, ինչպէս նաեւ 33 տարիներ ետք, առաջին անգամ ըլլալով եւ մեծ յաջողութեամբ իրագործեցինք Մակարավանք ուխտագնացութիւն։ Ժողովուրդին փափաքին ընդառաջելով, այս տարուայ Մայիս 10-ին, դարձեալ կը ծրագրենք այցելել բռնագրաւեալ մեր վանքը։ Անշուշտ այս բոլոր աշխատանքները կը կատարուին մեր գրասենեակի առօրեայ ծանր գործունէութեան զուգահեռ, օգտակար հանդիսանալով թէ՛ Կիպրահայերու կարիքներուն եւ թէ՛ Սփիւռքի ու Հայաստանի մեր հայրենակիցներու կեցութեան ու աշխատանքային արտօնագիրներու ապահովումով, ինչպէս նաեւ Յունաստան հաստատուած Հայաստանի դեսպանատան հիւպատոսական գործերու կարգաւորումով։
-2008-ի Փետրուարին նախագահ Տիմիթրիս Խրիսթոֆիաս երկրին ղեկը ստանձնելէ ետք, իսկ Մարիոս Կարոյեան՝ Ներկայացուցիչներու Տան նախագահութիւնը, դրական յատկանշական ի՞նչ փոփոխութիւններ կատարուեցան ի շահ հայ համայնքին։
Հոս կը փափաքիմ յստակացնել, թէ Կիպրահայ Համայնքի բարօրութիւնն ու ազգային դիմագիծի պահպանումը, Կիպրոսի Հանրապետութեան սահմանադրութեամբ որպէս փոքրամասնութիւն պահպանուած է, որու վրայ կու գայ աւելնալու Եւրոպական Խորհուրդի Գլխաւոր Կառոյցի Փոքրամասնութիւններու Պահպանութեան Յանձնաժողովի աչալուրջ հսկողութիւնը։ Ամէն տարի մասնագէտներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը, հանդիպում կ'ունենայ իւրաքանչիւր կրօնական փոքրամասնութեան Պետական Ներակացուցիչին հետ, լսելու անոր մտահոգութիւններն ու բարելաւումի կարօտ կէտերը եւ ըստ այնմ տեղեկագիր մը կը պատրաստէ, որու հիման վրայ թելադրանքներ կը հասնին պատկան նախարարութիւններուն եւ յարակից մարմիններուն, հարցերուն գոհացում տալու։ Ինչպէս գիտէք, Կիպրահայ գաղութը, Սփիւռքի միակ հայ գաղութն է, որ կը վայելէ Կիպրոսի Կառավարութեան նիւթական եւ բարոյական օժանդակութիւնը կրթական, կրօնական եւ մշակութային մարզերէ ներս եւ մեր կապերը երկրի բոլոր նախագահներուն եւ խորհրդարանի նախագահներուն հետ եղած են միշտ սերտ ու կառուցողական։ Նոյնն է պարագան Նախագահ Տիմիթրիս Խրիստոֆիասի ու ներկայ կառավարութեան։ Իսկ խորհրդարանի նախագահ՝ Մարիոս Կարոյեանի ընտրութիւնը, մեծ հպարտութեամբ կը մէջբերեմ, եկաւ առ աւելի հաստատելու եւ ամրապնդելու մեր կապերը թէ՛ Կիպրոսէ ներս եւ թէ՛ Հայաստանի հետ, որ մեծ նշանակութիւն ունեցաւ երբ Նոյեմբեր 2008-ին պետական-պաշտօնական հրաւէրով այցելեցինք Հայաստան։
-Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան ճակատագիրը ամէն առիթով կը շարունակէ յուզել եւ տագնաբեցնել ոչ միայն կիպրահայը, այլեւ՝ սփիւռքահայը։ Ստոյգ ո՞ւր յանգեցան խօսակցութիւնները անցած 22 Յունուարին նախագահ Խրիսթոֆիասի եւ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Պերճ Սեդրակեանի միջեւ, որուն կ'ընկերակցէր նաեւ Պենոն Սեւան։ Հակազդեցութիւնները հատու էին կայացած այդ հանդիպումին դէմ՝ Կիպրոսի, Քալիֆոռնիոյ եւ այլ Սանուց Միութիւններու կողմէ։ Ի՞նչպէս ընկալեցիք «Փրօ-Էտիւքացիօ»ի բանբեր դոկտ. Վարդան Օզինեանի՝ նախագահ Տիմիթրիս Խրիսթոֆիասին յղած նամակը, որուն մէջ, ի շարս այլ հարցումներու, դոկտ. Օզիեան ցաւով կ'անդրադառնայ Բարեգործականի նախագահին յատկապէս այն կեցուածքին, որ զանց առած էր Ձեզի հետ, իբրեւ հայ համայնքի ներկայացուցիչ՝ անհրաժեշտ հանդիպում մը, երբ անոր տեսակցութիւնները ընդգրկած էին պետական քաղաքական այլ անձնաւորութիւններ։ Վարջապէս, լուծումը ե՞րբ է այս բոլորին։
Այս հարցումին գծով ակնարկութիւն մը ըրի առաջին հարցումին պատասխանելու ժամանակ, սակայն աւելցնեմ ընդգծելով, թէ Մելգոնեանի հարցը շատ լուրջ բնոյթ կը ստանայ եւ եղած ճեղքը առաւելի կը բացայայտուի, երբ ծրագրուած եւ մասամբ մը գաղտնի հանդիպումներ տեղի կ'ունենան երկրին նախագահին հետ կարգ մը անձերու ներկայութեամբ, որու ընթացքին բացակայ է Կիպրահայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչը։ Եթէ իսկապէս բարի է ՀԲԸՄ Կեդրոնական Վարչութեան նպատակը եւ կրնայ արդարացնել Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւը փակելու իր որոշումը, ի՞նչու կը դիմէ նմանօրինակ քայլերու։ Ըստ երեւոյթին, ՀԲԸՄ Կեդրոնական Վարչութիւնը կ'աշխատի ամէն գնով լուծել Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան հարցը, խոստանալով իրականացնել այնպիսի ծրագիր մը, որմէ պիտի օգտուին ոչ միայն Կիպրահայերը այլ համայն Կիպրացիները։ Իսկ Կիպրոսի եւ Քալիֆորնիոյ Սանուց Միութիւններուն եւ Դոկտ. Օզինեանի նման անձնաւորութեան մը բուռն բողոքները, հաւաքներ կազմակերպելով կամ նամակ յղելով Հանրապետութեան Նախագահին, ողջունելի են։ Սակայն շատ պիտի փափաքէի ձեր այս հարցումը ուղղէիք Պրն. Սեդրակեանին, իրմէ իմանալու թէ վերջապէս լուծումը ե՞րբ է այս բոլորին։
-Մնալով Մեոլգոնեանի տագնապալի հարցի ծիրին մէջ, ինչու՞ դեռ անլոյծ կը մնայ կրթարանի գիրքերուն եւ հարուստ հաւաքածոներուն լքուն եւ դժբախտ վիճակը… Կառավարութիւնը իրաւունք չունի՞ միակողմանիօրէն որոշում կայացնելու եւ փրկելու մատենադարանը այն արդար քայլով եւ տրամաբանութեամբ, որ եթէ վարժարանը վաճառքի եւ սակարկութեան նիւթ է, սակայն գիրքերը սեփականութիւնն են ամբողջ ժողովուրդի մը զաւակներուն՝ իբրեւ մշակութային ժառանգութիւն։
Այս գծով 16 Մարտ 2007 թուակիր նամակ մը յղած էի Պրն. Սերդրակեանին առժամեայ լուծում մը առաջարկելով, որ Մելգոնեանի հարուստ գրադարանը ցանկագրուած պահ դրուի Կիպրոսի Պետական Համալսարանի գրադարանէն ներս, յատուկ բաժանմունքի մը մէջ, կորուստէ փրկելով զանոնք մինչեւ յստականայ ՀԲԸՄ Կեդրոնի որոշումը գիրքերու ապագային գծով։ Պատասխանը այն էր որ առաջարկը լաւ էր եւ նկատի պիտի ունենային իրենց վերջնական որոշումին ընթացքին։ Դժբախտաբար մինչեւ օրս, որեւէ որոշումի չեն յանգած եւ գիրքերը փճացումի ընթացքին մէջ կը գտնուին։ Իսկ Կիպրոսի Կառավարութիւնը միջամուխ ընելու հարցը, որպէս Պետական Ներկայացուցիչ, իսկապէս նուաստացուցիչ զգացումներ կը յառաջացնէ մէջս։
-Ձեր կողմէ առնուեցաւ եւ յայտարարուեցաւ հայ համայնքին յոյս ու խրախոյս տուող նախաձեռնութիւն մը՝ եթէ կարելի է որակել այսպէս, այդ ալ՝ հայագիտական ամպիոն մը ստեղծելու գաղափարը Կիպրոսի համալսարանին մէջ։ Ո՞ւր հասաւ այդ աշխատանքը։
15 Ապրիլ 2008-ին համաձայնագիր մը ստորագրուեցաւ Երեւանի Համալսարանի Ռեկտոր Արամ Սիմոնեանի եւ Կիպրոսի Պետական Համալսարանի Ռեկտոր Սթավրոս Զենիոսի կողմէ, որու ընթացքին ներկայ էի նաեւ ես։ Հայագիտական ամպիոնի ստեղծման հարցը արծարծուեցաւ այս համաձայնագիրի ստորագրման ժամանակ, որը ես նախապէս առաջարկած էի Ռեկտոր Սթավրոս Զենիոսին, երբ հանդիպում մը ունեցած էի անոր հետ Մարտ 2007-ին։ Համաձայնագիրի ստորագրութեան առթիւ ըրած յայտարութեանս մէջ նշած էի, թէ «վերոյիշեալ գործակցութիւնը կրնայ ճամբայ բանալ ու յանգիլ Հայագիտական ամպիոնի մը ստեղծման»։ Այս կը նշանակէ, թէ ակադեմական գետնի վրայ գործակցութիւնը բաւական պէտք է խորանայ, որպէսզի իրականանայ ամպիոնի ստեղծման հարցը։ Ամէն պարագայի, մօտէն կը հետեւիմ այս հարցին, որ կը կարծեմ ժամանակի կը կարօտի իրականանալու համար։ Աւելորդ է ըսել, թէ Հայկական գրադարանի գոյութիւնը որքան պիտի նպաստէր ու օգնէր նման ամպիոնի մը ստեղծման։
-Եթէ Ձեր կողմէ կայ յիշատակման արժանի այլ հարց մը, զոր կ'ուզէք աւելցնել եւ ամփոփել իբրեւ եզրակացութիւն՝ խնդրեմ ներկայացուցէք։ Ս. Զատկուան եւ 24 Ապրիլի «Ծազիլ»ի միացեալ Բացառիկի հրատարակութեան առիթով ի՞նչ պադգամ կը փոխանցէք լիբանանահայութեան։
Պարզապէս կը փափաքիմ աւելցնել, թէ որեւէ գաղութէ ներս միշտ կան ըլլալիք աշխատանքներ ի նպաստ բոլորին եւ այս մէկը իրակագործելու համար, պէտք է գաղութ մը միասնական կեցուածք եւ հանդուրժողականութիւն ցուցաբերէ ընդհանրական շահերու առնչութեամբ։ Կարենայ դատել ճիշդը՝ սխալէն, կարեւորը՝ անկարեւորէն եւ զանազանել հայապահպանման ազդակները, որպէսզի գոյատեւենք ու դասուինք աշխարհի քաղաքակիրթ ազգերու շարքին։ Ազգային, մշակութային, կրօնական եւ ընկերային բնագաւառներու մէջ հորիզոնը լայն է յարատեւ աշխատելու, փրկելու մեր գաղութները ձուլման ահաւոր վտանգէն։ Միասնութիւնը ուժ է չմոռնանք, նամանաւանդ համաշխարհայնացումի եւ տնտեսական ճգնաժամի այս դժուար օրերուն, մենք հայերս առաւել կարիքը ունինք համախմբուելու եւ միասնաբար գործելու։ Կը փափաքիմ հաւատալ, որ այս տարի Ապրիլ 24-ի ոգեկոչման 94-րդ տարեդարձը կը յատկանշուի Պարաք Օպամայի «Ցեղասպանութիւն» բառի արտասանութեամբ, որ անկիւնադարձային անդրադարձ կրնայ ունենալ մեր Սուրբ Դատի մղած պայքարին գծով։ Այս ձեւով, արդարութիւնը կը գերադասէ տարիներու անարդարութեան։ Իսկ ինչ կը վերաբերի Լիբանանի քաղաքական կացութեան ու կայունութեան, յոյսով եմ, որ Յունիսի մէջ նախատեսուած Երեսփոխանական ընտրութիւնները կ'ընթանան անաղմուկ եւ Լիբանանահայութեան շահերը կ'ամրապնդուին առաւելագոյն չափով։
Համայն հայութեան սրտանց կը մաղթեմ ուրախ եւ բարի Ս. Չատիկ։
Շնորհակալութիւն


