«ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿՐՆԱՅ ԲԱՐԳԱՒԱՃԻԼ ԱՌԱՆՑ ԶԻՋԵԼՈՒ ԻՐ ԱԶԳԱՅԻՆ ՇԱՀԵՐԷՆ». Կ՛ԸՍԷ ԱՐՄԷՆ ՌՈՒՍՏԱՄԵԱՆ

Ստորեւ կու տանք ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ, Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Արմէն Ռուստամեանի հարցազրոյցը՝ տրուած «Օ. Թի. Վի.»ին, «Երկիր Մետիա»ին, «Ազդակ»ին եւ «Վանայ Ձայն»ին։ Հարցազրոյցը վարեց Արմէն Ապտալեան։
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Խօսինք Հայաստանի ներկայ քաղաքական իրավիճակին մասին։ Հայաստանի ներքին քաղաքական դաշտը ի՞նչ իրավիճակ կը պարզէ՝ նկատի ունենալով իշխանութիւններուն եւ ընդդիմութեան միջեւ մնայուն լարուածութիւնը եւ տարակարծութիւնները։
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ներկայիս Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքը բաւական բուռն ընթացքի մէջ է։ Երբ աշնան սեմին կը գտնուինք, կ'ըսուի, որ թէժ աշուն է, սակայն իշխանութիւնները կը փորձեն պարզել, որ որեւէ թէժութիւն եւ այդքան հրատապ խնդիր կամ լարուածութիւն չկայ։ Ընդդիմութիւնը, ընդհակառակն կ'ըսէ, որ լուրջ իրավիճակ գոյութիւն ունի։ ՀՅ Դաշնակցութեան դիրքորոշումը այն է, որ Հայաստան կանգնած է լուրջ մարտահրաւէրներու առջեւ, թէ՛ արտաքին եւ թէ՛ ներքին մակարդակներու վրայ։ Իսկ Հայաստան - Թուրքիա արձանագրութիւններուն գծով բաւական աշխուժութիւն կը նկատուի արտաքին քաղաքականութեան մէջ՝ տարբեր ուղղութիւններով։ Հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը պատճառ դարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթի աշխուժացման, եւ տեղի ունեցան իրադարձութիւններ, որոնք նոր որակի բարձրացուցին մեր խնդիրները եւ ղարաբաղեան բանակցային հոլովոյթը նոր հանգրուանի մէջ մտցուցին։ Մասնաւորաբար առնուած են քայլեր, որոնք նպաստաւոր են ղարաբաղեան տագնապի լուծման համար։ Օրինակ՝ տարիներէ ի վեր Ղարաբաղի հարցը կը քննարկուի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափով, սակայն առաջին անգամ ըլլալով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի երեք համանախագահները յայտարարութիւն մը կը կատարեն ղարաբաղեան տագնապի լուծման հիմնարար սկզբունքներուն գծով։ Անոնք հրապարակեցին փաստաթուղթ մը, որով կոչ ուղղեցին կողմերուն հարազատ մնալու այս սկզբունքներուն, անոնց հիման վրայ իրականացնելու բանակցութիւնները եւ տագնապի լուծման հոլովոյթը այդ ուղղութեամբ տանելու։ Մենք այս քայլը կը գնահատենք իբրեւ առաջին հանգրուանի նոր իրադարձութիւն մը, որուն միջոցով բանակցային հոլովոյթը աւելի հրապարակային դարձաւ։
Եթէ այս ծիրին մէջ կը դիտարկէք Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի ներկայ կացութիւնը, ի՞նչ ունիք ըսելիք Ազրպէյճանի վարած քաղաքականութեան մասին։
Ազրպէյճան իր ձեռագիրը չէ փոխած եւ բանակցային հոլովոյթին սկիզբէն ի վեր որդեգրած է այն մօտեցումը, որ որեւէ զիջում չկատարելով պիտի յաջողի հայկական կողմը մղել առաւելագոյն զիջումներուն դիմելու։ Ազրպէյճանի համար պատերազմի չսկսիլն ու խաղաղութիւնը պահելը մեծ զիջում մըն է եւ նուէր մը հայկական կողմին ու միջազգային հանրութեան։ Ազրպէյճան իբրեւ զիջում կը ներկայացնէ խաղաղութիւնը, որ բոլորին համար՝ անհրաժեշտութիւն մըն է։ Մենք դէմ չենք խաղաղութեան եւ կ'ընենք ամէն ինչ հասնելու համար անոր, որ ձեռք բերուած պէտք է ըլլայ արդար լուծման հիման վրայ։ Սակայն Ազրպէյճան ատիկա չի հասկնար։ 1994-ին զինադադարի համաձայնագիր մը կնքուած է երեք կողմերու միջեւ եւ տակաւին կը շարունակէ ի զօրու մնալ, հակառակ խախտումներուն։ Իսկ եթէ հիմա ստեղծուած է այնպիսի վտանգ մը, որ այդ զինադադարը մնայուն կերպով կը խախտի Ազրպէյճանի կրակոցներուն եւ ներխուժումներուն պատճառով, ուրեմն հարկ է ամրապնդել այդ զինադադարը։ Սակայն Ազրպէյճան իր գործերով եւ յայտարարութիւններով կ'ապացուցէ, որ մտադիր չէ այդ քայլը կատարել։
Ընկե՛ր Ռուստամեան, այս ծիրին մէջ ինչպէ՞ս կը գնահատէք Երեւանի արտաքին քաղաքականութիւնը, ինչ կը վերաբերի Ազրպէյճանի այս կեցուածքներուն, ինչպէս նաեւ խնդրեմ անդրադարձէք այս գծով Մոսկուայի դիրքորոշումին։
Ես կը կարծեմ, որ ներկայիս Երեւանի արտաքին քաղաքականութիւնը, մասնաւորաբար Ղարաբաղի հարցով, համարժէք չէ իրավիճակին, առնուազն չի համապատասխաներ այդ դիրքորոշումին, որ Ազրպէյճան ունի այսօր։ Պաշտօնական Երեւանը շատ զգուշ քաղաքականութիւն մը կը վարէ, հակառակ որ կը յայտարարէ, որ իրենք նախաձեռնողական քաղաքականութիւն կը վարեն։ Հայաստան իր նախաձեռնողականութիւնը պէտք է իրականացնէ ճշգրիտ քայլերու միջոցով։ Օրինակ՝ այսօր Ազրպէյճան Հայաստանին կարելիութիւն տուած է ռազմաքաղաքական դաշինք մը ստորագրելու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հետ եւ ամբողջ աշխարհին յայտարարած է, որ Հայաստան կը հանդիսանայ Լեռնային Ղարաբաղի անվտանգութեան եւ անկախութեան երաշխաւորը։ Այդ անվտանգութեան միակ երաշխաւորները հայկական կողմերն են, որովհետեւ ուրիշ որեւէ կողմ Ղարաբաղի անվտանգութիւնը պիտի չերաշխաւորէ։ Ազրպէյճանի այս պահուածքը մեզի կը ստիպէ այդ դաշինքը կնքելու, եւ Հայաստանի համար անվտանգութեան երաշխաւորումի հաստատումը միջազգային հանրութեան մօտ եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ճանաչումը նոյնքան կարեւոր են։ Եթէ կ'ուզենք միջազգային ճանաչման հոլովոյթը խրախուսել (եւ այստեղ է, որ պիտի փաստուի նախաձեռնողականութիւնը), ապա պէտք է Ազրպէյճանի նման մեր հարցը ներկայացնենք միջազգային հանրութեան։ Մենք ալ ունինք այդ կարելիութիւնը, եւ պէտք է զուգահեռ հոլովոյթի մը սկսինք՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման համար։ Իսկ ներկայիս պահը յարմար է ատիկա ընելու։ Հայկական կողմին ի զուր հանգստացուց այն փաստը, որ ՄԱԿ-ի մէջ չքննարկուեցաւ Ազրպէյճանի ներկայացուցած բանաձեւը, իբրեւ թէ Ազրպէյճան ետ կանգնեցաւ, սակայն ատիկա իրականութեան չի համապատասխաներ, եւ յաջորդ ժողովին հաւանական է, որ այդ բանաձեւը դարձեալ ներկայացուի։ Կը կարծեմ, որ Հայաստան անոր դիմաց կարգ մը զիջումներ կատարած է, օրինակ՝ փաստահաւաք առաքելութիւնը, որ պիտի իրականանայ։ Ազրպէյճան իր ուզած ձեւակերպումները դրած է փաստաթուղթին մէջ։ Ամէնէն կարեւորը այն է, որ Հայաստան միշտ կը յայտարարէ, որ ինք չի կրնար Ղարաբաղը փոխարինել, որովհետեւ Ղարաբաղ արդէն կայացած պետութիւն մըն է, կը ներկայանայ իբրեւ տագնապի ինքնուրոյն կողմ եւ պէտք է բանակցութիւններուն մասնակցի։ Հայաստան միշտ կ'ըսէ, որ ինք քայլեր կը կատարէ այդ ուղղութեամբ, ուրեմն հիմա ամէնէն լաւ առիթն է ատիկա փաստելու։ Հայաստան պէտք է Ազրպէյճանին թելադրէր այս փաստաթուղթը Ղարաբաղին հետ քննարկելու։ Հայաստանի այս քայլը չի համապատասխաներ Ղարաբաղը իբրեւ ինքնուրոյն կողմ ճանչնալու մեր յայտարարած սկզբունքին։
Այս ընդհանուր կացութեան մէջ ի՞նչ է Մոսկուայի եւ Մինսքի խմբակի միւս անդամներուն դերակատարութիւնը։
Գիտէք, բնականաբար իւրաքանչիւրը իր շահը ունի եւ այդ շահն ալ կը հետապնդէ, եւ ես կը տեսնեմ, որ շրջանին մէջ կատարուող փոփոխութիւններուն մէջ ամէն երկիր իր բաժինը կը ստանայ։ Օրինակ՝ Ռուսիա բնականաբար այս ամբողջ հոլովոյթին մէջ ըստ էութեան ամրապնդեց իր դիրքերը Հարաւային Կովկասի մէջ։ Ատիկա ակնյայտ է։ Ատիկա անշուշտ նոր թափ ստացաւ ռուս-վրացական պատերազմին առիթով, բայց նաեւ հետզհետէ աւելի կը խորանայ այդ հոլովոյթը, եւ բնականաբար՝ Ռուսիա այստեղէն իր շահաբաժինը կը ստանայ։ Հիմնական խնդիրը այն է, թէ իրենք յայտարարած են, որ կողմերը ինչ համաձայնութիւն ալ գոյացնեն, իրենք պիտի երաշխաւորեն այդ համաձայնութեան իրականացումը. ասիկա Ռուսիոյ պաշտօնական մօտեցումն է, եւ այդ մօտեցումը նաեւ կը պաշտպանեն մնացեալ միջնորդները՝ Ֆրանսան եւ Միացեալ Նահանգները։ Արեւմուտքի եւ Ամերիկայի շահերէն կը բխի, որ հարցը լուծուի կարելի եղածին չափ արագ, որպէսզի տնտեսական ծրագիրները հաղորդակցութեան միջոցները սկսին անխափան աշխատիլ, որպէսզի նախատեսուած ծրագիրները անխափան իրականացուին։ Իսկապէս չլուծուած տագնապները միշտ սպառնալիք են շրջանի խաղաղութեան համար եւ գործակցութեան բոլոր ծրագիրներուն համար խոչընդոտ կը հանդիսանան։
Այս ծիրին մէջ ինչպէ՞ս կը բացատրէք, Մոսկուա - Պաքու մերձեցումը։ Մասնաւոր լուրջ վտանգ մը կը տեսնէ՞ք։
Ես կը տեսնեմ խնդիր մը, որ բնականաբար յառաջացաւ հայ-թրքական յարաբերութեան խորապատկերին վրայ։ Օրինակ՝ Ռուսիա Հայաստանի հետ զինուորական խարիսխի համաձայնագիրը ստորագրեց՝ զինուորական յարաբերութիւնները աւելի ամրապնդելու եւ հին համաձայնագիրը նորոգելու համար։ Բացի անկէ, որ ես դրական կը նկատեմ այդ քայլը, կայ պարզ ճշմարտութիւն մը. եթէ դուն չունիս անվտանգութեան նոր համակարգ, պէտք է ամրապնդես ինչ որ ունիս։ Հիմա այդ նորին մասին կը խօսին միջազգային ատեաններուն մէջ, ուր նաեւ նկատի ունին Թուրքիոյ մասնակցութեամբ ստեղծել կայուն շրջան։ Գիտէք, Թուրքիան այդ տրամաբանութեամբ ալ փորձեց մտնել այդ հոլովոյթին մէջ եւ օգտուիլ այդ վիճակէն։ Այս իրավիճակին մէջ փաստուեցաւ, որ ատիկա կարելի չէ, որովհետեւ Թուրքիա տակաւին ապակառուցողական դիրքի մէջ է։ Այսինքն՝ այն, ինչ որ անընդհատ մեզի կ'ըսէին, թէ արձանագրութիւնները մեզի պէտք են հաշտուելու մեր դրացիին հետ, պարզուեցաւ, որ այդ դրացին չ'ուզեր մեզի հետ հաշտուիլ, որովհետեւ ինք ունի իր նախապայմանները, որոնց մասին այժմ մեզմէ աւելի բարձր կը խօսին նոյն իշխանութեան ներկայացուցիչները։ Աւելի՛ն. Թուրքիա ըսաւ, որ այնքան ատեն որ Ղարաբաղի հարցը չի լուծուիր, ինք այդ համաձայնագիրը պիտի չստորագրէ։ Այսինքն՝ ունինք այն ինչ որ ունէինք մինչեւ այդ ատեն։ Եթէ սահմանները պիտի բացուէին Ղարաբաղի տագնապին լուծումով, Ղարաբաղի հարցով ալ թող պայմանաւորուէին, ինչո՞ւ այս արձանագրութիւնները ստորագրեցինք։ Եթէ Ղարաբաղի հարցը պիտի լուծուէր, բոլոր սահմաններն ալ պիտի բացուէին, ուրեմն անիմաստ էր այս հոլովոյթը։ Հիմա սակայն Թուրքիան փաստօրէն մեզի դրած է վիճակի մը մէջ, որմէ ետ կենալ չենք կրնար։ Մենք իբրեւ թէ կասեցուցած ենք արձանագրութիւնները, բայց ատոնց վաւերացումը պայմանաւորած ենք Թուրքիոյ վաւերացումով։ Այսինքն՝ այդ ամբողջ հոլովոյթին մէջ խնդիրը հետեւեալն է. բնականաբար նորը չունենալով, հինը պէտք է ամրապնդել։ Հայաստան շարժեցաւ այդ տրամաբանութեամբ, եւ Ռուսիա ճիշդ այդ հանգամանքին մէջ փաստօրէն ստացաւ կարելիութիւն մը, որ ունենայ իր զինուորական խարիսխները աւելի երկար ժամկէտով տեղակայելու իրաւունքը։
Միջազգային քաղաքական բեմին վրայ կը նկատէ՞ք, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը յաճախ շահարկման առարկայ կը դառնայ՝ Երեւանի իշխանութիւններուն վրայ ճնշում բանեցնելու համար։
Անշուշտ միշտ այդ հոլովոյթը կայ եւ միջնորդ բոլոր երկիրներն ու շահագրգիռ կողմերը չլուծուած տագնապներէն կը փորձեն շահեր ապահովել։ Այդ առումով իւրաքանչիւրը պէտք է հետապնդէ իր ազգային շահը։ Մենք պէտք է մե՛ր շահին մասին մտածենք եւ այնպէս ընենք, որ մանր դրամ չդառնայ դարձեալ մեր ազգային շահը միւս մեծ պետութեանց ձեռքին։ Ասոր համար է, որ մեր մօտեցումները ուղղակի չեն համապատասխաներ այն քայլերուն, զորս մեր իշխանութիւնները կ'առնեն այսօր։ Այդ պատճառով մենք այսօր դժգոհ ենք իշխանութիւններուն վարած արտաքին քաղաքականութենէն։ Ամբողջ խնդիրը այն է, որ շեղած են կարեւոր սկզբունքէ մը։ Հայաստանի մէջ բանավէճը այսօր այդ սկզբունքին շուրջ է։ Քաղաքական ուժերուն մէկ մասը կ'ըսէ, թէ երկիրը պէտք է զարգանայ առանց զիջելու, այսինքն՝ առանց զիջելու մեր շահերէն, ազգային մեր նպատակներէն չհրաժարինք, ինչ որ ՀՅ Դաշնակցութեան տեսակէտն է եւ ատով պայմանաւորուած են մեր բոլոր քայլերն ու քաղաքական գործերը ե՛ւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու, ե՛ւ Ղարաբաղի հարցով, ե՛ւ մնացեալ ազգային բոլոր հարցերով։ Այսինքն՝ մեր արտաքին քաղաքականութեան խարիսխը ատիկա պիտի ըլլայ։ Իսկ կան կարգ մը ուժեր, որոնք այս կամ այն կերպով կ'ըսեն, թէ մենք չենք կրնար զարգանալ առանց զիջելու։ Մենք կը զիջինք այն, ինչ որ սերունդներու միջոցով եւ տարիներու զոհողութեամբ ձեռք բերած ենք։ Այդ խումբին մաս կը կազմեն իշխանութիւնները եւ ընդդիմութենէն հատուած մը։ Ընդդիմութեան այդ նոյն հատուածը Լեւոն Տէր Պետրոսեանի գլխաւորութեամբ ընդդիմութեան հոլովոյթ կ'իրականացնէ, եւ Տէր Պետրոսեան իր վերջին ելոյթին ընթացքին բառախաղի միջոցով ուզեց ըսել, որ անկարելի է զարգանալ՝ առանց Ղարաբաղի հարցի լուծման։ Բայց ատիկա միայն խօսքերով փաստուած չէ, այլ գործերով նաեւ, երբ ան նոյն տրամաբանութեամբ 1997-1998 թուականներուն Ղարաբաղը կ'ուզէր Ազրպէյճանին յանձնել։ Այսօր իշխանութիւնները, նոյն ծիրին մէջ, մեկուսացումէն դուրս գալու նպատակով ստորագրեցին արձանագրութիւնները՝ զիջելով մեր պատմական իրաւունքներէն։ Իշխանութիւնները այդ քայլով փաստեցին, որ պէտք է զիջիլ մեր իրաւունքներէն եւ շահերէն՝ զարգացման հեռանկար ունենալու նպատակով։
Իսկ հոլովոյթին սառեցումը ինչպէ՞ս կը բացատրէք։
Այս սառեցումը ձեւական եւ անհեթեթ բնոյթ կը կրէ։ Մենք չեն սառեցուցած, այլ կը խաղանք թուրքերուն խաղը։ Ըստ էութեան, թուրքերը սառեցուցած են հոլովոյթը եւ ոչ թէ Հայաստանը։ Նախագահը սառեցուցած է հոլովոյթը մինչեւ որ Թուրքիա վաւերացնէ, ապա Հայաստան պատրաստ կ'ըլլայ վաւերացման։ Ատիկա չի նշանակեր, որ մենք սառեցուցած ենք, այլ՝ թուրքերը։ Իսկ Թուրքիա կը յայտարարէ, որ ինք արձանագրութիւնները պիտի վաւերացնէ Ղարաբաղի հարցին լուծումէն ետք։ Ուրեմն մենք թուրքերուն հետ միասին Ղարաբաղի հարցին լուծումէն ետք կը պատկերացնենք արձանագրութիւններու վաւերացումը։ Դաշնակցութիւնը իշխանութիւններուն յայտնած է, որ անոնք կ'ընեն ինչ որ թուրքերը կ'ուզեն, սակայն թուրքերը աւելի մեծ աղբիւրներ ունին պարտադրելու Ղարաբաղի հարցի լուծումը, ապա արձանագրութիւններու վաւերացումը։ Իշխանութիւնները կը փորձեն արձանագրութիւններու վաւերացումը առաջին կարգի վրայ դնել, ապա խօսիլ ղարաբաղեան տագնապին լուծման մասին, սակայն չեն յաջողիր, որովհետեւ բաւարար աղբիւրներ չունին։ Ինչ կը վերաբերի Դաշնակցութեան, մեր մօտեցումը գաղափարական առումով ո՛չ ընդդիմութիւնը, ո՛չ ալ իշխանութիւնները կը կիսեն։ Ուրեմն, ներկայ պայմաններուն մէջ, երկուքն ալ նոյն գաղափարական դաշտին մէջ կը գտնուին, որովհետեւ «զարգանալ չզիջելով» թեզը չեն իրականացներ։ Լեւոն Տէր Պետրոսեան ատիկա փաստեց Ղարաբաղի մասով, իսկ իշխանութիւնները՝ Հայաստան - Թուրքիա արձանագրութիւններով։ Համեմատութեան մէջ, Լեւոն Տէր Պետրոսեան աւելի վատ է, բայց ընդհանուր առումով երկուքն ալ ընդունելի չեն մեզի համար։
Երբ կ'ըսենք, որ առանց ազգային շահերէն զիջելու Հայաստան կրնայ բարգաւաճման ճամբան բռնել. իսկապէս կարելի՞ է՝ նկատի ունենալով այսօրուան շրջանային եւ միջազգային քաղաքական դրուածքը։
Մենք ճիշդ այդպէս կ'ըսենք եւ ատիկա կ'ապացուցենք, անով, որ այո՛, Հայաստան կրնայ բարգաւաճիլ առանց զիջելու։ Ինչպէ՞ս։ Շատ պարզ տրամաբանութեամբ. մենք պէտք է զիջումներու մասին խօսելէ առաջ ստեղծենք համերաշխութեան այնպիսի մթնոլորտ, որ մեր ամբողջ համազգային ներուժը օգտագործուի պետութեան բարգաւաճման համար։ Եթէ տեսնենք, որ ատիկա բաւարար չէ, այն ատեն ըսենք, որ տեսէ՛ք, այս ալ ըրինք եւ չեղաւ, եկէք բանէ մը զիջինք պատմական այս հանգրուանին, յետոյ յառաջանալու տրամաբանութեամբ։ Ուրեմն, քանի ատիկա չեն ըրած, ոչ ոք իրաւունք ունի զիջումներու մասին խօսելու։ Ես վստահ եմ, որ զիջումի կարիք չ'ըլլար, որովհետեւ, մեր համոզումով, այդ ներուժը այնքան մեծ եւ բաւարար է, որ Հայաստանը, հայ ժողովուրդը կը բարգաւաճի, երբ կը համախմբուի, երբ իր մէջ կը ստեղծէ ներազգային համերաշխութեան համապատասխան մթնոլորտ՝ արդարութեան վրայ հիմնուած, որ ամէն պարագայի հայը իր պետութեան մէջ ըլլալով զգայ իր պետութեան հոգածութիւնը անկախ այն բանէն, թէ ինք մենաշնորհեա՞լ է, թէ սովորական քաղաքացի։ Այդ վիճակը այսօր չկայ։ Ընդհակառակն՝ այսօր մենք ունինք պառակտուած հայութիւն Հայաստանի մէջ եւ անկէ դուրս։ Հայաստանէն դուրս հայութեան զգալի մասը ցոյց տուաւ, որ դէմ է այդ արձանագրութիւններուն։ Մենք յառաջացուցինք այս հարցը եւ ոչինչ շահելով խնդիրներ ստեղծեցինք Հայաստան - սփիւռք յարաբերութիւններուն մէջ։ Կրկին սկսանք վերարծարծել այն գաղափարը, որ իբրեւ թէ Ցեղասպանութեան խնդիրը միայն սփիւռքի հարցն է։ Այսինքն՝ հին թեզերը հրապարակ դրուեցան։ Բայց Հայաստանի մէջ ալ յառաջացած է անարդարութեան մթնոլորտի հիման վրայ ներազգային պառակտում։ Մենք այսօր ունինք վիճակ մը, որ մէկ կողմէ կայ փոքրամասնութեան պետութիւն, ուր սակաւապետական կառոյցները, հարուստները ունին մեծ արտօնութիւններ, ոչ միայն կ'օգտուին պետութեան կարելիութիւններէն, այլեւ պետութեան միջոցները կը ծառայեցնեն իրենց հարստութիւնը աւելցնելու համար։ Եւ կայ մեծամասնութիւն մը, որ ուղղակի անտեսուած, լքուած, պետութեան կողմէ արհամարհուած եւ անկէ օտարուած է, եւ կ'ապրի իր օրուան հացը իր միջոցներով հայթայթելով։ Ժողովուրդին զգալի մասը ճիշդ այդ պատճառով կը լքէ Հայաստանը եւ կը հեռանայ։ Մեր արտագաղթին հիմնական պատճառը այդ անտիրութիւնն է, որովհետեւ քաղաքացին իր երկրին մէջ պաշտպանուած չի զգար, հեռանկար չի տեսներ։ Հիմա նոր որակ ստացած է արտագաղթը ճիշդ այդ առումով։ Նոր որակ ո՛չ միայն քանակի իմաստով, այլեւ կը հեռանան մարդիկ, որոնք միջին խաւն էին Հայաստանի մէջ, առեւտուր կ'ընէին, բայց այդ ուժը չունէին պայքարելու մենաշնորհեալներուն դէմ, ստիպուած կ'երթան այլ տեղեր, ուր այդ դաշտը աւելի ազատական է մրցակցային առումով։ Միջին խաւը անհետանալու վրայ է։ Ամէնէն վտանգաւորը այս է։ Մարտահրաւէրներէն կարեւորագոյնը, որուն մասին պէտք է խօսիլ, ասիկա է։ Այսինքն՝ մենք կը կորսնցնենք միջին դասակարգը։ Շատեր իրենց առեւտուրը արդէն Վրաստան կը տեղափոխեն։ Նոյնիսկ այդ մենաշնորհեալներէն ոմանք հեռանկար չտեսնելով կը մեկնին։ Մինչեւ հիմա մենք ներդրումները կը քաջալերէինք, այժմ մեր մեծահարուստներէն ոմանք իրենց գումարները դուրս կը հանեն։ Այս է ամբողջ անհեթեթութիւնը։ Այս վիճակը սխալ կառավարման հետեւանք է։
Ընկե՛ր Ռուստամեան, ձեր կարծիքով, ինչո՞ւ 1991-ի վերանկախացումէն մինչեւ այսօր կարելի չէ եղած Հայաստանի մէջ ազգային ընդհանուր ռազմավարութեան շահերու եւ ազգային ընդհանուր նպատակներու շուրջ տեսական համաձայնութիւն մը գոյացնել։ Ինչո՞ւ յստակ է, որ իշխանութեան վրայ գտնուողները տարբեր ձեւով կը դիտեն դրուածքը համակարգափոխութեան այդ մեծ հոլովոյթէն ետք, իսկ ընդդիմութիւնը, գլխաւորաբար ՀՅԴ-ն, ազգային նպատակներու եւ գաղափարներու վրայ հիմնուելով լուծումներ կ'առաջարկէ։
Գլխաւոր պատճառը այն է, որ երբ քաղաքական ուժը իշխանութեան կու գայ, իր առաջին գործը կ'ըլլայ մտածել ինչպէս ինքզինք պաշտպանել, եւ ոչ թէ ժողովրդավարութիւն, արդարութիւն, ազատութիւն կը ստեղծէ երկրին մէջ։ Փորձեր կատարուած են այդ ընթացքը փոխելու, սակայն ապարդիւն մնացած են։ Ժամանակին կը յայտարարէինք որ կայ դրամի իշխանութիւն, որ մարդիկ դրամի միջոցով կը հասնին իշխանութեան, ապա իշխանութիւնը կ'օգտագործեն աւելի դրամ ապահովելու համար։ Հայաստանի մէջ պէտք է գայ իշխանութիւն մը, որ կ'իրականացնէ «բարգաւաճիլ չզիջելով» բանաձեւը։ Այդ պատճառով է, որ Դաշնակցութիւնը իշխանափոխութեան անհրաժեշտութիւնը հիմնական հարց կը նկատէ։ Եւ այդ դժուար միջոցով Հայաստան համայն հայութեան հայրենիք կը դառնայ։ Այսինքն՝ «բարգաւաճիլ չզիջելով» թեզը իրականացնող իշխանութիւն մինչեւ այսօր չէ եղած Հայաստանի մէջ։ Ղարաբաղի հարցով մենք կ'ուզենք խաղաղութիւն, ուրեմն՝ պէտք է պատրաստ ըլլանք պատերազմի։ Ամէնէն լաւ ձեւը խաղաղութեան հասնելու, պատերազմին պատրաստ ըլլալն է, եւ ոչ ոք մեզ թող մոլորեցնէ, թէ միջազգային հանրութիւնը կամ ինչ որ ուժեր մեզ պիտի փրկեն Ազրպէյճանի յարձակումներէն։ Բացարձակապէս ճիշդ չէ։ Ատիկա մենք ըրած ենք մեր ուժերով։ Ուրեմն, եթէ մենք պատրաստ չըլլանք պատերազմի, այդ խաղաղութիւնը չենք ունենար, Ազրպէյճան վաղն իսկ կը յարձակի։
Մենք պատրա՞ստ ենք պատերազմի։
Այսօր մենք պատրաստ ենք ետ մղելու այդ յարձակումը։ Ատիկա յստակ է։ Այդ պաշտպանողականութիւնը մենք ունինք, եւ բնականաբար մենք ատով կը կանխենք Ազրպէյճանի յարձակումը։ Բայց հեռանկարային առումով մենք ամբողջովին պատրաստ պէտք է ըլլանք պատերազմին, որպէսզի միանգամընդմիշտ Ղարաբաղի հարցը լուծուի եւ միանգամընդմիշտ Ազրպէյճան միտքէն պէտք է հանէ, որ պատերազմով Ղարաբաղի հարցը կրնայ լուծել։
Դաշնակցութիւնը ե՞րբ եւ ի՞նչ զարգացումէ ետք Հայաստանի մէջ որոշեց, որ պէտք է իշխանափոխութիւն ըլլայ։
Նախ վերլուծելով մեր անցած ուղին, ըսեմ, որ 1991 թուականին պաշտօնապէս անկախանալէ ի վեր Հայաստանի մէջ չէ եղած ուժ մը, որ այդ բարգաւաճումը չզիջելու տրամաբանութեամբ գործէ։ Եղած է կարճ ժամանակ մը, որ արտաքին ճակատին վրայ փորձած ենք ատիկա ընել, բայց ներքին ճակատին վրայ համապատասխան աղբիւրներ լիարժէքօրէն չենք ստեղծած։ Բայց ընկերվարական ուժեր Հայաստանի մէջ բնաւ իշխանութիւն չեն եղած։ Այսինքն՝ միւս խնդիրը ճիշդ ասիկա է. մենք երեք հիմնական գաղափարներ իրարու համադրելով եթէ իշխանութիւն չստեղծենք, նման որակի իշխանութիւն չունենանք, մենք չենք ունենար սահմանադրութեամբ նախատեսուած այն պետութիւնը, որ երկրորդ յօդուածով հաստատուած է։ Մեր պետութեան ամէնէն կարեւոր խնդիրն է ունենալ գերիշխան, ժողովրդավարական, ընկերային եւ իրաւական պետութիւն. ազգայինը, ընկերային արդարութիւնը եւ ժողովրդավարութիւնը։ Ասոնք իրարու հետ մէկ շաղախի մէջ պէտք է դիտուին։ Մէկը միւսին լրացնելով, իրարու հետ յստակ համադրումով ատիկա պէտք է կատարուի։ Ատոնցմէ ոչ մէկը ինքնանպատակ է։ Բնականաբար, այդ բոլորին նպատակը մեր ազգային խնդիրներուն լուծումը պէտք է ըլլայ։ Բայց ազգային խնդիրները լուծելու համար պէտք է համապատասխան դաշտ ունենաս։ Ատիկա արդարութիւնն է։ Ի՞նչ բանի շուրջը մենք կ'ուզենք մեր ազգային օրակարգը ստեղծել։ Այդ օրակարգը յստակացնելէ ետք, ազգային խնդիրները մատնանշելէ ետք, եթէ չըլլայ այդ միջավայրը, միասնականութեան համապատասխան մթնոլորտը չստեղծուի, արդարութեան միջոցով կարելի կ'ըլլայ ընել ատիկա։ Ժողովրդավարութիւնն ալ մեզի պէտք է բնական միջավայր ունենալու համար, որպէսզի ազատօրէն ստեղծագործելով, իւրաքանչիւր հայ անհատ իր երկրին կարենայ օգնել, օժանդակել։
Փտածութիւնն ու հովանաւորութիւնը ի՞նչ չափերու հասած են։
Շատ բարձր։ Այն աստիճան, որ Հայաստան բաժնուած է առանձին իշխանիկներու միջեւ։ Բաժնուած է սեփականութեան եւ ազդեցութեան գօտիներու։ Պետութեան լծակները, միջոցները օգտագործելով իրենք իրենց իշխանութիւնը ամրապնդած են տեղական վայրերու մէջ։ Այս է մեր ամբողջ հարցը։ Ասկէ փրկուելու խնդիրը պէտք է ըլլայ իսկապէս իրաւական պետութեան հաստատումը։ Այսինքն՝ օրէնքը պէտք է աշխատի հաւասարապէս բոլորին նկատմամբ։ Բայց որպէսզի ատիկա աշխատի, պէտք է գոյութիւն ունենան հակակշռման, զսպումի միջոցներ, որոնց մէջ ընդդիմութիւնն ու իշխանութիւնը հաւասարապէս պէտք է ունենան ազդելու կարելիութիւն՝ երկրին մէջ այդ բարեփոխումներուն իրականացումին վերահսկելու առումով։ Այսօր դժբախտաբար կայ միահեծան իշխանութիւն, եւ ատոր հետեւանքն է սակաւապետութեան եւ մենաշնորհեալներու գոյութիւնը, որովհետեւ միահեծան իշխանութիւնը կը յենի այդպիսի իշխանիկներու վրայ։ Անոնք կ'ապահովեն իր վերընտրուիլը, եւ բնակկանաբար իշխանութիւնը ամէն ինչով զանոնք կը փայփայէ եւ յետոյ, որովհետեւ անոնք ընտրութիւններուն ատեն իրենց ծառայութիւնները մատուցած են, բնականաբար պէտք է վարձահատոյց ըլլալ անոնց՝ արտօնութիւններ տալով, այս կամ այն օրինազանցութեանց դիմաց աչք փակելով, բան մը, որ չեն ըներ հասարակ քաղաքացիին։ Այս համակարգը պէտք է քանդել։
2012-ի խորհրդարանական ընտրութիւններէն այդ քանդումի հոլովոյթին գծով բան մը կարելի է ակնկալել։
Մեզի համար ամէնէն անվնաս եւ ապահով ճամբան այդ իրավիճակի փոփոխութեան եւ իշխանափոխութեան համար 2012-ի խորհրդարանական ընտրութիւններն են։
Յաճախ շեշտեցիք ու կը շեշտէք անվնաս ու առանց ցնցումներու իշխանափոխութիւն կատարելը։ Ի՞նչ է ձեր մտահոգութիւնը՝ արտաքին քաղաքականութիւ՞նը։
Այո՛, Դաշնակցութեան համար ասիկա եղած է հիմնական մտահոգութիւն։ Մենք մեզ զսպած ենք, շատ բան հանդուրժած ենք այդ պատճառով, իշխանափոխութեան գծով մենք միշտ չափաւոր քայլեր առած ենք, որպէսզի ստեղծուելիք կացութենէն թշնամին չօգտուի։ Ասոր փաստերն ալ կան. 2008-ին ներքին ճակատի վրայ եղած անկայուն վիճակէն օգտուելով ազրպէյճանական զօրքերը յարձակում գործեցին եւ ներխուժեցին ղարաբաղեան տարածքներ։ Մենք չաւարտած պատերազմի մէջ ենք, այդ պատճառով ալ պէտք է մեր օգտագործած միջոցները լաւապէս սերտենք մեր նպատակին հասնելու ճամբուն վրայ, այլապէս կրնաս կորսնցնել ինչ որ ունիս։
Դաշնակցութեան կողմէ այս հեռատես մօտեցման եւ հանդուրժողականութեան նկատմամբ ի՞նչ վերաբերմունք ունի իշխանութիւնը։
Իշխանութիւնը այս բանը կ'օգտագործէ, բայց մենք եւս այդ իմաստով մեր համակիրները կը կորսնցնենք, որովհետեւ անոնք չեն հասկնար մեր քաղաքականութիւնը, կը մտածեն, որ Դաշնակցութիւնը եւս սկսած է տեղի տալ, համակերպուած է այս վիճակին եւ այլն։ Նման կեցուածքներ կը դրսեւորուին, երբ համակիրները մեր պահուածքին խորքը չեն կրնար հասկնալ։ Բայց ես կը կարծեմ եւ Դաշնակցութիւնը աշխատանք կը տանի այն ուղղութեամբ, որ իշխանափոխութիւնը տեղի ունենայ ամէնէն անվտանգ միջոցով՝ նկատի ունենալով ձեռքբերումներն ու կորսուստները, եւ չըլլայ այնպէս, որ մենք աւելի բան կորսնցնենք, քան շահինք։ Եթէ մեր նպատակը ըլլար միայն իշխանութեան տիրանալ, մենք բոլոր ձեւերուն կը դիմէինք եւ ամէն տեսակ միջոց կ'օգտագործէինք՝ ըլլայ բարոյական կամ ոչ։ Բայց այդ մօտեցումը ինքնին անբարոյական կ'ըլլայ եւ առանց խորքայնութեան, ժողովուրդը ոչինչ կը շահի ու ոչինչ կարելի կ'ըլլայ դրական ուղիներու վրայ դնել։ Անարդարութեան վերջ տալու հարցը պէտք չէ լուծել այնպէս, որ անարդարութիւնը դադրի միայն ձեզի նկատմամբ, իսկ ուրիշներուն նկատմամբ ինչ որ ըլլայ կարեւոր չնկատեն։ Ասիկա մեծ սխալ է եւ այդպէս ալ ցոյց տուած է իրականութիւնը, այդ պատճառով ալ նման մօտեցումներ ամբողջովին կը կասեցնեն յառաջընթացը։
Խորհրդարանական ընտրութիւններուն ճամբով այս իրավիճակը բարեփոխելը որքա՞ն իրատեսական է։
Իրատեսական է այնքան, որ եթէ այս գիտակցութիւնը ամրապնդուի ժողովուրդին մօտ, իսկապէս կարելի է բարեփոխել, ոչ մէկ քաղաքական ուժ, իշխանութեան վրայ ըլլայ կամ ոչ, կրնայ այս ուղեգիծին հակադրուիլ։ Մեր հիմնական խնդիրը ժողովուրդը գիտակցութեան այս մակարդակին հասցնելն է, որպէսզի իւրաքանչիւր քաղաքացի գիտնայ, որ հարցը նաեւ իր հարցն է, իր պայքարն է եւ բոլորը միասին՝ իբրեւ ազգ։ Ասիկա փրկարար միակ ուղին է, ամէն մէկը այս պայքարին մէջ իր տեղն ու դերը պէտք է ունենայ։ Ամնէնէն կարեւորը այն է, որ այս պայքարին մէջ առաջնորդը առջեւէն քալէ եւ ոչ ետեւէն, բան մը, որ Դաշնակցութիւնը լաւապէս կը կատարէ, եւ ատոր ապացոյցները շատ են։ Երբ պայքար կամ վտանգ կայ, դաշնակցութիւնը առանձին չի ձգեր իր ժողովուրդը, այլ՝ մենք կը ստանանք առաջին հարուածները եւ ոչ թէ հեռու շէնքի մը մէջ նստելով կը դիտենք տեղի ունեցածը։ Առաջնորդը պէտք է ստանձնէ առաջին հարուածը ստանալու պատասխանատուութիւնը եւ այդ պատրաստակամութեան տէր ըլլայ, որպէսզի ժողովուրդին մէջ յառաջացնէ այդ համակրանքը, համոզումը, վստահութիւնը, թէ մենք ճիշդ գործի մէջ ենք եւ այդ գործին համար պատրաստ ենք մեր կեանքը տալու։
2012-ի ընտրարշաւի աշխատանքները սկսած կը նկատէ՞ք։
Կը կարծեմ, որ բնական երեւոյթ է ընտրարշաւին սկսիլը։ Շատեր կը փորձեն ծածկել, կ'ըսեն՝ ընտրապայքար չէ եւ այլն։ Այդ մօտեցումը սխալ է, պէտք է մարդոց յստակ ըսենք, թէ ի՛նչ տեղի կ'ունենայ։ Որեւէ քաղաքական ուժ ընտրապայքարի կը սկսի այն պահուն, երբ ընտրութիւնները իրենց աւարտին կը հասնին, ուրեմն պէտք չէ ըսել՝ ընտրապայքար չկայ եւ այլն. չկայ լուրջ քաղաքական ուժ, որ չ'ուզեր իշխանութեան տիրանալ։ Երկրին մէջ այդքան ըլլալիք աշխատանք կայ, որ կարելի չէ ձեռնածալ սպասել պարզապէս։
Արդեօք կացութիւնը նո՞յնն է Երեւանի եւ մարզերուն մէջ։
Հայաստանը փոքր է, կացութիւնը շատ տարբեր չի կրնար ըլլալ ընդհանուր առմամբ, բայց բնականաբար տարբերութիւն կայ։ Մարզերուն մէջ կացութիւնը շատ աւելի վատ է. Երեւանը քիչ մը կը շնչէ, մայրաքաղաք է, տնտեսական մուտք ունի։ Մեծ հարցը գիւղացիին հարցն է, որ պետական ամէն տեսակ հոգածութենէ եւ նեցուկէ զուրկ է. ան մղիչ ուժ չունի իր հողը մշակելու, որովհետեւ երբ հողը մշակէ, ան աւելի ներուժ, ջանք եւ ծախս կը դնէ, քան ինչ որ պիտի ստանայ փոխարէնը։ Երբ մշակը իր բերքը չի կրնար համապատասխան գինով սպառել, ան այլեւս չի ցաներ բնականաբար։ Մենք պէտք է այս մարզին նեցուկ կանգնինք, որովհետեւ կարեւոր է երկրին համար։ Այս բոլորը անտեսելով տակաւին մենք կու գանք ըսելու՝ եկէք զիջինք մեր պատմական իրաւունքներն ու միւս շահերը։ Մենք Ղարաբաղի ազատագրուած տարածքները, Հայաստանի տարածքները մեծցուցած ենք մէկուկէս անգամ. այդ տարածքները աշխարհին մէջ կը նկատուին նոր շունչ, մղիչ նոր ուժ ունենալու, տնտեսական զարգացման ծառայելու միջոց, իսկ մենք զանոնք կը նկատենք ծանր բեռ եւ կ'ուզենք անոնցմէ ձերբազատիլ։ Մենք այսպիսով սխալ ընթացքի մէջ ենք։ Պէտք է օգտագործենք այդ տարածքները, մեր ժողովուրդի ներուժն ու կարողութիւնը, մեր ունեցած շուրջ 10 միլիոն հայութիւնը մեր 42-45 հազար քառակուսի քիլոմեթրը կրնայ այնպէս մը ծաղկեցնել, որ որեւէ խնդիրի դիմաց չենք գտնուիր, եթէ թուրքերը հարիւր տարի ալ փակեն սահմանը, մենք չենք ազդուիր, մանաւանդ որ անոնք մեզի համար պիտի չբանան սահմանը, այլ իրենց շահերուն համար։
Այս բոլորէն ետք լաւատե՞ս էք։
Այո՛, լաւատես եմ։ Մեր պատմութենէն կու գայ այդ լաւատեսութիւնը եւ ես գիտեմ, որ մեր ժողովուրդը կրնայ ունենալ վերիվայրումներ, դժուարութիւններ, բայց երբ դանակը ոսկորին հասնի, գիտէ համախմբուիլ։ Իմ հիմնական յոյսս եւ երաշխիքս այն է, որ ազնիւ գաղափարը, ճիշդ գաղափարը եւ անոր նուիրուած մարդիկ կրնան յառաջացնել այնպիսի մթնոլորտ, որ երկրին մէջ կացութիւնը կարելի ըլլայ բարեփոխել։ Հայ ժողովուրդը ունի այդ ներուժն ու կարողականութիւնը։ Իւրաքանչիւրը հարցը ստանձնելու պատրաստ պէտք է ըլլայ. ազգային հարցը բոլորին հարցն է հաւասարապէս։ Մենք պէտք է մեր հարցերը լուծելու պայմաններ եւ կացութիւն ստեղծենք։


