«ԱԶԴԱԿ»Ի ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ «ԱՐՑԱԽ ՖՈՆՏ»Ի ԿԱԶՄԷՆ ԱՐՑԱԽ ԳՈՐԾՈՒՂՈՒԱԾ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՅԱԿՈԲ ԳԱՌՆԷՇԵԱՆԻ ԵՒ ԴՐՕ ՄՍԸՐԼԵԱՆԻ ՀԵՏ
Լիբանանի «Արցախ ֆոնտ»ի «Նոր կեանք, նոր յոյս» ծրագիրի աշխատանքներու ծիրին մէջ, յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով, խումբ մը լիբանանահայ երիտասարդներ գործուղուած են Արցախ, տեղւոյն վրայ կատարելու նորածին երրորդ երեխային յատկացուած կաթնտու կովերու բաշխումը եւ վերահսկելու ցարդ կատարուած աշխատանքը։
Անոնց փորձառութիւններն ու խոհերը կիսելու համար մեր ընթերցողին հետ, հարցազրոյց մը ունեցանք Յակոբ Գառնէշեանի եւ Դրօ Մսըրլեանի հետ, որուն ամփոփումը կը հրապարակենք ստորեւ։
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Նախ մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, թէ ի՞նչ է Լիբանանի «Արցախ ֆոնտ»ի «Նոր կեանք, նոր յոյս» ծրագիրը։
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ասիկա Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան առաջարկով ծրագրուած եւ անոր վերահսկողութեան տակ իրականացուող միջոց մըն է՝ Արցախի վերաբնակեցման ընթացքի մէջ եղող եւ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող շրջաններուն մէջ ապրող իւրաքանչիւր ընտանիքի երրորդ նորածինին իբրեւ ծննդեան նուէր լիբանանահայութեան կողմէն կաթնտու կով մը տալու՝ այսպիսով ապահովելով նորածինին առաջին եւ ամէնէն կարեւոր կարիքներէն մէկը։ Պէտք է ըսել, թէ կաթնտու կով մը տուեալ գիւղերուն կամ շրջաններուն մէջ մեծ նշանակութիւն ունի ո՛չ միայն նորածինին, այլեւ ամբողջ ընտանիքին համար, որովհետեւ այդպիսով կը մատակարարուի նաեւ կաթնեղէն սնունդ (կաթ, մածուն, պանիր եւ այլն)։
Ինչպէ՞ս կ'ընթանան դրամահաւաքի աշխատանքները։
Ուրախալի է, որ լիբանանահայութիւնը արցախեան շարժման առաջին իսկ օրէն չզլացաւ իր ներդրումը ունենալ արցախեան գոյապայքարին մէջ։ Օրին, երբ պատերազմական վիճակ էր, այլ էին կարիքներն ու օժանդակելու ձեւերը։ Այսօր, երբ երկիրը վերակառուցուելու եւ վերաբնակեցուելու ընթացքի մէջ է, այլ են գործունէութեան ձեւերը, թէեւ նուիրումն ու գիտակցութիւնը կը մնան նոյնը։
Հրապարակի վրայ են արդէն «Արցախ ֆոնտ»ի հրապարակած «Նոր կեանք, նոր յոյս» ծրագիրի կտրօնները, որոնցմով իւրաքանչիւր հայ կրնայ ամսական 5000 լ. ոսկիով իր ներդրումը ունենալ։ Ասոր վրայ պէտք է աւելցնել, որ զանազան առիթներով գիտակից եւ ձեռնհաս լիբանանահայեր, ընդառաջելով «Արցախ ֆոնտ»ի դիմումին, աւելի մեծ գումարներով կը մասնակցին գործին, մինչեւ իսկ կով մը կամ աւելին նուիրելով (իւրաքանչիւր կով այս օրերուն կ'արժէ շուրջ 600 տոլար)։
Հաւաքուած գումարով է, որ կ'իրականանայ ծրագիրը եւ լիբանանահայութեան հաւաքական մասնակցութեամբ գլուխ կը հանուի գործը։
Իսկ ինչպիսի՞ կառոյց ունի այս աշխատանքը։
Արցախի բնակչութիւնը արդէն տեղեակ պահուած է այս ծրագիրին մասին։ Հետեւաբար ծնողները իրենց գիւղապետին ստորագրութեամբ դիմումի մը կը կցեն նորածինին ծննդեան վկայագիրը եւ ապացոյց մը, որ ան ընտանիքին առնուազն երրորդ զաւակն է։ Ապա Արցախի պետական ընկերային ապահովութեան նախարարութեան միջոցով դիմումները կը հաստատուին եւ կ'առաքուին Լիբանան՝ «Արցախ ֆոնտ»ին։ Վերջինը կը ստուգէ, թէ տուեալ դիմումնագիրները կ'ամբողջացնե՞ն ծրագիրի պայմանները, եւ ապա համապատասխան գումար մը կը փոխանցէ նախարարութեան։ Իսկ կովերու բաշխումը կը կատարուի Արցախ գործուղուած երիտասարդներու միջոցով՝ ամրան կամ աշնան։
Ի՞նչ երաշխիքներ կան, որ նուիրուած կովը կրկին չի վաճառուիր ուրիշին կամ չի մորթուիր իբրեւ մսացու։
«Արցախ ֆոնտ»ը տուեալ ծնողքին ու գիւղապետին հետ կը կնքէ պայմանագիր մը, ուր յստակօրէն նշուած է, թէ առնուազն երեք տարի ստացողը չի կրնար վաճառել կամ մորթել անասունը։ Յայտնենք, որ նուիրուած կովերը թուագրուած են եւ տուեալ ընտանիքին յանձնելու պահուն անոր ականջին կ'անցուի թուագրուած մետաղէ օղակ մը. այսպիսով, մենք հերթական այցելութիւններուն ընթացքին յաճախ կը կատարենք անակնկալ ստուգումներ։ Ուրախալի է հաստատել, որ մինչեւ օրս միայն երկու դէպք արձանագրուած է եւ այդ ընտանիքները պայմանագիրով ճշդուած կէտով այսուհետեւ զրկուած են այս կամ նոյնիսկ պետական աջակցութենէ։ Ընդունելի են միայն անասնաբուժի կողմէ հաստատուած դէպքերը, որոնք նոյնպէս սակաւաթիւ են։
Ցարդ քանի՞ կով նուիրուած է։
2007-ին 18 կով յանձնուեցաւ՝ «Արցախ ֆոնտ»ի անդամներուն անդրանիկ այցելութեան ծիրին մէջ։ 2008-ի ամրան երեք երիտասարդներ (Յակոբ Գառնէշեան, Շանթ Զատիրեան եւ Սարօ Ժամկոչեան) այցելեցին Արցախ, շրջագայեցան տուեալ վայրերը եւ 68 կով բաժնեցին գլխաւորաբար Քաշաթաղի մէջ։ (Նախապէս որոշ թիւով կով տրուած էին Շահումեանի շրջանին մէջ)։ Իսկ այս ամառ երկու հանգրուանով կատարուեցաւ այս աշխատանքը՝ երկու երիտասարդներու կողմէ (Յակոբ Գառնէշեան եւ Դրօ Մսըրլեան), որոնք շրջանի ընտանիքներուն յանձնեցին 146 կով։ Այսպիսով մինչեւ այսօր 232 կով նուիրուած է Արցախի մէջ լոյս աշխարհ եկող մանուկներուն։
Իբրեւ ականատեսներ եւ այդ ընտանիքներուն հետ ուղղակի կապի մէջ մտնող անձեր, ի՞նչ տպաւորութիւններ կրնաք փոխանցել մեր ընթերցողներուն։
Նախ ըսենք, թէ որքան ալ գեղեցիկ եւ հաճելի է այդ շրջաններուն բնութիւնն ու մթնոլորտը, նոյնքան ալ դժուար է հոն ապրիլը։ Այդ շրջաններուն մէջ հայրենակիցները ունին կենցաղային շատ ծանր պայմաններ։ Կան ո՛չ միայն սննդառութեան հարցեր, այլ նաեւ առողջապահական, կրթական, ընկերային եւ շատ այլ տեսակի խնդիրներ եւ կարիքներ։ Իսկապէս հերոսութիւն է ապրիլ այդ պայմաններուն մէջ։ Որքան հայրենասէր ու չարքաշ պէտք է ըլլայ մարդ, որ կարենայ ապրիլ հոն եւ զարգացնել այդ շրջանները։ Մեր այցելութիւններուն ընթացքին մենք պանդոկներու մէջ չենք գիշերեր, այլ կը հիւրընկալուինք հոն, ուր հասնինք աշխատանքի աւարտին, առիթ կ'ունենանք աւելի մանրամասնօրէն ծանօթանալու մեր հայրենակիցներուն առօրեային, հոգերուն, կարիքներուն, բայց մանաւանդ՝ յանդուգն նախաձեռնութիւններուն։ Պէտք է ըսել, որ ընդհանրապէս գիւղական շրջաններ ըլլալով՝ մեծ կարելիութիւններ կան գիւղատնտեսական եւ անասնապահական մարզերուն մէջ, եւ ան, որ աշխատասէր է, իր կեանքը ապահովելու եւ բարելաւելու գծով յաջողութիւններու կրնայ հասնիլ։ Հաստատենք, որ ընդհանրապէս հիւրասէր, տոկուն ու իր պապենական հողին կառչած ժողովուրդ մը ունինք հոն, անիկա արժանի է ամէն ձեւի ու տեսակի զօրակցութեան։
Երբեմն կը խօսուի ազատագրուած տարածքները վերադարձնելու մասին. նման արտայայտութիւններ չե՞ն ազդեր տեղւոյն բնակչութեան վրայ։
Պ.- Նման նիւթերու մասին կարելի չէ խօսիլ անոնց հետ։ Օրինակ, իր զաւակը մարտադաշտին վրայ կորսնցուցած մարդ մը ըսաւ, որ հողերը վերադարձնելու համար իր համաձայնութիւնը տալէ առաջ, պէտք է այս մասին հարց տրուի նահատակուած զաւակին...
Իսկ ի՞նչ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ ազատագրուած շրջանները վերաբնակեցնելու աշխատանքը։
Պ.- Պէտք չկայ ըսելու, որ հողը առանց իր բնիկներուն թերի արժէք է։ Իսկ հողը պահելու ոչ միայն լաւագոյն, այլ միա՛կ միջոցը զայն իր հարազատ ժողովուրդով բնակեցնելն ու զօրացնելն է։ Աշխատանք մը, որ սկսած է եւ նոր թափով պէտք է շարունակուի։ Վաղը ուշ կ'ըլլայ։ Արեամբ ազատագրուած հողը խաղաղ պայմաններու մէջ պահելու գործը շատ աւելի կարեւոր եւ այժմէական է։ Մեր նպատակն է իրենց հողերուն վրայ բնակելու կարելիութիւն տալ բոլոր անոնց, որոնք բռնի հեռացուած են եւ՝ ընկերային-տնտեսական կայուն վերելքով լի կեանք մը ապրելու պայմաններ ստեղծել։
Հայ եւ թուրք քաղաքական յարաբերութիւնները ազդեցութիւն կ'ունենա՞ն ձեր աշխատանքին արդիւնքին վրայ։
Բարեբախտաբար ոչ։ Պէտք է ընդգծել, որ նման ազդեցութիւններէ զերծ են Արցախի մեր հայրենակիցները, որոնք ամուր կերպով կառչած են հողին։ Նման ազդեցութիւններէ զերծ է նաեւ լիբանանահայ գաղութը, որովհետեւ նոյն թափով եւ համոզումով կը շարունակէ հաւատալ ու աջակցիլ «Նոր կեանք, նոր յոյս» ծրագիրին։ Մեր դիմաց ունինք ուրախալի նոր երեւոյթ։ Նոր թափով կը շարունակուի կեանքը ազատագրուած տարածքներուն վրայ, եւ կը ծնին նոր մանուկներ, որոնց նկատմամբ մեր յանձնառութիւնը կը շարունակենք։ Կը հաւատանք, որ մեր սկսած աշխատանքը արդէն իր արդիւնքները կու տայ։ Կը հաւատանք նաեւ, որ բնակեցուած շրջանները առաւել կը զօրացնեն մեր բանակցային գործընթացը։ Արդիւնաւոր գործունէութեան ապացոյց է նաեւ այն փաստը, որ օրէ օր կ'աճի երրորդ կամ աւելի զաւակով մը բախտաւորուած ընտանիքներուն թիւը։




