Share
Յունիս 09, 2010 Տպագրում

Հարցազրոյց Հայկազեան Համալսարանի Նախագահ Դոկտ. Վերապատուելի Փոլ Հայտոսթեանի Հետ՝ Ժառանգութեան Շէնքի Բացման Առիթով

Հարցազրոյց Հայկազեան Համալսարանի Նախագահ Դոկտ. Վերապատուելի Փոլ Հայտոսթեանի Հետ՝ Ժառանգութեան Շէնքի Բացման Առիթով

«ԻՄ ԿԱՏԱՐԵԼԻՔՍ 1955-ԷՆ ՍԿՍԱԾ ՄԵԾ ԵՐԱԶԻՆ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆՆ Է»

Որպէս սփիւռքի միակ համալսարանի՝ Հայկազեանի նախագահ, վերջերս փառաշուք կերպով բացումը կատարեցիք «Ժառանգութեան շէնք»ին: Ինչպիսի՞ իրավիճակի մէջ կը գտնուի այսօր համալսարանը, եւ որո՞նք են ձեր ծրագիրները: 

 2002-ին, երբ ինծի առիթ ընծայուեցաւ, որ պատասխանատուութիւնը ստանձնեմ Հայկազեան համալսարանին, յայտարարեցի, որ իմ կատարելիքս 1955 թուականէն սկսած մեծ երազին շարունակութիւնն է: Ես ոչ մէկ բան սկսելու եկայ, այլ ընդհակառակը, եկայ շարունակելու աշխատանքը՝ անցեալը նկատելով հաստատուն հիմք գեղեցիկ ոգիի, որ ներկայ է Հայկազեանի ծնունդին պատմութեան մէջ: Բոլոր պատասխանատու նախագահները եւ պատասխանատուները գետին պատրաստեցին յաջորդ սերունդներուն համար, որպէսզի հաստատութիւնը ծաղկի: Ուրեմն ենթահողը պատրաստ էր, որպէսզի յատուկ առիթներով եւ այն ժամանակով, որ Աստուծմէ ինծի տրուած է, շարունակեմ այս գործը: Վերջին տարիներու ընթացքին միշտ կը յիշէի այն նախադասութիւնը, զոր 2002-ին արտայայտեցի հարցազրոյցի մը ընթացքին, երբ կը հարցնէին հայկական այս իրականութեան մասին, որուն անունն է Հայկազեան, թէ՝ պէ՞տք է Հայկազեանը ներկայացուի որպէս անհրաժեշտութիւն մը Հայաստանին եւ հայութեան համար: Անշուշտ հայութիւնը եւ Հայաստանը Հայկազեանի համար կարեւոր են, բայց պէ՛տք է ըլլայ նաեւ հակառակը. այս կառոյցը պէտք է նկատուի կարեւոր գործօն մը՝ հայկական իրականութեան մէջ, այնպիսի հաստատութիւն մը, որուն գոյութեամբ ամէն մարդ պատիւ զգայ: Հայկազեանը իւրայատուկ հաստատութիւն մըն է, ակադեմական լրջութեամբ, ստեղծած է ընկերային ու բարոյական, կրթական մթնոլորտը, որ իր դրական ներդրումը կ'ունենայ մեր ժողովուրդին վրայ: Հայկազեանը կարեւոր կը սեպէ դաստիարակել սերունդները եւ ցոյց տալ, թէ ո՛չ համայնքային եւ ո՛չ ալ յարանուանական, քաղաքական, կուսակցական թէ տնտեսական մակարդակի վրայ խտրութիւն կարելի է դնել: Այս հաստատութիւնը դարբնոց մըն է, ուր մենք պիտի սորվինք, որ բոլորս մէկ իրականութեան, կեանքի եւ ժողովուրդի մը մասնիկն ենք, եւ այնպիսի առանձնաշնորհեալ իրավիճակի մէջ կը գտնուինք, որ մեր դռները կը բանանք ծառայելու մեր շրջակայ ժողովուրդներուն, կրօններու հետեւորդներուն, այլ խօսքով՝ ամէն տեսակ մարդոց: Հայկազեանի միակ յատկութիւնն ու շնորհքը այն չէ, որ ինք հայկական է եւ հայապատկան: Այլ ա՛յն, որ պատրաստ է մրցելու բոլոր համալսարաններուն հետ. եւ վստահ եղէք, որ Լիբանանի մէջ այսօր գործող 45 համալսարաններուն լաւագոյն տասնեակին մէջ տեղ կը գրաւենք: Այս չի նշանակեր, որ Հայկազեանը հասած է հոն, ուր մենք կ՚ուզենք զայն տեսնել: Տակաւին շատ ճամբայ ունինք կտրելիք, աճման ուղիի մէջ եղած է հաստատութիւնը երկար տարիներ եւ տակաւին պիտի շարունակէ աճիլ: Թէ՛ կրթական ծրագիրի հիմքերով, թէ՛ նիւթական կարելիութեամբ եւ կարողականութեամբ եւ թէ՛ իր ակադեմական կամ հայագիտական ծրագիրներով, Հայկազեանը շատ աւելին ունի տալիք եւ կատարելիք եւ... ակնկալելիք: Անձնապէս կրնամ ըսել, որ ինձմէ ալ շատ բան կ'ակնկալուի, եւ Աստուած մեզի շնորհ եւ կարողութիւն տայ, որ գործակցաբար Հայկազեանի մէջ ու շուրջ գտնուողներուն, ինչպէս նաեւ Հայկազեանի հովանաւոր Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ եւ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան եւ բոլոր հայկական հաստատութիւններուն, ֆոնտերուն, անձնաւորութիւններուն եւ գաղութներուն, համալսարանը լաւագոյնին հասնի: Հաւատացէք, որ մարդ, եթէ Հայկազեանին իր նպաստը բերէ, ամբողջ հայ ժողովուրդին պատիւին է, որ նպաստած կ'ըլլայ։ 2005-ին Հայկազեանի 50-ամեակին առիթով եւ անկէ ի վեր յաճախ մտքիս մէջ դրսեւորուած կը գտնեմ այն ծանր պարտականութիւնը, որ Հայկազեանի նման հաստատութիւններուն տրուած է վերագտնելու այն, ինչ որ կորսուեցաւ: Վերագտնել այն, որ կորսնցուցինք Մեծ եղեռնի, Ցեղասպանութեան, տեղահանութեան, հողերու պարպումին եւ բարոյազրկումին այդ մեր երկար ու դաժան տարիներու ընթացքին: Այսպիսի մտապատկերով եւ մեր ժողովուրդի ժառանգութեան ընդմէջէն կ'ուզեմ տալ մեր բացած նոր շէնքին՝ «Ժառանգութեան շէնք» կոչումը. իրականութեան մէջ ան կը պատկանի Պէյրութ քաղաքի 1930-ական թուականներու ճարտարապետական ժառանգութեան: Հողը գնուած էր 2004-ին, եւ համալսարանը վերջին երեք տարիներուն, 2008-2010, հսկայական շինարարութեան եւ նորոգութեան ձեռնարկեց: Նուիրատուութեան մասնակցեցան տասնեակներով հայորդիներ, նաեւ՝ ոչ հայեր, որոնք օժանդակութեան ձեռք երկարեցին: Հանգանակութիւնը դեռ փակուած չէ: Մենք տակաւին պէտք ունինք մեծ գումարներու, որպէսզի մեր բոլոր պարտաւորութիւնները լրացնենք «Ժառանգութիւն շէնք»ի նկատմամբ: Այս բացումը զանազան պատգամներ տուաւ մեր շրջապատին, մանաւանդ այն, որ հայութիւնը ո՛ւր ալ գտնուի, կրնայ յառաջխաղացք արձանագրել՝ մրցակցելով ուրիշին հետ եւ, որակի իմաստով, լաւագոյն ծառայութիւնն ու ճաշակը հրամցնել: Քաղաքական բարձրաստիճան մարդոց ներկայութեամբ բացումը կատարեցինք, ուր անոնք արտայայտուեցան, թէ մինչ Լիբանանի պետութիւնն ու հեղինակութիւնները տէր չեն կանգնած Պէյրութի մշակութային ժառանգ ու արժէք ներկայացնող շէնքերուն, Հայկազեան համալսարանը այս բնագաւառին մէջ իւրայատուկ յաջողութիւն արձանագրեց: Այս կատարուածը զարգացման ընթացքին մէկ փաստն է միայն: Համալսարան մը եւ կրթական հաստատութիւն մը տեղքայլի մէջ ըլլալով՝ կը նահանջէ: Այն միշտ աճման մէջ պէտք է ըլլայ եւ այդ՝ ո՛չ միայն ֆիզիքական եւ նիւթական իմաստով: Մենք կ'ապրինք ֆիզիքական աշխարհին մէջ: Ես հոգեւորական մարդ ըլլալով՝ հոգին ամէնէն արժէքաւորը կը սեպեմ՝ շնորհուած Աստուծոյ կողմէ. սակայն լաւ գիտեմ, որ ֆիզիքականն ալ շնորհք է: Հայկազեանն ալ իր կարգին ֆիզիքական պարգեւ ստացաւ եւ կը բաժնէ շրջապատին: Հայերն ու ոչ հայերը քաջալերուեցան, երբ տեսան, որ մենք ոչ միայն առնելիք, այլ շատ բան ունինք տալիք մեր շրջապատին: Առանց Աստուծոյ շնորհքին՝ մենք ոչինչ ենք եւ ոչ մէկ բան կրնանք ընել: Բայց կ'ուզեմ շեշտել, որ Աստուած կը գործէ նաեւ մարդոց միջոցով, եւ բոլոր անոնք, որոնք տակաւին առիթ չունեցան մասնակցելու Հայկազեանի կեանքին եւ օժանդակելու անոր վերելքին, նեցուկ կանգնելու առիթները միշտ կան: Տարիներ շարունակ շատեր օժանդակած են Հայկազեանին եւ անոր ուսանողներուն՝ զանազան ֆոնտերու միջոցով: Սակայն մենք միշտ պէտք ունինք աւելին տալու մեր ժողովուրդին եւ հարեւան ժողովուրդներուն: Ներկայ առիթը 55-ամեակն է Հայկազեանին, որ տօնակատարութեան հոգիով «թագադրուեցաւ» «Ժառանգութեան շէնք»ի բացումով, որուն ներկայ գտնուեցան հայ թէ լիբանանցի պետական ու ազգային դէմքեր, նաեւ՝ Միացեալ Նահանգներէն մեծ թիւով հիւրեր, խնամակալութեան անդամներ, որոնք ուրախութեամբ մասնակցեցան մեր այս գործունէութեան:

Այսօր գիտենք, թէ մեծ ծրագիրներ կան, եւ Հայկազեան համալսարանը դուրս եկած է նեղ հայկական շրջանակներէ՝ համալիբանանեան եւ տարածաշրջանային առումով, որպէս ակադեմական հաստատութիւն: Որո՞նք են ձեր ծրագիրներն ու պատգամը՝ ուղղուած ընթերցողներուն:

Հիմա որ կրնանք շէնքերով եւ մասնաշէնքերով բաւարարուած զգալ, ունինք աւելի լայն տեղ երկու տեսակի աշխատանքի համար: Առաջինը՝ ակադեմական ծրագիրի մեր վերանորոգումն է կամ կրթահամակարգի վերամշակումը: Մենք լրիւ լիբանանեան համալսարան ենք ու գործակցութեան ու մրցակցութեան մէջ ենք այլ համալսարաններու հետ: Մենք այս իմաստով պարտականութիւնը ունինք նորոգելու եւ մշակելու մեր կրթական ծրագիրը, եւ յառաջդիմութեան եւ զարգացումներու հետ քայլ պահելու: Երկրորդ՝ մենք մեր ծրագրի ոճով եւ բովանդակութեամբ՝ ամերիկեան Լիպերալ Արթ ուսման ծրագրին կը հետեւինք: Այս իմաստով, մեր ծրագիրները պիտի զարգացնենք տարածաշրջանային ու համաշխարհային համալսարաններու դասընթացքներուն հետ, նաեւ՝ մրցելով եւ անոնցմէ սորվելով: Պէտք է շարունակաբար նորութիւն բերենք Հայկազեանին: Այս իմաստով յաջորդ տարի քանի մը մասնագիտութիւններ աւելցնելու աշխատանքի մէջ ենք: Նաեւ կը ծրագրենք ընդարձակել հրատարակչական աշխատանքը, որուն, մասամբ մը, 2010-ին զարկ տուինք: Այս տարի նուազագոյնը երեք գիրք պիտի հրատարակենք: Հրատարակութիւններու կ'առնչուի հետազօտական աշխատանքի զարգացումը, եւ՝ ոչ միայն հայագիտական նիւթերով: Ասոնք կատարելու համար պէտք պիտի ըլլայ համագործակցութիւնը արագացնել Լիբանանի եւ արտերկրի համալսարաններու հետ՝ հայաստանեան հայրենիքի, Եւրոպայի եւ Ամերիկայի կրթական բարձրագոյն կառոյցներուն հետ: Այս բոլորը կատարելու համար Հայկազեանի հիմնադրամը պէտք է մեծ համբերութեամբ զարգանայ, նուիրատուութիւններ ստանայ, որպէսզի կարողանանք այս շատ ծախսալից ծրագիրները իրականացնել: Ես պիտի փափաքէի, որ հայկական սփիւռքը ծանօթանար Հայկազեան համալսարանին՝ որպէս իւրայատուկ երեւոյթ: Այսինքն ամէն հայ հետաքրքրուէր անոր լուրերով, համացանցի ու թերթի միջոցով կարդար, նաեւ այցելէր, ծանօթանար եւ ուրախանար՝ իր օժանդակութիւնը բերելով ոչ միայն նիւթական, այլ նաեւ գործնական ու բարոյական ամէն իմաստով: Մենք զմեզ կը նկատենք մէկ մասը այն ամբողջութեան, որ կը կոչուի հայ ժողովուրդ, որուն ծառայութեան մէջ մեր ինքնութիւնը կը գտնենք: Կը խնդրէի, որ եթէ կան սփիւռքի մէջ աշակերտներ, որոնք կը փափաքին ընդգրկուիլ եռամսեակ մը կամ տարի մը Հայկազեանի համալսարանին ուսումնական ծրագրին մէջ, հիւրընկալուէին մեր մօտ, ծանօթանային լիբանանահայ գաղութին եւ անոր կայտառ առաքելական, կաթողիկէ, աւետարանական կառոյցներուն եւ զանազան կուսակցութիւններուն, միութիւններուն, լրատուական միջոցներուն, արուեստի ու մշակոյթի, բժշկական կեդրոններուն, ինչպէս նաեւ՝ արեւմտահայերէնին: Հայկազեան համալսարանի հայ թէ օտար ուսանողները պարծանքով կը դիմեն այս հայկական համալսարանին՝ ուսում ստանալու: Հայուն տրուած պատիւ մըն է այս, որուն պէտք է գուրգուրանք, զայն փայփայենք եւ զարգացնենք: Հիմնուած շատ հարուստ աւանդի մը վրայ, կիլիկեան մեր օրերէն, ի շարս հայկական բոլոր համայնքներու ազգային կրթական կրօնական հաստատութիւններուն, Հայկազեան ինքզինք կը սեպէ այդ աւանդին վրայ հիմնուած բերդ մը: Կը փափաքէի, որ ամէն հայ իր զաւակները դաստիարակէր այն հոգեբանութեամբ, որ ինք ունի մեծ ժառանգ մը, եւ բաց ճակատով փոխանցէր մեր քրիստոնէական, մշակութային, կրթական հարստութիւնները, որոնք որ հարիւրաւոր տարիներու կեանք ունին եւ կը ներշնչեն ուրախութիւն ու պատիւ:
Հարցազրոյցը վարեց՝
ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ

«« վերադարձ ««
Powered by Webnaz Pagemaker