ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ' ԸՆԿԵՐՆԵՐ Հ. ՄԱՐՈՒԽԵԱՆԻ ԵՒ Հ. ՏԱՍՆԱՊԵՏԵԱՆԻ ՀԵՏ. «ՀՅ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԳԻՏԱԿՑՕՐԷՆ ՍՏԱՆՁՆՈՒՄ Է ԻՐԵՆ ՎԻՃԱԿՈՒԱԾ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ»
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընկերները Հայաստանէն վերադարձին հարցազրոյց մը տուած են մեր պաշտօնակից «Կամք»ին՝ ՀՅ Դաշնակցութեան կազմակերպական ներկայութիւնը հայրենիքի մէջ բացայայտման յայտարարութեան մասին։
«Կամք»ի օգոստոս 17-ի թիւէն առնելով՝ ստորեւ կու տանք հարցազրոյցը։
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Օգոստոսի սկիզբը, ձեր Հայաստան գտնուած միջոցին, կատարեցիք մեր կուսակցութեան եւ առհասարակ Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին համար հիմնական նշանակութիւն ներկայացնող յայտարարութիւն մը՝ բացայայտելով ՀՅ Դաշնակցութեան կազմակերպական ներկայութիւնը հայրենիքին մէջ։ Ասիկա, եթէ բովանդակ հայութեան համար անակնկալ մըն էր, անշուշտ պարագայական քայլ մը չէր ՀՅԴ Բիւրոյին համար։ Կրնա՞ք մեզ լուսաբանել այս ուղղութեամբ եւ խօսիլ Դաշնակցութեան յայտարարագիրի ծննդոցի պայմաններուն եւ պարագաներուն մասին։
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Մենք Հայաստան կը գտնուէինք իբրեւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչներ։ Եւ այդ հանգամանքով մեծ թիւով տեսակցութիւններ եւ շփումներ ունեցանք ժողովուրդին քիչ մը բոլոր խաւերուն հետ՝ երկիրի ղեկավարութենէն եւ մտաւորական վերնախաւէն սկսած մինչեւ ժողովրդային ամենահամեստ շրջանակները։ Այս տեսակցութիւններն ու շփումները մեզի բերին այն հաստատ համոզման, որ ՀՅ Դաշնակցութեան Հայաստանի եւ Արցախի տարածքին կազմակերպական ներկայութեան բացայայտումը անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն մըն էր այլեւս։ Մենք առհասարակ կը մեղադրուէինք նոյնիսկ հայրենիքի քաղաքական բեմին վրայ բախտորոշ այս ժամանակաշրջանին մեր բացակայութեամբ։ «Ո՞ւր է Դաշնակցութիւնը», «Ի՞նչ կ'ընէ Դաշնակցութիւնը», «Ի՞նչ կը սպասէ Դաշնակցութիւնը Հայաստանի քաղաքական- հասարակական միջավայրին մէջ իր ներկայութիւնը զգալի դարձնելու եւ իրեն բաժին ինկած կարեւոր դերակատարութիւնը ստանձնելու համար»։ Այս բոլորը զանազան շրջանակներու կողմէ մեզի ուղղուած ընթացիկ հարցադրումներ էին։ Ուստի, խորհրդակցելէ ետք Երեւանի եւ Արցախի մեր կոմիտէներուն եւ մայրաքաղաքի աչքի ինկող մեր ընկերներուն հետ, որոշեցինք հրապարակել Դաշնակցութեան կազմակերպական ներկայութեան մեր յայտարարագիրը, առանց անշուշտ, գէթ հիմակուհիմա, կազմակերպական մեքենան ընդյատակէն դուրս բերելու. պատճառները հասկնալի են անշուշտ եւ գոհանալով հաստատումովը Հայաստանի մեր կեդրոնական գրասենեակին եւ մամլոյ տեղեկատուութեան կեդրոնին, ինչպէս նաեւ հայաստանեան մեր պաշտօնական օրգանի եւ այլ հրատարակութեանց նախապատրաստական աշխատանքներով։ ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի յայտարարագիրը անյապաղ կարդացուեցաւ պատկերասփիւռի երեկոյեան յայտագրին մէջ, ինչպէս նաեւ յաջորդ օրերուն ընթացքին տպուեցաւ երկրին կարեւոր թերթերուն մէջ (Խորհրդային Հայաստան, Աւանգարդ, Գրական թերթ, Արձագանգ, Կոմունիստ-ռուսերէնով, եւ այլն), ընդհանրապէս առաջին էջի վրայ եւ յաճախ Դաշնակցութեան զինանշանի վերարտագրութեամբ։ Յայտարարագիրը կարդացուած էր արդէն խորհրդարանի նիստին ընթացքին։ Ստեղծուած խանդավառութիւնը վեր էր մեր ակնկալութիւններէն. բոլորը՝ պետական մարդիկ, խորհրդարանի պատգամաւորներ, մտաւորականներ, գրողներ, կազմակերպութիւններ, համալսարանի դասախօսներ, քաղաքապետներ, գործարանի տնօրէններ ու բանուորներ, մինչեւ պանդոկի ամէնէն համեստ պաշտօնեաները՝ մեզ սրտանց կը շնորհաւորէին։ Մեծ խանդավառութիւն յայտնաբերեցին նաեւ Հայաստանի գիւղացիները։ Բոլորն ալ կ'ողջունէին ՀՅ Դաշնակցութեան կազմակերպական վերադարձը Հայաստան։
Ճի՞շդ է «վերադարձ» բնորոշումը եւ, առհասարակ, կարելի՞ է ընդհանուր գիծերու մէջ լսել պատմականը այդ «վերադարձ»ին։ Երկրին մէջ մեր կուսակցութեան ներկայութիւնը այդքան ջերմօրէն ողջունող հայ ժողովուրդը ի՞նչ յոյսեր եւ ակնկալութիւններ կապած է ՀՅ Դաշնակցութեան։
«Կազմակերպական վերադարձ»ն է ճիշդը, որ ունի մէկէն մէկուկէս տարուան պատմութիւն եւ կը բխի ՀՅ Դաշնակցութեան 24-րդ Ընդհանուր ժողովի տրամադրութիւններէն եւ որոշումներէն։ Այլապէս, պարզ է, որ Դաշնակցութիւնը իբրեւ գաղափարական եւ ոգեղէն ներկայութիւն, իբրեւ հայ ժողովուրդի ազգային եւ մարդկային իտէալները մարմնաւորող էութիւն, միշտ ներկայ եղած է հայրենիքին մէջ։ Մեր ժողովուրդը գաղափարական- հոգեկան այդ ներկայութիւնը պահած է սրբութեան մը պէս, տասնամեակներու ընթացքին, ե՛ւ 1933-1934-էն առաջ, երբ մեր ընդյատակեայ կազմակերպութիւնը կը շարունակէր գոյութիւն ունենալ Հայաստանի մէջ, ե՛ւ անկէ ասդին, երբ, ՀՅԴ 12-րդ Ընդհանուր ժողովին որոշումով ՀՅ Դաշնակցութիւնը լուծուած կը յայտարարէր հայրենի իր մարմիններն ու շարքերը, մեր ժողովուրդին ապահովութեան նկատառումովը բացառապէս։ 1988-ի ամառը, երբ տեղի կ'ունենար ՀՅԴ 24-րդ Ընդհանուր ժողովը, պայմանները ամբողջական շրջադարձ ապրած էին արդէն Խորհրդային Միութեան մէջ։ Գորբաչովեան քաղաքականութեան իբրեւ արդիւք՝ Միութեան ժողովուրդները համեմատական ազատութիւններու մթնոլորտը կը շնչէին եւ վերազգայնացման գինովութիւնը կ'ապրէին։ Հայաստանի մէջ արցախեան շարժումը ստեղծած էր այն համընդհանուր խանդավառութիւնը, որ ծանօթ է բոլորիս։ Այդ պայմաններուն մէջ էր, որ 24-րդ Ընդհանուր ժողովը որդեգրեց «Դէպի Երկիր» բնաբանը, որ մաս կազմեց այնուհետեւ մեր հիմնական ռազմավարութեան։ Բայց, ինչպէս կը նախատեսէինք արդէն, հայրենի մեր կազմակերպութիւնը վերահաստատելու համար մենք պէտք չունեցանք գործիչային- քարոզչական մեծ ու երկարատեւ ճիգերու։ Տրամադրութիւնը, հիմնականին մէջ, կա՛ր արդէն Խորհրդային Հայաստանի, թէ ԼՂԻՄ-ի մեր բազմութիւններուն մօտ, եւ այդ տրամադրութիւնը կարճ ժամանակի մէջ գործնականացաւ՝ ծնունդ տալով Երեւանի շրջանի, Լենինականի, Իջեւանի, Թալինի շրջանի, Զանգեզուրի եւ Արցախի մեր զանազան կոմիտէութիւններուն, ինչպէս նաեւ՝ Խորհրդային Միութեան կարգ մը այլ վայրերու մեր միաւորներուն, որոնք, ինչպէս քիչ առաջ ըսինք, տակաւին ժամանակաշրջանի մը համար կը մնան ընդյատակեայ։ Հայաստանի ներկայ կացութեան մէջ, յատկապէս, հայրենի ժողովուրդը մեծ յոյսեր կապած է ՀՅ Դաշնակցութեան։ Համայնավար կուսակցութիւնը եթէ տակաւին լման փլուզման ենթակայ չէ, առնուազն հեռու է երբեմնի իր ամբողջական տէր-ղեկավարի վիճակէն։ Երկրին մէջ ստեղծուած է կազմակերպութիւններու եւ խմբակներու խայտաբղէտ քաոս մը։ Ու թէեւ, ինչպէս խորհրդարանական վերջին ընտրութիւնները եւ, յատկապէս, Գերագոյն խորհուրդի նախագահի ընտրութեան պարագաները ցոյց տուին, Հայոց համազգային շարժումը մարտավարական առաւելութիւններ ձեռք բերած է, բայց բացայայտօրէն, եւ յատկապէս ազգային-քաղաքական մարզի իր կարգ մը կեցուածքներով (զորս մեր մամուլի էջերէն մենք յաճախ քննադատած ենք), ան հեռու է տակաւին համաժողովրդական իրական համակրանք եւ աջակցութիւն վայելելէ։ Հայաստանի տարածքին զինեալ ջոկատներու արագ բազմացումը եւ յաճախակի հակադրութիւնները շատ մտահոգիչ երեւոյթ մը կը կազմեն։ Էապէս մտահոգիչ է մանաւանդ Արցախի վիճակը, ուր մեր ժողովուրդը իր ազգային-ազատագրական պայքարն է, որ կը շաունակէ, բայց որ Հայաստանի ներկայ վարիչներու մտքին մէջ անցած կը թուի ըլլալ երկրորդական եւ ոչ անմիջական մակարդակի վրայ։ Եւ ի՜նչ խօսք, որ ողբերգական ըլլալու աստիճան ցաւալի է Հայաստանի տնտեսական եւ ընկերային կացութիւնը։ Այս բոլորը կ'ընեն այնպէս, որ Դաշնակցութեան «վերադարձ»ը ժողովուրդին մեծակարգ մը կեցուածքներով (զորս մեր մամուլի էջերէն մենք յաճախ քննադատած ենք), ան հեռու է տակաւին համաժողովրդական իրական համակրանք եւ աջակցութիւն վայելելէ։ Հայաստանի տարածքին զինեալ ջոկատներու արագ բազմացումը եւ յաճախակի հակադրութիւնները շատ մտահոգիչ երեւոյթ մը կը կազմեն։ Էապէս մտահոգիչ է մանաւանդ Արցախի վիճակը, ուր մեր ժողովուրդը իր ազգային- ազատագրական պայքարն է, որ կը շարունակէ, բայց որ Հայաստանի ներկայ վարիչներու միտքին մէջ անցած կը թուի ըլլալ երկրորդական եւ ոչ-անմիջական մակարդակի վրայ։ Եւ ի՜նչ խօսք որ ողբերգական ըլլալու աստիճան ցաւալի է Հայաստանի տնտեսական եւ ընկերային կացութիւնը։ Այս բոլորը կ'ընեն այնպէս, որ մեծամասնութեան կողմէ կը նկատուի փրկութեան լաստ մը. այն համոզումով, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնն է, որ տագնապի պայմաններու մէջ կրնայ իրապէս տէր կանգնիլ հայութեան եւ զայն հետզհետէ առաջնորդել դէպի ամուր եւ ապահով վիճակներ։ Կը կրկնենք, մեծ է այն ակնկալութիւնը, որ հայրենի հայութիւնը կապած է մեզի։ Ու մենք ճամբայ կ'ելլենք գիտակցօրէն, վճռականութեամբ եւ, ինչպէս վայել է ՀՅ Դաշնակցութեան, ամբողջական նուիրումի առաջադրանքով։ Ապագան ցոյց կու տայ, թէ Դաշնակցութիւնը յաջողութեամբ գլուխ կը հանէ՞ հայրենի իր յանձնառութիւնը։ Բոլոր պարագաներուն, մեր կուսակցութիւնը, գործակցաբար հայրենի ռէալ բոլոր ուժերուն (ներառեալ նոյնինքն՝ Հայոց համազգային շարժումը) հետ, պատրաստ է անգամ մը եւս իր որոշիչ մասնակցութիւնը բերելու մեր ազգային- ազատագրական պայքարին եւ հայրենիքի փրկութեան սրբազան գործին։
Ինչո՞ւ ուրեմն այս պահը ընտրեց ՀՅԴ Բիւրոն եւ մեր կուսակցութիւնը հրապարակ չիջաւ քիչ մը աւելի կանուխ. օրինակ՝ խորհրդարանական ընտրութիւններու նախօրեակին։
Պահի ընտրութիւնը, ըսինք արդէն, կապ ունի հայրենի մեր ժողովուրդին եւ մեր իսկ շարքերուն կողմէ արտայայտուած միահամուռ պահանջներուն հետ։ Կրնայինք անշուշտ աւելի կանուխ ալ շարժած ըլլալ։ Բայց Հայաստանի վերջին ամիսներու կացութիւնն ու իրադարձութիւնները, ուժերու փոխադարձ մեղադրանքները, ներքին լարուածութիւնները եւ յատկապէս ընտրութիւններու երբեմն խոհանոցային եւ ոչ միշտ պարկեշտ մանրամասնութիւնները, որոնց հետեւած ենք օրը-օրին, ՀՅԴ Բիւրոն մղեցին ժամանակաւորապէս կազմակերպութիւնը դուրս պահելու այդ բոլորէն, Դաշնակցութեան անուան եւ հեղինակութեան անկեղծ պահպանման նախանձախնդրութեամբ։ Եւ մենք համոզուած ենք, որ ընտրած եղանք ճիշդ ժամանակը։ Շահագրգրուած չէինք այս հանգրուանին երկրի ղեկավարութեան ձեռքբերման համար մղուած ընտրապայքարին մասնակցելու գաղափարով, թէեւ, ի՛նչ խօսք, որ ժամանակի ընթացքին, մեր ճիգերուն եւ աշխատանքներուն առընթեր, կրնանք մեր մասնակցութեան կշիռ ունեցող բաժինը բերել այդ ղեկավարութեան՝ խորհրդարանի թէ կառավարութեան ճամբով։ Բայց այդ արդէն ապագայի հարց է եւ մաս չի կազմեր մեր անմիջական մտահոգութիւններուն։
Ամիսներէ ի վեր Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունէին Դաշնակցութեան անունով խօսող կազմակերպութիւններ եւ խմբակներ, որոնց վաւերական չըլլալն ու մեր կուսակցութեան հետ որեւէ կապ չունենալը յայտարարած էր ՀՅԴ Բիւրոն՝ մարտ 30-ի իր յայտարարութեամբ։ Հիմա որ ՀՅ Դաշնակցութեան պաշտօնական գոյութիւնը բացայայտուած է երկրին մէջ, ի՞նչ կը կարծէք, որ պէտք է ըլլայ եւ պիտի ըլլայ այդ խմբակներուն վիճակը։
Այդ այսպէս կոչուած «ինքնակոչ» համախմբումներէն հինգ տարբեր խմբակներու ներկայացուցիչները ներկայացան մեզի։ Բոլորին ալ ըսուեցաւ միեւնոյնը, վճռական կերպով, որ իրենք պէտք է անյապաղ լուծուած յայտարարեն իրենց «կազմակերպութիւն»ները եւ անհատապէս դիմում ներկայացնեն մեր պաշտօնական շարքերուն՝ մաս կազմելու համար ՀՅ Դաշնակցութեան, անշուշտ յետ մանրակրկիտ քննութեան՝ ընդունման պարագային։ Բոլորն ալ կարծէք թէ հասկացողութեամբ ընկալեցին մեր վճիռն ու թելադրանքը։ Մեր տպաւորութեամբ, այդ «ինքնակոչ»ներուն մէջ կան շատ ազնիւ մարդիկ՝ օժտուած դաշնակցական իրա՛ւ ապրումներով, բայց անկասկած՝ ո՛չ կազմակերպական փորձառութեամբ. ջերմապէս կը մաղթենք, որ նմանները փրկուին եւ, կանոնագիրի լրիւ յարգումով, մաս կազմեն Երկրի շարքերուն։ Իսկ անուղղաներ եւ մեծամիտներ եթէ ըլլան, որոնք չուզեն անսալ մեր որոշակի թելադրանքներուն, իրենց գիտնալիքն է։ Բոլոր պարագաներուն, ոչ մէկ «ինքնակոչ» խմբակ այսուհետեւ կրնայ գոյութիւն ունենալ կամ գործել Դաշնակցութեան անունով։
Պաշտօնական ի՞նչ շփումներ եւ խօսակցութիւններ ունեցաք պետական հին ու նոր ղեկավարներու հետ։ Ի՞նչ էին ձեր տպաւորութիւնները։
Մենք առաջին հերթին պաշտօնական այցելութիւն տուինք օրուան վարչապետ Վ. Մարգարեանցին, որ մեզ ընդունեց շատ սիրալիր, եւ որուն հետ ունեցանք մօտ մէկ ժամ տեւած խօսակցութիւն՝ քիչ մը ամէն բանի, բայց յատկապէս տնտեսագէտներու մեր յանձնախումբին պատրաստած եւ Հայաստանի տնտեսական-ընկերային վերելքին սատարելու կոչուած մեր ծրագրին մասին, որուն նկատմամբ բարձր գնահատանք ունի Վ. Մարգարեանց։ Քիչ մը բոլոր կողմերէն պնդումներ եղան, որ անպայման ելոյթ ունենանք Երեւանի հեռատեսիլէն ու ձայնասփիւռէն, բայց մենք մերժեցինք այդ փափաքին ընթացք տալ՝ նման ելոյթներ կանխահաս նկատելով։ Ժամանակն ալ կարճ էր արդէն, եւ մենք ունէինք այլ՝ մեզի համար աւելի կարեւոր զբաղումներ։ Անկախ անկէ, որ Գերագոյն խորհուրդի նախագահութենէն հրաւէր ունէինք՝ ներկայ ըլլալու խորհրդարանի նիստերուն, մենք յարմար նկատեցինք այցելել խորհրդարան եւ շնորհաւորել նորընտիր նախագահին եւ անոր տեղակալներուն ընտրութիւնը։ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի, Բաբգէն Արաքցեանի եւ Գագիկ Յարութիւնեանի ընդունելութիւնը եղաւ շատ սիրալիր եւ մեր խօսակցութիւնները իրենց հետ, որոնց միացաւ նաեւ վարչապետութեան օրուան թեկնածու (ներկայի ընտրեալ վարչապետ) Վազգէն Մանուկեան, փոխադարձաբար անկեղծ ու ջերմ։ Մենք յայտնեցինք, որ մեր բոլոր կարելիութիւններով պատրաստ ենք օժանդակելու Հայաստանին եւ անոր ներկայ իշխանութեան, ինչպէս ըրած ենք ցարդ զանազան կառավարութիւններու օրով՝ անկախ մեր գաղափարախօսական տարբերութիւններէն եւ հակադրութիւններէն։ «Մենք տարբեր կեցուածք չէինք սպասեր ՀՅ Դաշնակցութենէն», յայտնեց խորհրդարանի նորընտիր նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան։ Ամբողջ տեսակցութիւնը փաստօրէն խարսխուեցաւ Հայաստանին մեր բերելիք օժանդակութեան եւ փոխադարձ գործակցութեան նիւթին վրայ։ Հայաստանի նոր վարիչներուն առաջարկով մենք խոստացանք նոր խորհրդակցութիւններու համար վերստին Հայաստան ղրկել տնտեսագէտ-մասնագէտներու մեր մարմինը։ Յստակօրէն ըսինք նաեւ, ի հարկէ, որ եթէ մեր տեսակէտով շեղումներ կատարուին կամ սխալներ գործուին Հայաստանի նոր վարիչներուն կողմէ, մենք հայրենի թէ արտասահմանեան մեր մամուլով պիտի քննադատենք զիրենք, ինչ որ մեր խօսակիցները գտան շատ տրամաբանական ու բնական՝ ժողովրդավարական ըմբռնումներու աստիճանական շեշտումի այս ժամանակաշրջանին։ Հանդիպման ընթացքին մենք անդրադարձանք նաեւ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի խորհրդարանի բեմէն կատարած այն յայտարարութեան, ըստ որուն՝ Հայաստանի մէջ պաշտօնապէս գործելու կոչուած կուսակցութիւնները անհրաժեշտաբար իրենց կեդրոնները պէտք է փոխադրեն Հայաստան, այլապէս ընդունելի չեն։ Բացատրեցինք, որ իր հարիւրամեայ գործունէութեան ընթացքին ՀՅ Դաշնակցութիւնը ունեցած է կազմակերպական ապակեդրոնացման հիման վրայ գործող Բիւրոներ (երկու, երբեմն՝ երեք Բիւրօ), պատասխանատու մարմիններ (Բարձրաւանդակի, Պոլսոյ, Կիլիկիոյ, Ցուցական եւ այլն) եւ բազմաթիւ կեդրոնական կոմիտէներ, իւրաքանչիւրը՝ տէրը իր շրջանին կամ ստանձնած առաքելութեան, ու վերջին տասնամեակներուն նաեւ գրասենեակներ (Պէյրութ, Աթէնք, Ուաշինկթըն եւ այլուր), բայց որ՝ մէկ կեդրոնի գաղափարը միշտ խորթ եղած է մեզի։ Այն տարբեր, որ, իբրեւ հայ պետութեան մայրաքաղաքին մէջ գործող հաստատութիւն, Երեւանի մեր կեդրոնական գրասենեակը կոչուած է առանձին դիրք եւ նշանակութիւն ունենալու, եւ որ մեզմէ շատ շատեր պիտի ուզեն վերջնական բնակութիւն հաստատել Հայաստան, երբ յատկապէս ճանչցուի բոլոր հայերու հայաստանեան քաղաքացիութեան իրաւունքը։ Մեր խօսակիցները հասկացողութիւն յայտնաբերեցին այս մարզին մէջ եւս՝ շեշտելով մանաւանդ, որ ճիշդ պիտի չըլլար լրիւ կտրուիլ արտասահմանէն, որ պէտք է մնայ մեր բոլորին հոգածութեան առարկան՝ իբրեւ Հայաստանին ուժ ու զօրակցութիւն հայթայթող միջավայր։ Կարճ խօսքով, աւելի քան մէկ ժամ տեւած մեր տեսակցութիւնը Հայաստանի քաղաքական նոր վարիչներուն հետ, եղաւ բան մը աւելի, քան՝ սոսկական փրոթոգոլային այցելութիւն մը։ Առիթ մը եւս՝ փոխադարձ հասկացողութեան, հիմնական կարգ մը հարցերու մէջ (որոնց նաեւ անդրադարձանք) մեր տեսակէտներու տարբերութիւնը պահելով հանդերձ, եւ փոխադարձ գործակցութեան խոստումի։ Մեր տեսակէտով՝ այս բոլորը եղան շինիչ։
Իսկ ինչի՞ մէջ կը կայանան կամ կրնան կայանալ հիմնական տարակարծութիւնները մեր եւ Համազգային շարժման միջեւ, որուն ղեկավարները ներկայիս պատասխանատու դերեր են ստանձնած հայրենի պետութեան մէջ։
Այդ արդէն ծանօթ է բոլորին. եւ մեր մամուլը բազմիցս անդրադարձած է մեր տարակարծութեանց։ Մեր կարծիքով, հիմնական սխալ է, եւ՝ հայութեան խորագոյն զգացումներուն անյարիր, ՀՀՇ-ին մաս կազմող կարգ մը ծայրայեղականներու ամբողջական շրջադարձը՝ թրքատեացութենէ ռուսատեացութիւն, ինչպէս նաեւ՝ արուեստական ճիգը, ինչ-որ «դիւանագիտական կեցուածք»ներու փնտռտուքով, փանթուրքիզմը պատմութեան անցած ներկայացնելու եւ ազերիներուն ու թուրքերուն հետ առանձին համաձայնութիւններ կայացնելու կարելիութիւններ փնտռելու։ Ոչ ոք իրաւունք ունի հայրենասիրութեան եւ իրապաշտ քաղաքականութեան դասեր տալու մեր կուսակցութեան, որ ազգային ազատագրական կռուին զոհաբերած է հազարաւորներ իր ընտրելագոյն զաւակներէն։ Բայց ըսած ենք եւ կը կրկնենք, մենք՝ այսօր Երեւանի Կառավարութեան տան գլխաւոր մուտքը զարդարող «Միացեալ, Ազատ ու Անկախ Հայաստան»ի տարազին ու գաղափարին ստեղծիչներս եւ սպասարկուներս, որ ճիշդ չենք գտներ, Հայաստանի այս քաղաքականապէս ու տնտեսապէս շատ տկար վիճակին մէջ Խորհրդային Միութենէն անմիջական եւ ամբողջական անջատումը նկատել մեր փրկութեան միակ ուղին։ Այդ կրնայ, ներկայի պայմաններուն մէջ, ճակատագրական սխալ ըլլալ մեր հայրենիքին, անոր ժողովուրդին ու պետականութեան համար։ Ինչպէս ըսած ենք մեր յայտարարագիրին մէջ իսկ, «Հայաստանի ինքնիշխան իրավիճակի իրագործումից մինչեւ Միացեալ, Ազատ եւ Անկախ Հայաստանի կերտումը, մեր պայքարը երկարաշունչ է եւ դժուարին։ Պիտի տոկա՛լ, պիտի պայքարե՛լ եւ հանգրուանային նուաճումներով հասնել մեր ազգային տեսլականի իրագործմանը»։ Բոլորս միասին, եւ միացեալ ուժերով։ Հաճելի եղաւ մեզի համար հաստատել, որ Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդին եւ ժողովուրդին մեծամասնութիւնը կը բաժնէ ռէալիոլիթիքի մեր այս հասկացողութիւնը։ Կամայ թէ ակամայ, այդպէս կը թուին գործել ներկայիս նաե՛ւ Հայաստանի ճակատագիրը իրենց ուսերուն վերցուցած ՀՀՇ-ի գլխաւոր ղեկավարները։ Անկեղծօրէն կը մաղթենք, որ Հայաստանի աստիճանական անկախացման այս եղելոյթին մէջ անոնք կարենան յաջողութեամբ վարել մեր հայրենիքին քաղաքական, տնտեսական ու ընկերային ղեկը։ Մենք վերահաստատած ենք մեր յանձնառութիւնը՝ ծառայելու մեր հայրենիքին վերելքին, եւ անգամ մը եւս մէջբերելով մեր յայտարարագիրը.
«Յանձնառութեան եւ նուիրումի այս ճանապարհին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը գիտակցօրէն ստանձնում է իրեն վիճակուած առաքելութիւնը»։
1 Սեպ. 1990
«« վերադարձ ««



