Share
Ապրիլ 08, 2010 Տպագրում

«ԱԶԴԱԿ»Ի ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԻ ԳԼԽԱՒՈՐ ԱՒԱՆԴԱՊԱՀ ԳԷՈՐԳ ՏԷՐ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆԻ ՀԵՏ

«ԱԶԴԱԿ»Ի ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԻ ԳԼԽԱՒՈՐ ԱՒԱՆԴԱՊԱՀ ԳԷՈՐԳ ՏԷՐ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆԻ ՀԵՏ

Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան կազմակերպած Հայաստանի մատենադարանի ձեռագիրներու ցուցահանդէսին առիթով Լիբանան կը գտնուած է Հայաստանի մատենադարանի գլխաւոր աւանդապահ Գէորգ Տէր Վարդանեան։ «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ Տէր Վարդանեանի հետ՝ ընդհանուր տեղեկութիւններ ստանալու համար Մատենադարանի գործունէութեան մասին։

«ԱԶԴԱԿ».- Այսօրուան պայմաններուն մէջ ինչպէ՞ս կ'արժեւորէք Հայաստանի մատենադարանը։
Գ. Տ. Վ.- Հայկական ձեռագիրներու կեդրոններու շարքին Հայաստանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանը թուային առումով ամէնէն շատ ձեռագիրներ ունեցող կեդրոնն է։ 15,200 ձեռագիրներուն մէջ 2225-ը օտար լեզուներով են, որոնք նոյնպէս մեծ արժէք կը ներկայացնեն։ Կառոյցը կը միտի պահպանել, ուսումնասիրել, ցուցադրել եւ հրատարակել ձեռագիրները, որպէսզի այս հարստութիւնը դառնայ ուսումնասիրողներուն եւ ժողովուրդի լայն խաւերուն սեփականութիւնը։ Մատենադարանը նաեւ ունի յատուկ բաժին մը մանրանկարչութեան ուսումնասիրութեան, որուն իբրեւ արդիւնք մեծ կամ փոքր ծաւալի պատկերագիրքեր կը հրատարակուին։ Մատենադարանին մէջ կը կատարենք ձեռագիրներու անհրաժեշտ նորոգութիւն, վերականգնում, ամրացում՝ համապատասխան սարքաւորումներու ու մասնագէտներու հսկողութեամբ։

Հետազօտական աշխատանքները անհատական բնո՞յթ կը կրեն, թէ՞ Մատենադարանը ինք կը հովանաւորէ այդ աշխատանքները։
Մատենադարանի աշխատակազմին հիմնական անդամները գիտաշխատողներ են, որոնք, ըստ խնդիրներու, խումբերու ընդմէջէն կը կատարեն համապատասխան ուսումնասիրութիւններ։ Այսօր մեր ձեռագիրներու կատարեալ նկարագրութեան ամբողջական ցուցակ գոյութիւն չունի, եւ հիմա Մատենադարանի հիմնական առաջին խնդիրը ձեռագիրներու մանրամասն նկարագրութիւններու հատորներու հրատարակութիւնն է, զոր նոյնինքն կը կոչենք Մեսրոպեան մատենադարանի մայր ցուցակ։ Կ'ենթադրեմ, որ այդ աշխատանքին իբրեւ արդիւնք ապագային կարելի է կազմել 50 հատորէ բաղկացած շարք մը։ Այս աշխատանքը կ'իրականացնէ քսան անդամներէ բաղկացած խմբակ մը։ Մենք արդէն հինգ հատոր հրատարակած ենք. անոնց մէջ կան 1500 ձեռագիր։

Կա՞ն յատուկ նիւթեր, որոնք կ'ուսումնասիրուին, թէ պարզապէս ընդհանուր առումով նիւթերը կը քննարկուին։
Նախ ընդհանուրին մէջ կ'ուսումնասիրուին ձեռագիրները, ապա այդ ձեռագիրներէն կ'ընտրուին հիմնական նիւթեր, որոնք հետազօտութեան առարկայ կը դառնան եւ որոնք կապ ունին եկեղեցագիտական, պատմաբանական, գիտութեան, աստղաբաշխութեան, տոմարագիտութեան եւ այլ հարցերու հետ։ Իսկ արխիւային բաժինին մէջ ունինք 100 հազարէ աւելի փաստաթուղթեր, որոնք 15-րդ դարէն 20-րդ դարու արխիւներն են, եւ այդ փաստաթուղթերէն ոմանք նոյնիսկ ձեռագիրէ մը աւելի արժէք կը ներկայացնեն։ Հիմա Մատենադարանի աշխատակիցները կը պատրաստեն 10-րդ դարու պատմիչներու գործերուն հատորը։

Հիմնական ի՞նչ դժուարութիւններ ունիք։
Ա՛յն դժուարութիւնները, որոնք գոյութիւն ունին երկրին մէջ, նոյնն ալ մենք ունինք։ Վստահաբար նիւթական հարց կայ։

Մարդուժի հարց ալ կա՞յ։
Այո՛, բայց այդ մէկն ալ նիւթականէն կախեալ է։ Եթէ նորաւարտ ոեւէ երիտասարդ բաւարար վարձատրութիւն չստանայ, ապա այստեղ բնականաբար աշխատանքի չի գար։ Կը փորձենք միջոցներ գտնել՝ յաղթահարելու համար դժուարութիւնները։ Վերջին մէկ տարուան մէջ յառաջընթաց կայ եւ յարաբերաբար աւելի լաւ է վարձատրութիւնը։ Այս պատճառով կրցած ենք քանի մը երիտասարդ մասնագէտներ հաւաքել մեր շուրջ։ Վստահ ենք, որ այս քսան երիտասարդները ապագային պիտի ունենան մեծ ներդրում այս ճիւղին մէջ։

Ձեռագիրները հաւաքագրելու աշխատանքը ի՞նչ ընթացքի մէջ է։
Միշտ ալ այս գործը գոյութիւն ունեցած է։ 20-րդ դարու երկրորդ կիսուն, մեր ձեռագիրներու համալրման հիմնական աղբիւրը հայկական սփիւռքն էր։ Այն ընտանիքները, որոնք Եղեռնէն փրկուած էին եւ իրենց հետ փրկած էին իրենց ընտանեկան կամ սեփական գիւղի մասունքները, այդ հարստութիւններուն մեծ մասը նուիրեցին Մատենադարանին կամ Մայր աթոռին, որպէսզի աւելի ապահով տեսնեն իրենց մասունքները։ Համալրման աշխատանքները միշտ ալ կան։ Տարի մը չէ եղած, որ Մատենադարանը նոր ձեռագիր չէ ստացած։ Այս շրջագիծին մէջ, վերջին տարիներուն քաղաքական իրադարձութիւնները որոշ մարդոց մօտ մտահոգութիւն յառաջացուցին ձեռագիրներուն պահպանութեան հարցին գծով։ Մենք ձեռագիրները կը պահենք միեւնոյն ջերմաստիճանի եւ խոնաւութեան պայմաններուն մէջ։ Ամէնէն վատ պայմաններուն մէջ ալ Մատենադարանը պահպանած է ապահովութեան համար ճշդուած աստիճանները։

Ցուցահանդէսին մասին ի՞նչ ըսելիք ունիք։
Ցուցահանդէս կազմակերպելը մեր գործունէութեան հիմնական մէկ բաժինն է։ Վստահաբար լիբանանահայերէն շատեր այցելած են Մատենադարան եւ այս ցուցահանդէսին հիմնական նպատակն էր լիբանանցիներուն ներկայացնել ձեռագիրները, թէկուզ փոքր քանակով, սակայն ամէնէն բնորոշ նմուշները ներկայացնելով։ Այսպիսի ճամբորդութիւններով նաեւ մենք կը կատարենք աշխարհի բոլոր ձեռագիրներու հաշուարկման աշխատանքը։ Վերջապէս յայտնեմ, որ «Ազդակ» շատ օգտակար լրագիր մըն է, որ ունի ազգային հետաքրքրութիւն ու դիմագիծ։ Կ'ենթադրեմ, որ Հայաստանի մէջ «Ազդակ» բաւական ընթերցողներ ունի։ Նաեւ լաւ է, որ «Ազդակ» տեղ կու տայ բոլորին ու ունի համազգային բնոյթ։

Հարցազրոյցը վարեց՝
ՐԱՖՖԻ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ

«« վերադարձ ««
Powered by Webnaz Pagemaker