Share
Ապրիլ 23, 2010 Տպագրում

«ՀՈՐԻԶՈՆ»Ի ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ԱՆԴԱՄ ՅԱԿՈԲ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ՀԵՏ

«ՀՈՐԻԶՈՆ»Ի ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ԱՆԴԱՄ ՅԱԿՈԲ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ՀԵՏ

«Կ'ակնկալենք, որ Հայաստանի նախագահը շարունակէ տեղի չտալ ճնշումներուն՝ հեռու մնալով մեր ազգային շահերուն հակասող զիջումներ կատարելու փորձութենէն»

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Հայաստանի նախագահի Ուաշինկթըն այցելութիւնը եւ ելոյթը Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի շիրիմին մօտ աննախընթաց հետաքրքրութիւն ստեղծեց: Ի՞նչ է ձեր կարծիքը այս առնչութեամբ:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ապրիլ 12-ին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Օպամայի հրաւէրով, Հիւլէական անվտանգութեան միջազգային վեհաժողովին համար Ուաշինկթըն կը գտնուէր Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան: Հայաստանի նախագահը, անցնող մէկ ամսուան ընթացքին հայ-թրքական յարաբերութիւններու գծով կատարած իր յայտարարութիւններով դրական մթնոլորտ ստեղծած էր առհասարակ, մանաւանդ երբ բաղդատենք անմիջական անցեալին Հայաստանի իշխանութիւններու տարբեր ներկայացուցիչներու խուսափողական եւ անորոշ յայտարարութիւններուն՝ Թուրքիոյ քարոզարշաւին եւ իւրայատուկ մեկնաբանութիւններուն առնչութեամբ: Ողջունելի էր նախագահին այցելութիւնը Ուիլսընի շիրիմին եւ այնտեղ ունեցած իր ելոյթը. սակայն չենք կրնար բաժնել իր խօսքի այն կէտը, որ կ'ըսէր, թէ հայ-թրքական արձանագրութիւններու գործընթացը չի խոչընդոտեր Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման: Փաստեր առկայ են, որ վերջին մէկուկէս տարուան ընթացքին եւ յատկապէս արեւմտեան պետութիւններու քաղաքական բեմին վրայ նոյնիսկ մեզի բարեկամ քաղաքական դէմքեր յորդոր կարդացին Ցեղասպանութիւնը օրակարգի վրայ չբերելու, որպէսզի հայ-թրքական յարաբերութիւններու գործընթացը չխոչընդոտուի:

Կ'անդրադառնանք անշուշտ, որ նախագահ Օպամա, ապրիլ 24-ի նախօրէին, Ուաշինկթընի մէջ իր անջատ հանդիպումներով Հայաստանի նախագահին եւ Թուրքիոյ վարչապետին հետ, պիտի փորձէր վերակենդանացնել արձանագրութիւններու գործընթացը՝ նոր զիջումներ պահանջելով եւ այս բոլորը իբրեւ պատրուակ օգտագործելով, պիտի խուսափէր Հայոց Մեծ եղեռնը Ցեղասպանութիւն որակելու իր խոստումէն:

Յառաջիկայ օրերը ցոյց կու տան, թէ այս երկօրեայ տեսակցութիւններն ու ժողովները ի՛նչ հետեւանք կ'ունենան Ցեղասպանութեան ճանաչման առնչութեամբ:

Ուրախ ենք, որ Հայաստանի նախագահը սկսած է անդրադառնալ եւ այսօր կը դատապարտէ Թուրքիոյ ծրագրուած ճիգերը՝ պառակտելու հայրենիքն ու սփիւռքը, եւ կը մերժէ, որ Թուրքիան նախապայմաններով խօսի Հայաստանի եւ հայութեան հետ:

Սարգսեան-Էրտողան հանդիպման ծալքերը ընդհանրապէս չբացայայտուեցան Ուաշինկթըն ժամանած հայ, թուրք եւ օտար լրագրողներուն: Իսկ նախագահներ Օպամա-Սարգսեան հանդիպման մասին հրապարակուած է միայն Սպիտակ տան մամլոյ հաղորդագրութիւնը: Ինչպէ՞ս կ'արժեւորէք այս հանդիպումներուն արդիւնքները:

Մեր տեղեկութիւններով, վարչապետ Էրտողանի հետ հանդիպումը նոր յառաջընթաց չէ արձանագրած: Թուրք ներկայացուցիչները կառչած մնացած են հայ-թուրք յարաբերութիւնները Արցախի տագնապի լուծման առնչելու քաղաքականութեան, իսկ հայկական կողմը մերժած է այդ նախապայմանը. ներկայ իրավիճակով դժուար թէ Թուրքիոյ խորհրդարանը վաւերացնէ արձանագրութիւնները:

Իսկ Օպամա-Սարգսեան հանդիպումներուն, Միացեալ Նահանգներու նախագահը Հայաստանի դիրքորոշումներուն հասկացողութեամբ մօտեցած է, սակայն փափաք յայտնած է, որ արձանագրութիւններու վաւերացումը հետապնդուի եւ արցախեան բանակցութիւնները դրական յառաջընթաց ունենան:

Կասկած չունինք, որ Հայաստանի վրայ ի գործ դրուած ճնշումները պիտի շարունակուին, որպէսզի նոր զիջումներ խլուին թէ՛ հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման, թէ՛ ալ Արցախի հիմնահարցի լուծման մարզերուն մէջ: Կ'ակնկալենք, որ Հայաստանի նախագահը շարունակէ տեղի չտալ այդ ճնշումներուն՝ հեռու մնալով մեր ազգային շահերուն հակասող զիջումներ կատարելու փորձութենէն:

Թուրքիա իր ղեկավարներուն միջոցով կը շարունակէ Հայաստանի եւ հայութեան նկատմամբ իր սպառնական դիրքորոշումը: Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Անգարայի այս մօտեցման հետեւանքները:

Հակառակ անոր որ Թուրքիոյ նախագահին եւ վարչապետին ճարտար քաղաքականութիւնը թրքանպաստ մթնոլորտ ստեղծած էր արեւմտեան պետութիւններուն մօտ, վերջին ամիսներուն թուրք պատասխանատուներու յայտարարութիւններն ու կեցուածքները կասեցուցած են անոնց քարոզարշաւի թափը եւ այն տպաւորութիւնը, որ այսօրուան Թուրքիան այնքան ալ տարբեր չէ նախկինէն:

Յարմարագոյն առիթն է հիմա, որ Հայաստան կարծր պահէ իր կեցուածքը եւ բոլորին ուշադրութիւնը հրաւիրէ Թուրքիոյ անզիջող պահուածքներուն եւ շարունակական պահանջներուն անընդունելիութեան վրայ:

Հարցազրոյցը վարեց՝
ՎԱՀԱԳՆ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ

«« վերադարձ ««
Powered by Webnaz Pagemaker