Share
Մայիս 20, 2010 Տպագրում

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ` ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ԹԱԳՈՒՀԻԻ ԽՈՐՀՐԴԱԿԱՆ ՃԵՖՐԻ ՌՈՊԸՐԹՍԸՆԻ ՀԵՏ

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ` ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ԹԱԳՈՒՀԻԻ ԽՈՐՀՐԴԱԿԱՆ ՃԵՖՐԻ ՌՈՊԸՐԹՍԸՆԻ ՀԵՏ

Անգլիոյ թագուհիի Խորհրդական ՃեՖրի Ռոպըրթսըն հիմնադիրը եւ նախագահն է «Տոթի սթրիթ չէյմպըրզ» իրաւաբանական հիմնարկին։ Ան գործած է մեծաթիւ երկիրներու մէջ իբրեւ փաստաբան՝ սահմանադրական, քրէական եւ միջազգային օրէնքի մարզերու մեծ դատերու մէջ ինչպէս նաեւ ծառայած է իբրեւ առաջին նախագահ՝ ՄԱԿ-ի Պատերազմի ոճիրի ատեանի՝ Սիեռա Լիոնի մէջ, ուր ան հեղինակը եղած է միջազգային ոճրային օրէնքի զարգացման մէջ քաղաքական յանցապարտներու ընդհանուր ներման, սահմաններու, մանուկ զինուորներ հաւաքագրելու եւ այլ ճակատագրական հարցերու մէջ տրուած անկիւնադարձային որոշումներու։

Ներկայիս ան կը պաշտօնավարէ իբրեւ լիաժամ դատաւոր ինչպէս նաեւ այցելու դասախօս՝ մարդկային իրաւանց օրէնքի «Քուին Մէյրի քոլեճ»ի մէջ։ 2008-ին ան ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին կողմէ նշանակուեցաւ իբրեւ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան խորհուրդի երեք արտակարգ օրէնսգէտներէն մէկը։

Ան ստորագրած է գիրքեր, ինչպէս՝ «Մարդկութեան դէմ ոճիրներ. Համաշխարհային արդարութեան պայքարը», «Արդարութեան խաղը (յուշագրութիւն)» եւ «Բռնատիրասպանութեան թղթածրարը»՝ մրցանակակիր ուսումնասիրութիւն մը՝ Չարլզ Ա.-ի դատավարութեան մասին։

ՃեՖրի Ռոպըրթսըն նաեւ ստորագրած է Տեսակէտ մը «Արդեօք Հայոց ցեղասպանութիւն տեղի ունեցա՞ծ է» վերնագիրով (9 հոկտեմբեր 2009) տեսակէտի մը։

«ԱԶԴԱԿ».- Ինչպէ՞ս կը սահմանէք այդ Տեսակէտին կարեւորութիւնը բրիտանական քաղաքականութեան մէջ, յատկապէս՝ խորհրդարանին, ինչպէս նաեւ՝ միջազգային խնդիրներու եւ ցեղասպանութեան վերաբերեալ հարցերու մէջ Մեծն բրիտանիոյ բարոյական մասնակցութեան առումով։

ՃԵՖՐԻ ՌԱՊԸՐԹՍԸՆ.- Կը յուսամ, որ այդ տեղեկագիրը կարեւորութիւն պիտի ստանայ։ Անիկա արդէն իսկ ազդեցութիւն ունեցած է Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ տեղի ունեցած քուէարկութեան վրայ, եւ գիտեմ, որ անիկա պատճառ դարձած է, որ խորհրդարանի անդամներ համոզուին, թէ արդէն ժամանակն է, որ Բրիտանիա ճշմարտութիւնը խօսի եւ ընդունի Ցեղասպանութիւնը՝ փոխանակ շարունակելու ձեւացնել, թէ բաւարար փաստ չկայ զայն հաստատելու։ Անշուշտ արտաքին գործոց նախարարութիւնը մտահոգ է թուրքերը նեղացնելով, հակառակ անոր որ առանձնապէս կ'ընդունին, թէ անոնք հոգեբանականօրէն անհաւասարակշիռ են իրենց շարունակական ուրացումներուն մէջ։ Բայց ես միշտ համոզուած եմ, որ առեւտրական վրէժխնդրութեան վերաբերեալ վախերը չափազանցուած են. օրինական պատմութեան դատավարութիւնը արդէն իսկ կատարուած է եւ անիկա պարզապէս պէտք է ճանչցուի։

Տրուած ըլլալով, որ պատմական իրականութիւնը հաստատուած է, եթէ բաղդատելու ըլլայիք այդ տեղեկագիրին օրինական եւ քաղաքական կարեւորութիւնները, ո'րը, ըստ ձեզի, աւելի կարեւոր եւ կենսական է անոր ճանաչման համար։

Դիւանագէտներ միշտ պիտի ըսեն, թէ պատշաճութիւնը եւ րէալ փոլիթիքը աւելի կարեւոր նկատառումներ են, քան՝ արդարութիւնն ու օրինականութիւնը։ Ես համաձայն չեմ ատոր. ասիկա լաւ օրինակ մըն է, թէ ինչպէ'ս դիւանագիտութիւնը կրնայ վերածուիլ բարոյապէս շեղած ասպարէզի մը։ Ցեղասպանութիւնը կը պահանջէ օրինական որոշում մը՝ համաձայնուած պատմական իրականութիւններու։ Ուստի օրէնքը աւելի կարեւոր է, քան՝ քաղաքականութիւնը, երբ հարցը կը վերաբերի իրադարձութեան մը ցեղասպանական ըլլալը որոշելուն։ Առաւել, պատմաբաններ չեն հասկնար օրինական զանազանութիւնները, ինչպէս նաեւ անոնցմէ ոմանք կը վճարուին Թուրքիոյ կողմէ՝ մեծապէս ազդուելով այդ իրականութենէն։

Ի՞նչ պիտի ըլլայ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Մեծն Բրիտանիոյ խորհրդարանին հակազդեցութիւնը այդ տեղեկագիրին ուրացման պարագային։

Ուրախ եմ ըսելու, թէ նախկին կառավարութիւնը փոխեց իր ոճը եւ չշարունակեց այն սխալ եւ սխալ ուղղութեամբ առաջնորդող յայտարարութիւնները, որոնք կը հրապարակուէին վերջին տասնհինգ տարիներուն։ Անոնք հրաժարեցան այն ձեւակերպութենէն, թէ բաւարար փաստ չկայ, եւ թէ իրենք չեն ուզեր միջամուխ ըլլալ պատմաբաններու միջեւ գոյութիւն ունեցող վէճերուն։ Այդ երկու մօտեցումներն ալ խստօրէն քննադատուած են իմ տեղեկագիրիս մէջ։ Այժմ անոնք կ'ըսեն, թէ չեն ուզեր վճիռ արձակել, տրուած ըլլալով, որ այդ դէպքերը տեղի ունեցան 1915-ին եւ չկայ ատեանի որոշում մը՝ անոնց վերաբերեալ։ Ասիկա աւելի խղճալի յայտարարութիւն մըն է՝ չհաստատելու համար բացայայտ բանը, բայց առնուազն իր մէջ չունի նախկին յայտարարութիւններուն խաբկանքի մակարդակը։ Անոնք չեն ուրացած իմ Տեղեկագիրս, բայց նշած են, թէ ես դատաւորի պաշտօնին մէջ չէի, տեղեկագիրս երբ անիկա հրապարակեցի։ Ասիկա ճշմարիտ է, բայց անոնք չեն նշեր, որ ցարդ չկայ փաստաբան մը՝ ըլլայ դատաւոր, թագուհիի խորհրդական կամ ակադեմական, որ պատրաստուած է հակառակելու անոր։

Բրիտանական մամուլն ու մտաւորականութիւնը ինչպէ՞ս արձագանգեցին ձեր տեսակէտին։ 

 Բրիտանական մամուլը հրապարակած է Տեսակէտը եւ շարունակ վերագրումներ կ'ընէ անոր։ Բրիտանական ակադեմական շրջանակները եւս վերագրումներ կատարած են անոր, բայց տակաւին շատ կանուխ է, որ անոնք իրենց գրութիւններուն մէջ մէջբերումներ ընեն անկէ։ Դժբախտաբար համացանցի եւ գրքոյկի ձեւով տրամադրելի ըլլալով հանդերձ, Տեսակէտը չի ծախուիր գրախանութներու մէջ կամ՝ փոխ առնուիր գրադարաններէ։ Լաւ կ'ըլլար՝ եթէ կազմակերպութիւն մը յանձն առնէր անոր վերահրատարակութիւնը մեծ գիրերով (ներկայի օրինակին գիրերը այնքան մանր են, որ ինծի պէս տարեցներուն համար դժուար ընթեռնլի է), որպէսզի անոր տրուի աւելի մնայուն ուժ։

Բոլոր վերոնշեալները նկատի առնելով, ինչպէս նաեւ՝ միջազգային օրինական հարցերու մէջ ձեր մեծ համբաւը, ի՞նչ է ձեր ընդհանուր գնահատականը վերջնական արդիւնքին վերաբերեալ եւ կը կարծէ՞ք, որ անիկա պիտի դիւրացնէ Մեծն բրիտանիոյ մէջ Հայկական ցեղասպանութեան ճանաչումը։ 

 Կը յուսամ, որ անիկա առաջնորդէ Մեծն բրիտանիոյ եւ իսկապէս ամբողջ հասարակապետութեան մէջ Հայկական ցեղասպանութեան ճանաչման։ Կ'ուզեմ, որ անիկա հրատարակուի Աւստրալիոյ մէջ, օրինակի համար, ուր թուրք դիւանագէտներ կը փորձեն համոզել աւստրալիական իշխանութիւնները, որ անիկա տեղի չէ ունեցած։ Ես վերջերս օրինակներ ղրկեցի այնտեղի կարգ մը խորհրդարանականներու, որոնք հետաքրքրուած են հարցով։ Բայց դարձեալ կարիքը կայ նիւթական նեցուկի, որպէսզի ամբողջ հասարակապետութեան մէջ անիկա հրատարակուի, ինչպէս նաեւ թարգմանուի տարբեր եւ կարեւոր լեզուներու։ Անիկա պէտք է թարգմանուի չինարէնի, օրինակի համար, ռուսերէնի, ֆրանսերէնի եւ իտալերէնի։ Կարծեմ ներկայիս անիկա կը թարգմանուի հայերէնի։ 

Ի՞նչ խորհուրդ կու տաք Բրիտանիոյ հայկական համայնքին՝ այդ Տեսակէտը յառաջ տանելու վերաբերեալ։

Բրիտանահայ համայնքը կրնայ իրականացնել անոր ընդարձակ տարածումը։ Կրնան գործածել զայն, օրինակի համար, պնդելու համար, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը նշուի յառաջիկայ յունուարին, Ողջակիզման յիշատակի օրուան ընթացքին։ Այժմ մենք ունինք նոր կառավարութիւն մը եւ անոր անդամներէն ոմանք ընդդիմութեան շարքերուն մէջ եղած ատեննին մեծապէս գործունեայ եղած են Հայ դատը յառաջ տանելուն մէջ, եւ յուսանք, որ անոնք ճնշում կը բանեցնեն քաղաքականութեան փոփոխութեան համար։

«« վերադարձ ««
Powered by Webnaz Pagemaker