Ալեքսանդըր Տաունըր կը մաղթէ, որ նոր տարուայ բանակցութիւները յաջողութեամբ պսակուին
ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի յատուկ խորհրդական Ալեքսանտըր Տաունըր յայտնեց թէ յառաջիկայ Երկուշաբթի օրուայ երկու համայնքներու ղեկավարներուն միջեւ կայանալիք հանդիպումին, որոշում պիտի առնուի, թէ վերջապէս ու՞ր տեղի պիտի ունենան նոր տարուայ բանակցութիւնները։
ՏԻՍԻ կուսակցութեան նախագահ Նիկոս Անաստասիատիսի հետ հանդիպումէ մը ետք կատարած իր ելոյթով, եւ պատասխանելով հարցումի մը որ յղուեցաւ երկու ղեկավարներուն հանդիպումներուն համար իրենց բնակարաններուն մէջ, պարոն Տաունըր ըսաւ թէ վերջին օրերուն երկու կողմերուն միջեւ տեղի ունեցաւ գաղափարներու փոխանակում եւ թէ երկու ղեկավարները Երկուշաբթի օր կրկին առիթը պիտի ունենան զրուցելու այս հարցին շուրջ եւ յայտարարելու իրենց որոշումները։
Պատասխանելով հարցումի մը, թէ հաւանակա՞ն է ուղղակի բանակցութիւնները տեղի ունենան ՄԱԿ-ի յատուկ ներկայացուցիչի Նիկոսոիոյ օդակայանին մօտ գտնուող բնակարանին մէջ, պարոն Տաունըր ըսաւ թէ այս վայրն ալ այլընտրանք մըն է։
Ան ըսաւ նաեւ թէ Միացեալ Ազգերուն կողմէ գոյութիւն ունի բաղձանք, որ այսքան տարի ետք Յունուարի տեսակցութիւնները յաջողութեամբ պսակուին կիպրական հարցի լուծման համար։
Հարկ է, աւելցուց ան, որ քայլ մը առնուի ճիշդ ուղղութեամբ, եւ այս մէկը մեզի համար ամենակարեւոր կէտն է։
«« վերադարձ ««



