Պրիթանիոյ յայտարարութիւնը գործնական ոչ մէկ արդիւնք ունի, ըսաւ Կիպրիանու
Արտաքին գործոց նախարար Մարկոս Կիպրիանու յայտարարեց, թէ Եւրոպական Միութեան ընդարձակման գործընթացի ուժականութեան պահպանման անհրաժեշտութեան մասին Պրիթանիոյ առանձնակի յայտարարութիւնը գործնական ոչ մէկ արդիւնք կրնայ ունենալ։
Պրն. Կիպրիանու հարց տուաւ, թէ ի՞նչի կը ծառայէ այս յայտարարութիւնը, որուն մէջ կ'ողջունուի նաեւ բանակցային նոր գլուխներու բացումը Թուրքիոյ եւ Խրուաթիոյ հետ։ Նախարարին համաձայն, Թուրքիոյ հետ բանակցութիւնները անելի կը մօտենան եւ որոշ երկիրներ ներկայիս չեն ուզեր նման զարգացման առջեւ գտնուիլ։
Լոնտոնի յայտարարութեան մէջ անդամակցութեան թեկնածու երկիրներուն կոչ կ'ուղղուի նաեւ գործադրել իրենց ստանձնած պարտաւորութիւնները եւ իրար միջեւ երկ-կողմանի տարբերութիւններու արծարծումով չխոչընդոտել ընդարձակման գործընթացը, ի շահ Եւրոպական Միութեան։
Միւս կողմէ, Նիկոսիոյ մէջ Պրիթանիոյ Բարձր Յանձնակատար Փիթըր Միլէթ յայտնեց, թէ Լոնտոնի յայտարարութիւնը պարզապէս Եւրոպական Միութեան ընդարձակման կողմնակից ըլլալու վերահաստատում մըն է եւ ոչ մէկ կերպով կարելի է զայն հակա-կիպրական քայլ նկատել։




