Share
Դեկտեմբեր 27, 2009 Տպագրում

Բրիտանական յայտարարութիւնը կրնար զանց առնուիլ

Բրիտանական յայտարարութիւնը կրնար զանց առնուիլ

Թուրքիոյ անդամակցութեան գործընփացին վերաբերեալ Բրիտանական յայտարարութիւնը կրնար անշուշտ զանցուիլ, սակայն այդ կապակցութեամբ առաջացած աղմուկը արդարանալի չէ, յայտարարեց նախագահ Տիմիթրիս Խրիսթոֆիաս միեւնոյն ատեն նշելով, թէ բրիտանական յայտարարութիւնը կիպրականին դէմ «հակա-յայտարարութիւն» չէր, այլ Եւրոպական Միութեան շեջանակներէն դուրս կատարուած յայտարարութիւն մը։

Ազգհային Պահակագունդի պահակակէտերուն կատարած այցելութիւններուն առթիւ կատարած յայտարարութիւններով նախագահ Խրիսթոֆիաս ըսաւ նաեւ, թէ կիպրական հարցին նկատմամբ «Բրիտանիա շարունակ ոչ-դրական կեցուածք ցուցաբերած է» եւ կառավարութիւնը կը փորձէ չափաւորել հարցերը, որպէսզի Բրիտանիա առ նուազն առարկայական դիրքաւորում մը որդեգրէ. բան մը որուն համար կառավարութիւնը քննադատութեան թիրախ կը դառնայ։
Անշուշտ կարելի էր Եւրոպական Միութեան օրկաններու ծիրէն դուրս կատարուած այդ յայտարարութիւնը զանցել, եզրակացուց նախագահը։

«« վերադարձ ««
Powered by Webnaz Pagemaker