Նախագահ Խրիսթոֆիաս. «Կ'ուզենք խաղաղութեամբ ապրիլ կիպրաթուրքերուն հետ, առանց դուրսէն միջամտութեան»
«Կ'ընենք մեր կարելին, որպէսզի Փենտատաքթիլոյի վրայի դրօշը հեռանայ, Կիպրոսը վերամիանայ եւ կիպրաթուրք հայրենակիցներուն հետ դարձեալ շնչենք ազատութեան եւ բարեկամութեան օդը», յայտարարեց նախագահ Տիմիթրիս Խրիսթոֆիաս, իր խօսքը ուղղելով մարտական նուագախումբե-րուն, որոնք նախագահական պալատ գացած էին, կաղանդի մեղեդիներով Ս. Ծնունդը շնորհաւորելու նախագահական ամոլին։
Նախագահ Խրիսթոֆիաս Ոստիկանութեան, Ազգային Պահակագունդի եւ Յունական Բանակի նուագախումբերուն շնորհաւորելով Ս. Ծնունդն ու նոր տարին իր պատգամը ուղղեց իւրաքանչիւր կառոյցի անդամներուն։
Ոստիկանութեան ուղղելով իր խօսքը ան մաղթեց, որ ոստիկանութեան նոր ղեկավարութիւնը արժանանայ յարգանքի ու անհրաժեշտ կարգադրութիւն-ներով կարենայ ոստիկանութեան հանդէպ քաղաքացիներու վստահութիւնը վերահաստատել։
Ազգային Պահակագունդը կը վայելէ կառավարութեան զօրակցութիւնը եւ պիտի շարունակէ վայելել՝ այնքան ատեն, որ անոր գոյութեան կարիքը կը զգացուի, յայտարարեց նախագահ Խրիսթոֆիաս։ «Պէտք է հպարտ զգաք ձեր ծառայութեան համար։ Մեր նպատակը՝ խաղաղութիւն, վերամիացում եւ ապազինում։ Կ'ուզենք խաղաղութեամբ ապրիլ կիպրաթուրքերուն հետ, առանց դուրսէն որեւէ միջամտութեան», ըսաւ ան։
«« վերադարձ ««



