Share
Դեկտեմբեր 20, 2009 Տպագրում

Տնտեսութեան նախարարը կը քննադատէ ընդդիմութեան ապակառուցողական դիրքորոշումը

Տնտեսութեան նախարարը կը քննադատէ ընդդիմութեան ապակառուցողական դիրքորոշումը

Տնտեսութեան նախարար Խարիլաոս Ստավրակիս յաջորդ տասը օրերուն ընթացքին պիտի հրաւիրէ ժողով մը, Կիպրոսի տնտեսութեան նոր տուեալներու լոյսին տակ վերասահմանելու տնտեսական այլընտրանքները։ Ժողովին պիտի հրաւիրուին կուսակցութիւններու եւ պետական բաժանմունքներու ղեկավարութիւնները։

Պարոն Ստավրակիս որեւէ փորձ չկատարեց ծածկելու իր հիասթափութիւնը, ընդիմութեան վարած ապակառուցողական քաղաքականութեան համար։

Միւս կողմէ, ան գոհունակութիւն արտայայտեց պետական ամավարկի վաւերացման համար։

Ելոյթ ունենալով Ռատիօկայանի Երրորդ յայտագրէն, Պրն. Ստավրակիս ըսաւ թէ ներկայացուեցան զանազան առաջարկներ, որոնք պիտի ընդունուին տնտեսութեան նախարարութեան կողմէ։

Անդրադառնալով Խորհրդարանի նիստի ընթացքին դրսեւորուած դիրքերուն, Պրն. Ստավրակիս ըսաւ թէ կարգ մը երեսփոխաններ տպաւորութիւններ թողելու միտումով, խորամանկ կերպով ջանացին իրենց դիրքաւորումներով ապակողմնորոշել իսկական տնտեսութեան մասին կատարուող զրոյցը։

Տնտեսութեան նախարարը քննադատեց ՏԻՍԻ-ն, ըսելով թէ ան կը փորձէ վարել քաղաքականութիւն մը, ի թերեւ հանելով կառավարութեան կողմէ կատարուող գործը, միեւնոյն ժամանակ վնաս կը հասցնելով նաեւ իսկական տնտեսութեան։

«« վերադարձ ««
Powered by Webnaz Pagemaker