Share
Դեկտեմբեր 20, 2009 Տպագրում

Փափատոբուլոսի դամբանի պղծումի գծով քննութիւնները կը շարունակուին

Փափատոբուլոսի դամբանի պղծումի գծով քննութիւնները կը շարունակուին

Ոստիկանութեան մամլոյ ներկայացուցիչ Միխալիս Կացունոտոս յայտարարեց, թէ հանրապետութեան նախկին նախագահ Տասոս Փափատոբուլոսի դամբանի պղծումը եւ դիակին անհետացումը մղած է ոստիկանութեան որ նման լուրջ պատահարներու համար յատուկ գրասենեակ մը հիմնէ։

Նոր գրասենեակը պիտի գործէ ոստիկանութեան Նիկոսիոյ վարչակազմին ներքեւ եւ տարուած աշխատանքներուն օգտակար կը հանդիսանայ նաեւ Բրիտանական խարիսխներուն ոստիկանութիւնը։

Գրասենեակին մէջ տեղադրուած է համակարգչային «Միր» սիստեմը, որու միջոցաւ կ'արժեւորուին ոստիկանութեան հաղորդուող տեղեկութիւնները։

Պարոն Կացունոտոս յայտնեց նաեւ թէ ոստիկանութիւնը օգնութիւն խնդրանքով դիմած է զարգացած երկիրներու, եւ չբացառուիր, որ արտասահմանէն Կիպրոս հրաւիրուին նաեւ մասնագէտ քննիչներ։

Ան ըսաւ նաեւ թէ վերջին շաբթուայ ընթացքին, որոնումներ տեղի ունեցած են հաւանական վայրեր, ուր կրնայ թաղուած ըլլալ Տասոս Փափատոբուլոսի դիակը, սակայն որեւէ բան չէ յայտնաբերուած։

«« վերադարձ ««
Powered by Webnaz Pagemaker