Share
Դեկտեմբեր 29, 2009 Տպագրում

Նախագահ Խրիսթոֆիաս. «Միջանկեալ համաձայնութիւններու ստորագրման մասին շրջագայող տարաձայնութիւնները բացարձակ սուտեր են»

Նախագահ Խրիսթոֆիաս. «Միջանկեալ համաձայնութիւններու ստորագրման մասին շրջագայող տարաձայնութիւնները բացարձակ սուտեր են»

Միջանկեալ կամ արդէն վերջնական համաձայնութիւններու ստորագրման մասին շրջագայող տարաձայնութիւնները բացարձակ սուտեր են յայտարարեց հանրապետութեան նախագահ Տիմիթրիս Խրիսթոֆիաս, աւելցնելով, թէ բանակցութիւններու արագացման նպատակը յաւելեալ գլուխներու շուրջ համախոհութեան ձեռքբերումն է։

Ուսանողական Միութիւններու Համակիպրական Դաշնակցութեան 36-րդ համագումարի բացումը կատարելով, նախագահ Խրիսթոֆիաս ըսաւ, թէ արագացուած բանակցութիւններու օրակարգին վրայ կը գտնուի նաեւ սեփականատիրութեան հարցը։ «Կը ջանանք արագացուած բանակցութիւններու նպատակը իրականացնել, որուն համար անհրաժեշտ է, որ երկու համայնքները հետեւողական ըլլան լուծման համաձայնուած ընդհանուր տարազէն դուրս չգալու», ըսաւ ան։

Վերահաստատելէ ետք, թէ «մենք պիտի շարունակենք հետեւողական կերպով առաջարկներ ներկայացնել երկ-համայնքային, երկ-շրջանային, դաշնակցային լուծումի մը համար» նախագահ Խրիսթոֆիաս շարունակեց ըսելով. «Միայն այդ ձեւով կարելի է համախոհութեան հասնիլ յաւելեալ ոլորտներու նկատմամբ եւ հարցի լուծման համար յաջողութեան հասնելու ճամբայ բանալ»։

«« վերադարձ ««
Powered by Webnaz Pagemaker