Share
Դեկտեմբեր 20, 2009 Տպագրում

Նախագահ Խրիսթոֆիաս ելոյթ կ'ունենայ Քոփընհակընի ժողովին մէջ

Նախագահ Խրիսթոֆիաս ելոյթ կունենայ Քոփընհակընի ժողովին մէջ

Կլիմայական փոփոխութիւններու դիմագրաւման համար ուշացած գործողութիւնները պարզ այլընտրանք մը չեն, յայտարարեց հան-րապետութեան նախագահ Տիմիթրիս Խտիսթոֆիաս շեշտելով, թէ մոլորակի ապագան «մեր ձեռքերուն մէջ կը գտնուի»։

Կլիմայական փոփոխութիւններու Քոփընհակընի Ժողովի ընթաց-քին խօսք առնելով, նախագահ Խրիսթոֆիաս ըսաւ, թէ բոլոր եր-կիրները պէտք է անմիջապէս գործի անցնին եւ այս գործունէու-թիւնը Քոփընհակընի մէջ պէտք է իրաւականօրէն պարտադիր համաձայնագիրի մը վերածուի։

Նախագահը ընդգծեց նաեւ, թէ Կիպրոս արդէն կը զգայ կլիմայա-կան փոփոխութիւններու առաջին լուրջ հետեւանքները. «Երկարա-տեւ երաշտներու, բարձր ջերմաստիճաններու, անտառներու եւ հազուագիւտ ջրային համալիրներու չորացման վկաները հանդի-սացանք», ըսաւ ան։

Նախագահ Խրիսթոֆիաս աւելցուց նաեւ, թէ հակառակ անոր, որ Թուրքիոյ կողմէ Կիպրոսի մէկ մասին գրաւման տակ գտնուիլը լուրջ արգելք կը հանդիսանայ կառավարութեան կենսոլորտային քաղա-քականութեան իրականացման, «Միջազգային համայնքի եւ Եւրո-պական Միութեան բոլոր առաջադրանքներն ու պարտաւորութիւն-ները կը գործադրենք եւ մեր գործօն մասնակցութիւնը կը բերենք մոլորակի կլիման եւ մեր ժողովուրդին ապագան պաշտպանելու համար», ըսաւ ան։

«« վերադարձ ««
Powered by Webnaz Pagemaker