Share
Դեկտեմբեր 24, 2009 Տպագրում

ՏԻՔՕ-ի՝ կառավարութեան մէջ մնալը կամ անկէ հեռանալը պիտի քննարկուի կուսակցութեան հաւաքական օրկաններուն մէջ

ՏԻՔՕ-ի՝ կառավարութեան մէջ մնալը կամ անկէ հեռանալը պիտի քննարկուի կուսակցութեան հաւաքական օրկաններուն մէջ

ՏԻՔՕ-ի նախագահ Մարիոս կարոյեան յայտարարեց, թէ կուսակցութիւնը նախագահ Խրիսթոֆիասէն կ'ակնկալէ առաջարկներ՝ թէ ինչ ձեւերով կարելի է բարելաւել ու աւելի արդիւնաւոր դարձնել կառավարամէտ կուսակցութիւններուն հետ գործակցութիւնը։

Պրն. Կարոյեան աւելցուց, թէ ոչ միայն պէտք է գործակցութեան եւ համադրումի աւելի լաւ ձեւեր գտնուին, այլեւ ազգային ու ներքին հարցերուն նկատմամբ քաղաքականութեան միատեղ ձեւաւորման մեքանիզմ մը գտնուի։ Երբ նախապատրաստութիւն եւ համադրում կը կատարուի հրապարակային բախումներուն ու անհամաձայնութիւններուն առաջքը կ'առնուի։

Պրն. Կարոյեան նշեց նաեւ, որ ՏԻՔՕ-ի կառավարութեան մէջ մնալը կամ անկէ հեռանալը պիտի քննարկուի կուսակցութեան հաւաքական օրկաններուն մէջ, ուր գնահատում պիտի կատարուի եւ համախոհութեամբ որոշումներ պիտի առնուին։

«« վերադարձ ««
Powered by Webnaz Pagemaker