Թալաթի համաձայն, իւրաքանչիւր կողմ դաշնակացային կառավարման իր պատկերացումը ունի
Կիպրաթուրք ղեկավար Մեհմէտ Ալի Թալաթ յայտարարեց, թէ իւրաքանչիւր կողմ դաշնակացային կառավարման իր պատկերացումը ունի, ի մասնաւորի կեդրոնական կառավարութեան լիազօրութիւններուն վերաբերեալ։
Պրն. Թալաթ ըսաւ, թէ կիպրաթրքական կողմի փափաքը սահմանափակ լիազօրութիւններով կեդրոնական կառավարութիւն մը ունենալ է, բաղկացուցիչ պետութիւններուն տալով աւելի լայն լիազօրութիւններ հիմնական ոլորտներու մէջ, ներառեալ՝ տնտեսութիւնը։
Ընդհակառակը, շարունակեց ան, կիպրայունական կողմը կը փափաքի զօրաւոր կեդրոնական կառավարութիւն մը, սահմանափակելով բաղկացուցիչ պետութիւններու լիազօրութիւնները։
Մինչայդ, Մեհմէտ Ալի Թալաթի ներկայացուցիչը՝ Հասան Էրչաքըճա յայտարարեց, թէ կիպրաթրքական կողմը կը ծրագրէ խորհրդակցութիւններ ունենալ Անքարայի մէջ նախ քան արագացուած բանակցութիւններու սկիզբը՝ 11 Յունուարին։




