Share
Յունուար 20, 2010 Տպագրում

Ընդհանուր Դատախազ Պետրոս Քլիրիտիս չափազանց կարեւոր նկատեց Բրիտանական Գերագոյն Դատարանի վճիռը

Ընդհանուր Դատախազ Պետրոս Քլիրիտիս չափազանց կարեւոր նկատեց Բրիտանական Գերագոյն Դատարանի վճիռը

Ընդհանուր Դատախազ Պետրոս Քլիրիտիս չափազանց կարեւոր նկատեց Բրիտանական Գերագոյն Դատարանի վճիռը, նամանաւանդ հիմնաւորումը։ Այս վճիռով միանգամ ընդ միշտ վերջ կը տրուի կիպրայոյն սեփականութեան բռնագրաւումին, մինչ Եւրոպայի քաղաքացիները յետ այսու մի քանի անգամ պէտք է մտածեն, նախ քան գրաւեալ շրջանին մէջ տուներ գնեն, ըսաւ ան։

Կիպրոսի Ռատիոկայանի լուրերու բաժինէն ելոյթ ունենալով, Պր. Քլիրիտիս նշեց, թէ առաջին անգամ ըլլալով դատական վճիռի մը մէջ կը յիշուի թրքական ներխուժումը եւ կը շեշտուին Բրիտանիոյ պարտաւորութիւնները՝ Կիպրոսի Հանրապետութեան անկախութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը պաշտպանելու կապակցութեամբ։

Միւս կողմէ, Անքարա մտահոգիչ որակեց բրիտանական դատարանին որոշումը ու գնահատեց, թէ այսպիսով կրնան վտանգուիլ նաեւ կիպրական հարցին լուծում մը գտնելու նպատակով առաջ մղուող բանակցութիւնները։

Իսկ կիպրաթուրք ղեկավար Մեհմէտ Ալի Թալաթի ներկայացուցիչ Հասան Էրչաքըճա յայտարարեց, թէ սեփականութեան հարցը կարելի է լուծել միայն կիպրական հարցի համապարփակ լուծումի մը ծիրէն ներս եւ ոչ՝ անհատական պարագաներու դատական վճիռներով։

«« վերադարձ ««
Powered by Webnaz Pagemaker