ARMENIAN ENGLISH
A- A A+

ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

Ապրիլ 2012

Ապրիլ 2012

Դեկտեմբեր 01, 2010 Տպագրում

Պան Քի Մուն Կ'առաջարկէ Վեց Ամիս Եւս Երկարաձգել ՈՒՆՖԻԿԻՊ-ի ներկայութիւնը

Պան Քի Մուն Կառաջարկէ Վեց Ամիս Եւս Երկարաձգել ՈՒՆՖԻԿԻՊ-ի ներկայութիւնը

Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Ընդհանուր Քարտուղար Պան Քի Մուն կը հաւատայ, թէ ՈՒՆՖԻԿԻՊ-ի խաղաղարար ուժերը կարեւոր դերակատարութիւն ունին Կիպրոսի մէջ, մասնաւորաբար բանակցութիւններուն զգայուն

ոլորտին կապակցութեամբ եւ կ'առաջարկէ վեց ամիս եւս երկարաձգել անոր գործունէութեան ժամանակաշրջանը, մինչեւ 2011-ի Յունիսը։

Իր պատրաստած տեղեկագրին մէջ, որ երէկ իրիկուն յանձնուեցաւ Ապահովութեան Խորհուրդի անդամ պետութիւններու ներկայացուցիչներուն, Ընդհանուր Քարտուղարը անհրաժեշտ կը նկատէ նաեւ երկու համայնքներուն միջեւ զարգացնել տնտեսական, ընկերային, մշակութային եւ այլ շփումներն ու կապերը, որոնք դրական ազդե-ցութիւն կրնան գործել ընթացող բանակցութիւներուն վրայ։

Ընդհանուր Քարտուղարի Յատուկ Խորհրդական Ալեքսանդր Տաունըր Ապահովութեան Խորհուրդի անդամներուն ներկայացնելով Պան Քի Մունի տեղեկագիրը շեշտեց, թէ յետ այսու յաւելեալ վճռականութիւն պէտք է, որպէսզի կարելի ըլլայ բանակցութիւններուն ուժականութիւնը բարձրացնել հակառակ անոր, որ երկու կողմերը որոշ ջանքեր կը գործադրեն։

Պրն. Տաունըր ըսաւ, թէ Միացեալ Աղգերը կ'ակնկալեն, որ Ժընեւի մէջ 25 կամ 26 Յունուարին երկու ղեկավարներուն՝ Ընդհանուր Քարտուղարին հետ հանդիպումին դրական արդիւնքներ արձանագրուին։ Ան պարզեց, թէ խիստ պայմանաժամներ գոյութեան չունենալով հանդերձ կարեւոր է, որ գործընթացը պահէ իր ուժականութիւնը. բան մը, որ նուազած էր վերջին մի քանի ամիսներուն։

«« վերադարձ ««