Պան Քի Մունի Կիպրոս այցելութեան յայտագիրը ճշդուած
Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Ընդհանուր Քարտուղար Պան Քի Մուն Կիպրոս պիտի ժամանէ վաղը՝ կիրակի իրիկուն եւ երկուշաբթի օր առանձին հանդիպումներ, իսկ կէսօրէ ետք միասին հանդիպում պիտի ունենայ երկու համայնքներու ղեկավարներուն հետ։
Այցելութեան յայտագրին համաձայն Պրն. Քի Մուն Լառնաքայի օդակայանին մէջ յայտարարութիւններ պիտի ընէ իր ժամանումէն անմիջապէս ետք եւ լրագրողներու հարցումներուն պիտի պատասխանէ։
Երկուշաբթի առաւօտ ան հանդիպում պիտի ունենայ ՈւՆՖԻԿԻՊ-ի անձնակազմին հետ եւ ապա բաժանման գիծ պիտի այցելէ։ Պիտի յաջորդեն կիպրաթուրք ղեկավար Մեհմէտ Ալի Թալաթի եւ նախա-գահ Տիմիթրիս Խրիսթոֆիասի հետ առանձին հանդիպումները։
Նոյն օրը կէսօրէ ետք ժամը 14։30-ին, Ընդհանուր Քարտուղարը համատեղ հանդիպում պիտի ունենայ երկու ղեկավարներուն հետ, որմէ ետք տեղի պիտի ունենայ մամլոյ ասուլիս։
Երկուշաբթի երեկոյ Պրն. Քի Մուն ներկայ պիտի գտնուի Լիտրա Փալաս պանդոկին մէջ ընդունելութեան մը, որուն ներկայ պիտի ըլլան կղզիի դիւանագիտական ու քաղաքացիական հասարակու-թեան ներկայացուցիչները։
«« վերադարձ ««



