Share
Յունուար 20, 2010 Տպագրում

Բրիտանական Գերագոյն Դատարանը կ'արդարացնէ կիպրայոյն գաղթականին դիմումը

Բրիտանական Գերագոյն Դատարանը կարդարացնէ կիպրայոյն գաղթականին դիմումը

Բրիտանիոյ բարձրագոյն դատարանի որոշումէն ետք, գրաւեալ Լափիթոսի մէջ Մելետիս Ափոսթոլիտիսին պատկանող հողատարածքին վրայ կառուցուած Օրամզ զոյգի բնակարանը պիտի քանդուի։

Բրիտանացի զոյգը ընկճուած է իր դէմ տրուած վճիռէն, որ ամբողջութեամբ կ'արդարացնէ կիպրայոյն գաղթականին դիմումը։ Տկն. Օրամզ յայտնած է, թէ հիմա այլեւս բրիտանական դատարանի որոշումին ենթակայ են եւ տան քանդումին համար անհրաժեշտ քայլերուն պէտք է դիմեն։

Անգլիատառ «Սայփրըս Մէյլ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցին մէջ, Տկն. Օրամզ նշած է, թէ այս որոշումը պիտի ազդէ նաեւ հարիւրաւոր այլ անգլիացիներու, որոնք հիւսիսային շրջանին մէջ նախապէս յունապատկան հողատարածքներու վրայ ամառնային արձակուրդի բնակարաններ կառուցած են։

Իր կողմէ Մելետիս Ափոսթոլիտիս յայտարարեց, թէ երկար տարիներու դատական պայքարներէ ետք Եւրոպական Միութեան սկզբունքներուն ու արժէքներուն համապատասխան՝ շատ կարեւոր յաղթանակ մը տարուեցաւ մարդկային իրաւունքներու եւ յատկապէս կիպրացիներու իրաւունքներուն նկատմամբ, որոնք այլեւս կը ճանչցուին համայն Եւրոպային կողմէ։

«« վերադարձ ««
Powered by Webnaz Pagemaker