Add to Google
Օգոստոս 2010
Share
Յունուար 27, 2010 Տպագրում

Տիմիթրիս Խրիսթոֆիաս եւ Մեհմէտ Ալի Թալաթ կը շարունակեն բանակցութիւնները

Տիմիթրիս Խրիսթոֆիաս եւ Մեհմէտ Ալի Թալաթ կը շարունակեն բանակցութիւնները

Նախագահ Տիմիթրիս Խրիսթոֆիաս եւ Մեհմէտ Ալի Թալաթ այսօր արագացուած բանակցութիւններու երկրորդ եռօրեայի վերջին հանդիպումը կ'ունենան, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Յատուկ Ներկայացուցիչ Թայէ Պրուք Զերիհունի բնակարանին մէջ։

Երկու ղեկավարներու երեկուայ հանդիպումը տեւեց գրեթէ ութ ժամ եւ մեծ մասամբ ընթացաւ երկու ղեկավարներու առանձին երկխօսութեան ձեւաչափով։ Հանդիպումի աւարտին նախագահական պալատ վերդառնալով, նախագահ Խրիսթոֆիաս յայտարարեց, թէ նպատակը բանակցութիւնները դադրեցնել չէ, այլ՝ զանոնք յաջողցնելը, որպէսզի հասնինք կիպրական հարցի լուծումին։ Ան յոյս յայտնեց, որ այս նպատակը հասկնալի ըլլայ նաեւ ներքին ճակատին վրայ։

Նախագահ Խրիսթոֆիաս շարունակեց ըսելով, որ բանակցութիւններու ծիրէն ներս երկու կողմերն ալ անկեղծօրէն կը ճգնին կարելի եղածին չափ շատ հարցերու մէջ համախոհութիւն գոյացնելու համար։ «Այդպիսի նպատակ դիւրին չէ իրագործելը, ոչ ալ՝ անյոյս», նշեց ան։

ԿԻպրաթուրք ղեկավար Մեհմէտ Ալի Թալաթ հանդիպումէն ետք յայտարարեց, թէ Օրամզի հարցին նկատմամբ բրիտանական դատարանին որոշումը կրնայ լուրջ հակադրութիւն ստեղծել երկու կողմերուն միջեւ։ Ան ըսաւ, թէ կիպրական հարցի բոլոր ոլորտները, ներառեալ սեփականատիրութիւնը, բանակցութիւններու միջոցով պիտի լուծուին եւ կարելի չէ որեւէ հարց լուծել օգտուելով օրէնքի գծած ուղիէն։

Պրն. Թալաթ յայտնեց նաեւ, թէ թրքական կողմը կը փափաքի արագացուած բանակցութիւններու երրորդ փուլ մըն ալ ունենալ, ինչին նկատմամբ հաւանաբար որոշումի մը յանգին Ընդհանուր Քարտուղարի այցելութեան ընթացքին։

«« վերադարձ ««
Powered by Webnaz Pagemaker