Նախագահ Տիմիթրիս Խրիսթոֆիաս Ելոյթ կ'ունենայ Համայնավար ԱՔԷԼ Կուսակցութեան 21-րդ Համակիպրական Խորհրդաժողովին։

Նախագահ Խրիստոֆիաս յայտնեց թէ յոյն կիպրական կողմը յօժարեցաւ ընդունիլ որ տենդագին աշխատանք տարուի մինչեւ Ժընեւի հանդիպումը, Միացեալ Ազգերու որոշումներու եւ Միջազգային Իրաւունքներու շրջագիծէն ներս, Կիպրական հարցի շուրջ աւելի լայն համախոհութիւն մը արձանագրելու համար։
Սակայն, նշեց ան, այս նպատակին հասնիլը, կախեալ է նաեւ միւս կողմի կեցուածքէն, որ կը յուսանք թէ փոփոխութեան պիտի ենթարկուի եւ ան պիտի գործակցի կառուցողական ոճով։
Երէկ երեկոյեան ելոյթ ունենալով ԱՔԷԼի 21-րդ համակիպրական ընդհանուր ժողովին, հանրապետութեան նախագահը ըսաւ թէ Նիւ Եորքի հանդիպումին ինք պաշտպանեց յոյն կիպրական կողմի դիրքերը, մատնանշելով թէ անոնք կը գտնուին Միացեալ Ազգերու Ապահովութեան Խորհուրդի որոշումներու բնորոշած շրջագիծէն ներս։
Անդրադառնալով Կիպրոսի տնտեսութեան վիճակին, նախագահ Խրիստոֆիաս յայտնեց թէ պատեհ տնօրինումներու հետեւանքով ան կրցած է դուրս գալ ճգնաժամէն եւ արդէն կ'արձանագրէ զարգացումի դրական աճ, որ 2011-ի ընթացքին կը սպասուի թէ պիտի հասնի շուրջ 1.5% -ի։
Ան աւելցուց, թէ տնտեսութեան զօրավիգ կանգնող՝ 500 միլիոն եւրոյի հասնող 2 փաթեթներով, կառավարութիւնը փորձեց եւ կրցաւ տնտեսական զարգացումի յենարանը դառնալ։
Հանրապետութեան նախագահը յայտնեց նաեւ թէ կառավարութիւնը համախոհական կառավարութեան անդամ կուսակցութիւններուն հետ կը պատրաստէ տնտեսական քայլերու նոր փաթեթ մը եւ յոյս արտայայտեց որ ան կը վաւերացուի խորհրդարանին կողմէ։


