«ՅՈՅՆ ԿԻՊՐԱԿԱՆ ԿՈՂՄԻՆ ՓԱՓԱՔՆԵՐՈՒՆ ՀԻՄԱՄԲ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹԻ ՄԸ ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ՉՈՒՆԻՆՔ». Կ՛ԸՍԷ ՉԻՉԵՔ
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ պետական նախարար եւ փոխվարչապետ Ճեմիլ Չիչեք յայտնած է, որ Թուրքիա յոյն կիպրական կողմին փափաքներուն հիմամբ բանակցութեան հոլովոյթի մը համար համբերութիւն չունի։
Հիւսիսային Կիպրոսի Կիրնէ նահանգին մօտ Չաթալքէօյ շրջանին մէջ թրքական ընկերութեան մը կողմէ կառուցուող պանդոկի մը հիմնարկէքի արարողութեան ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ ան ըսած է, որ «կը յուսամ, որ Կիպրոսի հարցը եւս լուծուի յառաջիկայ երեսուն ամիսներուն ընթացքին, երբ այս պանդոկի ծրագիրը ամբողջանայ»։
Չիչեք նշած է, որ Թուրքիա կղզիի հարցին լուծում մը գտնելու համար ջանքեր գործադրած է, սակայն «ի գին ամէն ինչի լուծում գտնելու» փափաք չունի։
«Թուրքիա երբեք չէ ուզած եւ պիտի չուզէ լուծում մը, որ շրջադարձ պիտի պատճառէ», ըսած է Թուրքիոյ փոխվարչապետը։
Կիպրոսի մէջ երկու ազգերու եւ երկու պետութեանց գոյութեան ակնարկելով՝ Չիչեք նաեւ նշած է, որ «ասոնք մեզի համար անհրաժեշտ տարրեր են։ Եթէ խաղաղութիւն պիտի ապահովուի, պէտք է այս ազդակներուն վրայ հիմնուած ըլլայ եւ մինչեւ այս տարւոյն վերջը ըլլայ։ Յոյն կիպրական կողմին փափաքներուն հիմամբ բանակցային հոլովոյթի մը համբերութիւն չունինք»։
Կիպրոսի նախագահ Տիմիթրիս Խրիսթոֆիաս վերջերս բացայայտեց, որ Կիպրոսի վերամիացման համար թուրք կիպրացիներուն ներկայացուցած է երեք կէտերէ բաղկացած իր առաջարկը։
Ան առաջարկած է կալուածներու, տարածքներու եւ Թուրքիայէն եկած թուրք կիպրացիներուն հարցը մէկ գլուխի տակ արծարծել։ Ան պահանջած է Մարասի փակ շրջանը յանձնել յոյն կիպրացիներուն, ինչպէս նաեւ Կազմակուսա նաւահանգիստը Եւրոպական Միութեան վերահսկողութեան տակ բանալ միջազգային առեւտուրին դիմաց։ Կիպրոսի նախագահը նաեւ երաշխիքներու, ապահովութեան եւ օտար ուժերու գոյութեան վերաբերեալ ՄԱԿ-ի կողմէ միջազգային խորհրդաժողովի մը կազմակերպումը առաջարկած է։
«« վերադարձ ««



