ARMENIAN ENGLISH
A- A A+

ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

Ապրիլ 2012

Ապրիլ 2012

Հոկտեմբեր 06, 2010 Տպագրում

ՔՈՆԿՐԵՍԻ ԿՈՉԸ ԹՈՒՐՔԵՐՈՒՆ. «ՄԻ՛ ՈՉՆՉԱՑՆԷՔ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՍՐԲԱՎԱՅՐԵՐՆ ՈՒ ԱՐԺԷՔՆԵՐԸ»

ՔՈՆԿՐԵՍԻ ԿՈՉԸ ԹՈՒՐՔԵՐՈՒՆ. «ՄԻ՛ ՈՉՆՉԱՑՆԷՔ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՍՐԲԱՎԱՅՐԵՐՆ ՈՒ ԱՐԺԷՔՆԵՐԸ»

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը ընդունած է յատուկ բանաձեւ մը, որ թուրքերուն կոչ կ'ուղղէ Կիպրոսի հիւսիսային հատուածին մէջ չոչնչացնելու յոյներուն պատկանող սրբավայրերն ու պատմամշակութային արժէքները։

«Յարգանք ցուցաբերել թրքական բռնագրաւման տակ գտնուող կղզիի հիւսիսային հատուածի կրօնական արժէքներուն եւ կրօնական ազատութիւններուն նկատմամբ» խորագիրով թիւ 1631 բանաձեւին մէջ, որուն հեղինակներն են Ներկայացուցիչներու տան յոյն քոնկրեսական Կուս Պիլիրաքիսն ու Քերոլայն Մալոնէյը, կ'ըսուի հետեւեալը.

«Անյապաղ կեանքի կոչել Կիպրոսի հետ կապուած ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի եւ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի որոշումները, անմիջապէս դադրեցնել աւերիչ գործունէութիւնը կղզիի հիւսիսը գտնուող յունական սրբավայրերուն մէջ, սրբապատկերներու եւ բացառիկ մշակութային արժէքներու առեւտուրը, ջանքեր գործադրել բոլոր անհետացած արժէքները գտնելու եւ վերականգնելու ուղղութեամբ, կարելիութիւն ստեղծել աւերուած սրբավայրերու պահպանման կամ վերականգնման համար, վերջ տալ յոյներու կրօնական ազատութիւններուն դէմ ոտնձգութիւններուն»։

Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան կողմէ որդեգրուած բանաձեւին մէջ կը նշուի նաեւ, որ հիւսիսային Կիպրոսի մէջ 80 եկեղեցի վերածուած է մզկիթի, 28 եկեղեցի թրքական բանակը վերածած է պահեստներու եւ զօրանոցներու, եւ միայն 6 եկեղեցի վերածուած է թանգարանի։

Թիւ 1631 բանաձեւը նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ արտաքին գործոց նախարարին կոչ կ'ուղղէ քայլեր առնելու բանաձեւին մէջ նշուած կէտերուն իրականացման համար։

Թրքական լրատուամիջոցները Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան կողմէ որդեգրուած բանաձեւը որակած են «ցնցիչ» եւ «հակաթրքական»։

Բանաձեւին կ'աջակցին նաեւ հայամէտ քոնկրեսականներ Էտըմ Շիֆ եւ Նենսի Փելոսի։

«« վերադարձ ««