Յունուար 28, 2010
Կիպրոսի դեսպանը Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեց
Երեքշաբթի, 26 յունուար 2010-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպան Քիրիաքոս Քուրոսը։ Դեսպանին եւ վեհափառին միջեւ խօսակցութիւնները կեդրոնացան Լիբանանի ընդհանուր կացութեան եւ Հայաստան - Թուրքիա արձանագրութիւններուն վրայ։
Հանդիպման երկրորդ բաժինով դեսպանը տեղեակ պահեց վեհափառը Կիպրոսի յունական եւ թրքական կողմերուն միջեւ կատարուած բանակցութիւններուն մասին։




