Տաւութօպղլու եւ Տրուցաս Լոնտոնի մէջ կառուցողական հանդիպում մը ունեցած են
Լոնտոնի մէջ թուրք արտգործ նախարար Ահմէտ Տաւութօղլուի հետ աշխատանքային ընթրիքէ մը ետք, Յունաստանի արտգործ փոխ նախարար Տիմիթրիս Տրուցաս յայտարարեց, թէ քննարկած են երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու զարգացումը, երկու վարչապետներու փոխանակած նամակներու լոյսին տակ։
«Թանկագին փորձառութիւն ձեռք բերուած է 1999-2004 տարիներու գործակցութենէն։ Նոյն ոգին կ'առաջնորդէ մեզ նաեւ այսօր», ըսաւ ան գոհունակութիւն յայտնելով Անքարա այցելելու իր պաշտօնակ-ցին հրաւէրին համար, «որ պիտի իրագործուի շուտով»։
Պրն. Տաւութօղլու շատ կառուցողական որակեց խօսակցութիւն-ները, որոնք ընթացած են երկու վարչապետներու նամակներուն՝ բարեկամութեան եւ գործակցութեան նոր հորիզոններ բանալու ոգիով։
«Միեւնոյն պատմութիւնն ու ճակատագիրը ունինք», ըսած է Պրն. Տաւութօղլու աւելցնելով, թէ ընթրիքը առիթ ընծայած է իրար աւելի մօտէն ճանչնալու, բան մը, որ նպաստաւոր է բարի դրացիութեան համար։
Պրն. Էրտողան Աթէնք պիտի այցելէ այս ամառ։




