Դեկտեմբեր 15, 2010

«« վերադարձ ««
ԵՄ-Թուրքիա Բանակցութիւնները Ջրբաժան Գծի Վրայ

Թուրքիոյ անդամակցութեան բանակցութիւնները հասած են «աւելի պահանջկոտ հանգրուան» մը եւ անոնց արագացումը ամբողջովին կախեալ է ստանձնած պարտաւորութիւնները կատարելու Թուրքիոյ պատրաստակամութենէն։
Վերոյիշեալ նշումը տեղ գտած է Եւրոպական Միութեան նախարար-ներու խորհուրդի եզրակացութիւններուն մէջ, Միութեան ընդարձակման եւ թեկնածու պետութիւններու վերաբերեալ տեղեկագրին մէջ։
Թուրքիոյ հետ բանակցութիւնները ջրբաժան գիծի հասած ըլլալը կը բաստէ նաեւ այն իրականութիւնը, որ 4 տարի ետք առաջին անգամ ըլլալով խորհրդակցութիւններ տեղի պիտի չունենան նոր գլուխներու բացման համար։


