Share
Մայիս 15, 2010 Տպագրում

Վարչապետ Էրտողան Պաշտօնական Այցով Աթէնք Կը Ժամանէ

Վարչապետ Էրտողան Պաշտօնական Այցով Աթէնք Կը Ժամանէ

Պատմական ու վճռորոշ համարուող պաշտօնական այցելութեամբ այսօր Աթէնք ժամանեց Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, 10 նախարարներու եւ 100 գործարարներու ընկերակցութեամբ։

Ժամանումէն ետք վարչապետ Էրտողան ընդունուեցաւ նախագահ Քարոլոս Փափուլիասի կողմէ, որմէ ետք ան սկսաւ հանդիպումնե-րու շարքը վարչապետ Եորղոս Փափանտրէուի, խորհրդարանի նախագահ Ֆիլիփփոս Փեցալնիկոսի եւ ընդդիմադիր Նոր Ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան նախագահ Անտոնիս Սամարասի հետ։

Յունաստանի վարչապետ Եորղոս Փափանտրէուի հրաւէրով իրականացուող երկօրեայ այցելութեան ընթացքին հիմնուելիք «Յունաստան-Թուրքիա Գործակցութեան Գերագոյն Խորհուրդ»ի կազմութեամբ, հիմը պիտի դրուի համագործակցութեան նոր ձեւաչափին։ Խորհուրդին համանախագահները պիտի ըլլան վարչապետ-ներ Փափանտրէու եւ Էրտողան։

Բանակցութիւններու օրակարգին վրայ կը գտնուին կիպրական հարցը, Եգէականի ահազանգային վիճակը, երկկողմ յարաբերութիւնները, Թուրքիոյ Եւրոպայի անդամակցութիւնը, ռազմական միջոցներու համատեղ կրճատումը եւ տնտեսական հարցեր։

«« վերադարձ ««
Powered by Webnaz Pagemaker